Դաշնակցական ԲեմՀայաստան - ԱրցախՍփիւռք

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի հաղորդագրութիւնը

27 հոկտեմբերէն 7 նոյեմբերի 2023-ին կայացաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէութեան 74-րդ Շրջանային ժողովը, որ հանգամանօրէն քննարկեց համահայկական ճգնաժամային պայմանները, Հայ Դատի հետապնդման աշխատանքներու դիմագրաւած նոր մարտահրաւէրները, Միջին Արեւելքի թէժ իրավիճակը եւ լիբանանահայութեան դիմագրաւած հասարակական, տնտեսական ու ապահովական մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ ազգային ու համայնքային կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու գործունէութեան վերաբերող հարցերը:

Շրջանային ժողովը ընտրեց Կենտրոնական կոմիտէ, բաղկացած հետեւեալ անդամներէն. Յակոբ Բագրատունի, Ալպեր Պալապանեան, Յակոբ Լատոյեան, Լուիզա Պապոյեան, Վաչէ Նաճարեան, Յարութ Յարութիւնեան, Ճորճ Գրիգորեան, դոկտ. Յակոբ Մելեքեան, Ռեմոն Այւազեան:

Նորընտիր Կենտրոնական կոմիտէն ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Բագրատունին եւ կազմակերպական ներկայացուցիչ` Ալպեր Պալապանեանը:

Շրջանային ժողովին կողմէ ընտրւած Կենտրոնական կոմիտէն, հիմնւելով Շրջանային ժողովի տւած որոշումներուն վրայ, կը հաստատէ, որ.

ա.- Արցախեան պահանջատիրութեան առաջին օրերէն անոր զօրավիգ կանգնած, անոր մղած պայքարի բոլոր հանգրւաններուն ամէն տեսակ ներդրում կատարած լիբանանահայութիւնը, այսօր ստեղծւած նոր կացութեան ի տես, իր ամբողջական զօրակցութիւնը կը յայտնէ Արցախի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներու ապահովման եւ վերադարձի իրաւունքի իրականացման համահայկական աշխատանքներուն:

բ.- Մերժելով Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած զիջողական քաղաքականութիւնն ու պարտւողական ընթացքը, հարկ է զօրակցիլ ազգային ուժերու հայրենանպաստ առաջադրանքներուն, կասեցնելու համար այս գահավէժ ընթացքը:

գ.- ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէն կը հաստատէ, որ լիբանանահայութիւնը կը դիմագրաւէ աննախընթաց ճգնաժամեր` յատկապէս տնտեսական, հասարակական եւ ապահովական մակարդակի վրայ:

Ի տես այս ծանր կացութեան, հարկ է թափ տալ այդ ոլորտներուն մէջ գտնւող կառոյցներու եւ կազմակերպութիւններու աշխատանքներուն ու գործակցութեան: Հարկ է նաեւ ընդգծել ազգային բոլոր կառոյցներու համախմբման ու միասնական գործելաձեւով համայնքին առջեւ ծառացած խնդիրները լուծելու անհրաժեշտութիւնը: Այս ծիրին մէջ կը վերահաստատենք լիբանանահայութեան միասնականութիւնը եւ անվտանգութիւնը պահպանելու մեր յանձնառութիւնը:

դ.- Համալիբանանեան տագնապներն ու մտահոգութիւնները, սկսեալ երկրի հարաւային սահմաններուն վրայ թշնամիի յարձակումներէն մինչեւ պետական կառոյցներու աննախադէպ թուլացումն ու դատարկութիւնները, հրատապ կը դարձնեն լիբանանեան դաշտի բաղկացուցիչ քաղաքական ուժերուն միջեւ երկխօսութեամբ ու փոխադարձ հասկացողութեան ոգիով ընդհանուր լուծումներու բիւրեղացումը: Այդպիսով միայն կարելի կը դառնայ պետական կառոյցներու եւ պաշտօններու վերականգնումն ու ֆինանսա-տնտեսական եւ հասարակական ճգնաժամերու, ինչպէս նաեւ արտաքին սպառնալիքներու դիմագրաւումը:

ե.- Վերոյիշեալ մարտահրաւէրներն ու դժւարութիւնները դիմագրաւելու եւ յաղթահարելու գրաւականը կազմակերպական կուռ կառոյցի արդիւնաւէտ աշխատանքն է. աշխատանք մը, որուն վերանորոգ թափով լծւելու յանձնառութիւնը ունինք բոլորս թէ՛ հաւաքաբար, թէ՛ անհատապէս:

զ.- Անյետաձգելի առաջնահերթութիւն է արթուն, յանձնառու եւ քաղաքականացած երիտասարդութեան պատրաստութիւնը: Ազգային եւ լիբանանեան ներկայ բազմաթիւ մարտահրաւէրներուն դիմաց երիտասարդութեան ներդրումը հրամայական է:

Համոզւած ենք, որ միասնական եւ համախումբ գործելաոճը հիմնովին պիտի նպաստէ ծանրագոյն պայմաններու մէջ յայտնւած մեր ժողովուրդին առջեւ ծառացած խնդիրներու լուծման առաջադրանքներուն:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

«Arfd.am»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button