ՀՅԴ Մամուլ

Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր եւ ․․․Ոսկեպար

1965-ի, մինչեւ իսկ 2015-ի բաղդատած՝ այս տարի բոլորովին տարբեր մթնոլորտի մէջ կը յիշատակենք Ցեղասպանութեան նահատակները:

1965-ը իւրայատուկ դարձակէտ մըն էր. բիւրաւոր հայեր հաւաքւեցան՝ նշելու 1,5 միլիոն ազգակիցներու ողջակիզման յիշատակը, չմոռցան յիշել «մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը»: Խորհրդային Միութեան բռնատիրական պայմաններուն մէջ էր որ այդ տարւան Ապրիլ 24-ին, քաջաբար եւ յանդգնութեամբ՝ հայորդիներ հաւաքւեցան եւ Ցեղասպանութեան յիսուներորդ տարելիցին առթիւ, Երեւանի մէջ կազմակերպեցին զանգւածային ցոյցեր։ Մինչեւ այդ օրերը, եւ սկսեալ խորհրդային կարգերու հաստատումէն, Ցեղասպանութեան յիշատակումը դուրս ձգւած էր օրակարգէ, աւելի՛ն, թուրքին հանդէպ կծու խօսք ընդունելի չէր: Ի՜նչ զարմանք, հիմա այդ հին երգապնակը կը հնչէ ՔՊ-ականներու ձայնասփիւռներէն…: Եւ ահա, առաջին անգամ ըլլալով մայր հայրենիքին մէջ, ի հեճուկս խորհրդայիններու կամքին՝ նշւեցաւ Ցեղասպանութեան յիշատակի օրը, որ այլապէս եկաւ նոր խթան մը դառնալու Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն։ Այդ օրերուն էր, որ վաւերացւեցաւ նահատակներուն յուշարձան կանգնեցնելու որոշումը. աշխատանքը շուտով աւարտեցաւ եւ ահաւասիկ մինչեւ օրս Ծիծեռնակաբերդի վիթխարի յուշահամալիրին մէջ կը նշւի յիշատակը նահատակներուն, որոնք սրբադասուեցան հարիւրամեակին:

Հիմա՞. տարբեր է մթնոլորտը։ Քանի մը տարիէ ի վեր, այսինքն՝ «թաւշեայ յեղափոխութենէն» ասդին, Ցեղասպանութեան յիշատակումը ո՛չ միայն տժգունած է, այլ մինչեւ իսկ նոյնինքն ՔՊ-ապետն ու իրեն պէս մտածողներ սկսած են հարցականներ ստեղծել պատմական ոճիրին շուրջ, սկսած են կրկնել թուրքական տեսակէտներ ու մինչեւ իսկ քողարկւած կերպով կասկածի տակ կառնեն Ցեղասպանութեան տարողութիւնը, թոյնի կաթիլներ կը սրսկեն հանրութեան մէջ, թէ՝ այդ դժբախտութիւններուն մէջ հայերն ալ մեղքի բաժին ունին, գրգռած են թուրքերը եւ դեռ աւելին՝ հրապարակ նետւած է հիմա ալ թուրք-ազերին չբարկացնելու վարքագիծ մը: Այս առիթով, չենք նախընտրեր աւելի մտնել ազգադաւ ուրացումի այս վարքագիծին խորերը:

Միշտ ալ հոծ բազմութիւն մը իբրեւ ուխտապահ կայցելէ Ծիծեռնակաբերդ եւ կը խոնարհի անմար կրակին առջեւ։ Մեծ է թիւը նաեւ միւս «յուշահամալիր»-ը այցելողներուն: Հոն, Երեւանի հարաւային մէկ բլուրին վրայ տարւէ տարի ծաւալող այդ «համալիր»-ը խիտ բնակւած է անշունչ բայց ոգեշնչող քաջերով: Կը կոչւի Եռաբլուր: Չափազանցութի՞ւն պիտի ըլլայ, եթէ պահ մը Սիամանթոյի գրիչէն ծորած տող մը գողնալով՝ նշենք, թէ «դիակները դիզւած են մինչեւ կատարը ծառերուն»: Հին ու դառն վիշտեր, որոնք կը շարունակեն յուզել, տխրեցնել եւ յուսալքել հայորդին:

Հասկնալի է։ Այդ օր կը յիշենք ահաւորը, թէժն ու ողբերգականը։ Մեր արցունքներով ու խոր վիշտով անոնց անմահ յիշատակը կոռոգենք։ Ծիծեռնակաբերդի եւ Եռաբլուրի արցունքներուն միջեւ զուգահեռ գծելը աւելորդ է: Տարբեր ժամանակներէ ու տարբեր պայմաններէ ծնած՝ նոյն վիշտ է որ կը համակէ հայը:

Սակայն այս բոլորը թօթափել է պէտք: Ո՛չ թէ մոռնալ կամ ուրանալ, այլ պայքարիլ յանուն արդարութեան, հատուցման եւ հայապահպանման։ Նոյն Սիամանթոն է որ կը պատգամէ. «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար…»:

Կայ ողբերգական այլ ծալք մըն ալ: Անցեալ Ապրիլ 24-ին, արցախահայութիւնը, հակառակ պաշարւած ըլլալուն, իր հողին վրայ նշեց Ցեղասպանութիւնը, հո՛ն զետեղեց ծաղկեպսակ եւ հո՛ն յուզւեցաւ։ Մինչդեռ այսօր, ան ալ կը յուզուի հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալով, իր հողէն հեռու, երբեմն ալ… շատ հեռու։

Ծիծեռնակաբերդէն Եռաբլուր….

Արցախէն ետք, «երթ»-ը կը շարունակուի դէպի Ոսկեպար, որ այսօր կիզակէտն է այլ ողբերգութեան մը։ Հո՛ն, ուր թաւ անտառին կը սպասէ սարքովի դաւ մը: Մինչ Շուշիի ազատագրումը «լեռներու հարսանիք» հռչակւած էր, հիմա ահաւոր մութ ծրագիրներ, հայրենի հողերու յուղարկաւորութի՛ւն կը պատրաստւի ՀՀ իշխանաւորներուն կողմէ՝ բանաստեղծին մէկ ողբին նոր տարբերակը՝ Ոսկե«պար» ստեղծելով։

Այս ընթացքը չի կրնար շարունակւիլ: Ա՛զգը պէտք չէ թոյլ տայ, որ շարունակւի: Մայիսեան զանգերը հիմա՛ պէտք է ղօղանջեն, երբ կը նշենք Ապրիլեան նահատակներու 109-ամեակը, սրբելով արցունքը, ամոքելով յուզմունքն ու շրջելով յուսախաբութիւնը, մանաւանդ, որ այս տարի Պարոյր Սեւակի ծննդեան հարիւրամեակն է։

Նոր Սարդարապատ՝ այս անգամ Ոսկեպարի շուրջ, Ոսկեպարէ՛ն սկսեալ. սրբազան քաջեր, իրենց սերունդները ճանաչելով, խիտ փաղանգներով պիտի միանան արդար մարտին, կռւելու, պայքարելու եւ ներկայ անմիտ ու հողավաճառ ղեկավարութեան, ապազգային տրամաբանութեամբ գործող «ազգընտի՜ր» վարչապետին ըսելու.

Բայց մենք չընկանք,

Մենք միշտ կանք,

Մենք չհանգանք, դեռ կը գանք,

Երբ տան զանգը, ահազանգը,

Որ մեր հոգու պարտքը տանք:

«Հայրենիք»  Բոստոն

Խմբագրական

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button