ՀՅԴ ՄամուլՍփիւռք

Դէպի ապագան նայող տեսլականով

Մօտ երկու ամիս առաջ, մեր ընթերցողներուն ներկայացուցինք «Ազատ օր»-ի հրատարակութեան տարբեր ձեւը, որուն համաձայն, թերթը առանց ընդհատելու իր օրական ներկայութիւնը գաղութէն ներս, պիտի ունենայ ամենօրեայ էլեկտրոնային հրատարակութիւն միայն, իսկ ուրբաթ օրւան թիւը պիտի ըլլայ նաեւ տպագիր, աւելի ճոխ էջերով եւ նիւթերով։ Միաժամանակ, կը յայտնէինք, թէ թերթիս պաշտօնէութիւնը ու անոր պատասխանատու մարմինները արդէն ընթացքի մէջ դրած էին հրատարակութեան նոր ձեւաչափի մը կազմութիւնը, որ քայլ պիտի պահէ մամուլի աւելի արդի ըմբռնումներուն հետ։

Ահա այսօր, «Նոր օր» օրաթերթի 100-ամեակին եւ անոր շարունակութիւնը հանդիսացող «Ազատ օր»-ի հրատարակութեան 80-ամեակին առիթով, մեր ընթերցողները իրենց ձեռքին մէջ կը բռնեն 12 էջերէ բաղկացած նոր թիւ մը, բոլորովին տարբեր էջադրումով, նոր տառատեսակներով եւ նոր կազմութեամբ։ Միաժամանակ, անոր մէջ լոյս կը տեսնեն ճոխ նիւթեր, որոնք կը գոհացնեն մեր ընթերցողներու տարբեր ճաշակները։ Այսպէս, թերթը այսուհետեւ պիտի հրատարակւի իր նոր ձեւաչափի սահմաններուն մէջ, օրական էլեկտրոնային 4 էջով, իսկ ուրբաթ օրւան թիւը տպագիր եւ էլեկտրոնային՝ 12 էջով:

Ժամանակի պահանջ էր կատարւած փոփոխութիւնը։ Յաճախ անդրադարձած ենք մամուլի դիմագրաւած տագնապին, էլեկտրոնային միջոցներու տիրական ներկայութեան, հայ թերթի նահանջին ու նոր սերունդին կողմէ դասական մամուլի ընթերցասիրութեան պակասին։ Սակայն, որքան ալ ձեռքի հեռաձայններու կամ այլ էլեկտրոնային սարքերու պաստառները հրապուրիչ դառնան իրենց գունագեղ նկարներով ու բազմատեսակ ճոխութեամբ, կարելի չէ անոնք համեմատել ու նոյն նժարին վրայ զետեղել տպագիր մամուլի արժէքներուն հետ։ Թերթը կը շարունակէ հանդիսանալ իրական լուրի ու վերլուծական գաղափարներու ամենէն արժանահաւատ ու փաստացի միջոցը, երբ անդին, համացանցին մէջ, կեղծ լրատւութիւնը ողողած է մարդոց տեսապատկերն ու մտածումներու աշխարհը, հսկայական աւեր գործելով քննական կարողութեան եւ կարծիք ստեղծելու մարդկային յատկանիշերուն։

Դժբախտաբար, հայկական համացանցի ոլորտն ալ ինկած է կեղծիքի աշխարհին մէջ, յաճախ այլանդակւած ու վարկաբեկիչ լուրերու, եղելութիւնները այլափոխելու, աժան վերագրումներու եւ թիւր կարծիք ստեղծելու իրարանցումին մէջ թաւալած ըլլալով։

Միայն արժանահաւատ մամուլը, որուն մէջ նաեւ դասական թերթը, ան որ յստակ պատկանելիութիւն կը ներկայացնէ, ազգի հարազատ ուժերու եւ կազմակերպ կառոյցներու ակունքէն կը սնանի, կրնայ վայելել ժողովրդային ընդունելութիւն եւ յարգանք։

Այս բոլորին լոյսին տակ, յունահայ գաղութի սիրւած օրաթերթը, որ միաժամանակ կը հանդիսանայ եւրոպական տարածքի միակ օրաթերթը, կը շարունակէ իր անխափան հրատարակութեան ուղին, վերանորոգւած բովանդակութեամբ ու տեսքով։ Միշտ երիտասարդ ու կենսունակ մնալու նախանձախնդրութեամբ, մեր թերթը իր 80-ամեայ պատմական երթի սեմին, կը վերանորոգէ իր հաւատարմութիւնը իր թանկագին ընթերցողներուն հանդէպ, հայեացքը սեւեռած ըլլալով ապագայի տեսլականներուն։

Վստահ ենք, որ մեր ընթերցողները, անգամ մը եւս պիտի գրկեն իրենց սիրելի օրաթերթը, ինչպէս միշտ։ Անոնք որեւէ ջանք պիտի չխնայեն մատնանշումներով, թելադրանքներով, գործնական զօրակցութեամբ եւ առօրեայ կապով՝ թերթի բարելաւման ու յարատեւման, անոր առաքելութեան հզօրացման համար յունահայ գաղութէն ներս։

Վաղը երեկոյեան, մեր թերթը պիտի նշէ իր 80-ամեայ երթի փայլուն ճանապարհը, «Զաւարեան» կենտրոնին մէջ կազմակերպւած հրապարակային ելոյթին ընթացքին։

Բոլորս միասնաբար, համախումբ եւ համատեղ կամքով վերանորոգենք մեր հաւատքը յունահայ մամուլի արժանաւորին՝ «Ազատ օր»-ին, միաժամանակ մեր յարգանքի տուրքը տալով «Նոր օր»-ի ու անոր երախտաւորներու վաստակին։

«Ազատ օր»-ը սոսկ լրատւական միջոց մը ըլլալու հանգամանքին մէջ չէ սահմանափակւած երբեք։ Մեր թերթի դերը գաղութէն ներս իր անփոխարինելի նշանակութիւնը ունեցած է հայադրոշմ սերունդներու կազմաւորման, ազգային ու քաղաքական միտքի ձեւաւորման, հայրենի աշխարհը վառ պահելու, մեսրոպեան գիրի լոյսը սփռելու գործին մէջ։

Թանկագին այս ժառանգը եւ ապագայի տեսլականները թող առաջնորդեն մեր թերթի վերանորոգւած ուղին։

«Ազատ օր»-ի խմբագրական

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button