Հայ Դատ

Դերենիկին Երկիրը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

 

«Ես իմ երկրիս մէջ կուզեմ ապրիլ»:

Ապրիլ 2024, Երեւան:

Դերենիկը ծնած է Ապարան: Ան այժմ կաշխատի իբրեւ վարորդ եւ իր գործը կընէ ամենայն գոհունակութեամբ: Ան ուրախ եւ հաղորդական անձ մըն է, որ կը սիրէ խօսիլ եւ պատմել: Ան կուզէ խօսիլ իւրաքանչիւր անհատի հետ, որ իր ինքնաշարժը կը գործածէ շրջագայելու եւ մէկ տեղէ միւսը տեղափոխուելու համար, բայց նաեւ կուզէ պատմել իր պատմութիւնը:

«Ես այս գործը միայն զբաղմունքի համար կընեմ»,- ըսաւ Դերենիկ, երբ զիս կը փոխադրէր Երեւանի Սարեան փողոցէն դէպի Ալեք Մանուկեան: Ես Երեւանի պետական համալսարանի ճարտարապետական բաժանմունքէն շրջանաւարտ եղած եմ», շարունակեց ան՝ աւելցնելով. «Հանգստեան կոչւեցայ ու տունը մնացի, եւ այդ ինծի պատճառեց հոգեկան ճնշւածութիւն»:

Դերենիկ 66 տարեկան է, եւ զաւակները իր հոգեկան տագնապին լուծում գտնելու համար զինք քաջալերած են, որ այս գործը ընէ՝ գէթ կիսաժամ դրութեամբ: «Մինչեւ կէսօր կաշխատիմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Ատկէ ետք կերթամ տուն եւ թոռնիկներուս հետ կանցընեմ»:

Նայեցայ ժամացոյցիս: Արդէն կէսօր եղած էր: «Ես երեւի քու վերջին յաճախորդդ եմ այսօր»,-ըսի Դերենիկին:

«Այո՛, վերջինն ես, բայց շատ բախտաւոր կը զգամ, որ սփիւռքէն եկած հայու մը հետ կը զրուցեմ»,- ըսաւ Դերենիկ:

Դերենիկի խօսակցութեան մէջ կար ջերմութիւն: Ան կը զրուցէր եւ կը պատմէր, բայց կը զգայի, որ ունէր հրճւանք մը: Իսկ հրճւանքին պատճա՞ռը: Ան կուզէր իր պատմութիւնը պատմել հայորդիի մը:

«1990-ին Ադրբեջանի դէմ պատերազմին մասնակցած եմ,- ըսաւ Դերենիկ: – Այս ձախ ոտքէս ծանր կերպով վիրաւորւեցայ: Բայց վիրաւորւելուն հետ ես ալ խփեցի իրենց»,- ըսաւ ան քիչ մը ժպտելով, բայց նոյնքան նաեւ՝ հպարտութեամբ:

Պատերազմէն ստացած վէրքը տակաւին իր ազդեցութիւնը ձգած է Դերենիկին վրայ: Ան մինչեւ այսօր տակաւին դեղ պէտք է առնէ, որպէսզի լաւանայ: «Այս դեղերն ալ իմ ամէնօրեայ կերակուրս են»,- ըսաւ Դերենիկ՝ միշտ ժպիտը պահելով իր դէմքին վրայ:

Որքան կը նայէի Դերենիկի դէմքին ու անոր ժպիտին, նոյնքան այդ ժպիտի ետին կը տեսնէի իր ազգային հպարտութիւնը: Հպարտութիւնը, որ կերտած է իր ազգային ինքնութիւնը եւ նոյն այդ ինքնութիւնը բնորոշող հայրենի հողը: Ու տակաւին՝ այդ հողին կանչը: «Չորս տարի Իսպանիա մնացի եւ հոն աշխատեցայ»,- ըսաւ Դերենիկ: «Բայց չկրցայ դիմանալ եւ վերադարձայ Հայաստան: Ես իմ երկրիս մէջ կուզեմ ապրիլ»,- նշեց ան:

Հրաժեշտ տւի Դերենիկին, բայց իրեն հետ ապրեցայ այդ քանի մը վարկեանները եւ հայրենի հողին վրայ՝ հայուն երկրին հարազատութիւնը: Հարազատութիւնը, որ հայը հայուն կը միացնէ:

Ծիծեռնակաբերդ:

Յուշահամալիրին տակ կեցած՝ կը դիտեմ վառող կրակն ու կրակին չորս կողմը տեղադրւած յարգանքի տուրքի խորհրդանիշ ծաղիկները: Հոս կայ պատմութիւնը, որ դարձեալ կապրիմ: Պատմութիւնը, որ ստեղծած է մեծ արհաւիրք: Իւրաքանչիւր հայ նահատակ, ներառեալ՝  ընտանեկան իմ քսանհինգ պարագաներս: Եթէ իմ հարազատներս չեմ տեսած եւ չեմ ճանչցած, բայց գիտեմ իւրաքանչիւրը իրենց նկարներով: Եւ հոն՝ յուշահամալիրի վառող կրակին ընդմէջէն, այդ նկարները կարծէք մէկ-մէկ դուրս կու գան իբրեւ մեռած-ապրող իրականութիւններ: Բայց ինչպէ՞ս անոնք չապրին, երբ իմ էութիւնս կազմած են, անոնք իմ մէջս են եւ անդադար ինծի կը յուշեն. «Մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս, Հրա՛յր»:

Այս ապրող-չապրող յիշատակները պահ մը ընդհատեցի: Հնդիկ կին մը նոյնպէս մօտեցաւ կրակին եւ յարգանքով ու ակնածանքով գլուխը խոնարհեցուց: Ան կարծէք մտած էր իր աշխարհին մէջ, երբ իրեն հարցուցի. «Ի՞նչ կը զգաս այս յուշահամալիրին ստեղծած խորհուրդին առջեւ»:

Չեմ գիտեր, թէ պէտք եղածէն աւելի համարձա՞կ եղած էի: Բայց ուզեցի գիտնալ իր ներաշխարհի սեւեռումները՝ իբրեւ օտարականի: «Շատ ցաւալի է», ըսաւ ան՝ աւելցնելով. «Ես Հնդկաստանի Քաշմիր շրջանէն եմ, եւ մենք ալ ապրած ենք շատ ցաւեր»:

Հնդիկ կնոջ ցաւին հետ ես վերադարձայ իմ ցաւիս: Այս այն ցաւն է, որ իւրաքանչիւր հայ իր մէջ կրած-շալկած է աւելի քան հարիւր ինը տարի: Այս այն ցաւն է, որ կը շարունակուի իւրաքանչիւր հայու մէջ եւ սերունդէ սերունդ: Այս ցաւը դարձած է հայուն հաւաքական ինքնութիւնը, որ չի մնար ցաւի սահմաններուն մէջ: Այս ցաւը ճեղքեց մահւան պատերը եւ ստեղծեց հայուն նոր կեանքը: Այս այն նոր կեանքն է, որ կը շարունակւի մինչեւ այսօր:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի այդ վառող կրակին ընդմէջէն դարձեալ տեսայ նոյն այս ցաւը, որ կապրէր մահը, բայց նոյն այդ մահւան մէջէն դուրս կը հանէր եւ կը շինէր նոր կեանքը: Այն կեանքը, որ ես եւ իւրաքանչիւր հայ ապրեցանք ու պիտի շարունակենք ապրիլ:

«Ինչպէ՞ս պէտք է ապրիլ»:

Դերենիկը գտած է իր ապրելու յենարանը: «Ես իմ երկրիս մէջ կուզեմ ապրիլ»:

Իսկ ե՞ս: Ես կապրիմ Բէյրութ, Կիպրոս, Քուվէյթ ու տակաւին այլ տեղեր:

Դերենիկ պիտի շարունակէ ապրիլ իր երկրին՝ Հայաստանի մէջ: Եւ ես պիտի շարունակեմ ապրիլ իմ երկիր-երկիրներուս մէջ՝ Սփիւռքի այս կամ այն տարածքներուն մէջ:

Կայ միացնող օղակը Դերենիկի եւ իմ միջեւ: Այս այն օղակն է, որ կը սկսի ֆիզիկական երկրէն եւ կանցնի հոգեկանին: Այս օղակը Դերենիկին երկիրն է՝ Հայաստանը: Հայաստանը, որ մէկ կողմէ կը շնորհէ ֆիզիկական կեցութիւն, բայց նաեւ կը լիցքաւորէ հոգեկանը: Հոգեկանը, իմա՝ պատմութիւնը, մշակոյթը, ինքնութիւնը, հաւատքը, Ցեղասպանութիւնը ու տակաւին՝ հպարտութիւնը: Այս բոլորը դուն կրնաս ապրիլ՝ անկախ անկէ, թէ ֆիզիկապէս ո՛ւր կը բնակիս իբրեւ հայ: Հայաստանը՝ իբրեւ պետականութիւն, ունի իր ֆիզիկական դրւածքը, որ կը մարմնաւորւի իր աշխարհագրական տարածքով եւ սահմաններով: Ան, ըստ պատշաճի, պէտք է յարգէ եւ ընկալէ համաշխարհային ընտանիքին կողմէ ընդունւած միջպետական արժեչափերը: Հայաստան նոյնքան եւ նոյնպէս հոգեկան երկիրն է: Հոգեկան երկիր՝ իւրաքանչիւր հայու համար, անկախ անկէ, թէ հայը ո՛ւր կապրի:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի կրակներուն մէջէն՝ ապրիլ 2024, ես դարձեալ տեսայ իմ հարազատներուս մեռած-ապրող կեանքերը, եւ թէ ինչպէ՛ս անոնք այդ նոյն կրակներուն մէջէն ճեղքեցին մահւան պատը եւ ինծի դարձեալ տւին պատուէր մը. «Հրա՛յր, մենք մեռանք, որպէսզի դուն ապրիս»:

Ես պիտի ապրիմ իմ կեանքս, ինչպէս որ իւրաքանչիւր հայ պիտի ապրի իր կեանքը: Եթէ ֆիզիկապէս պիտի ապրիմ-ապրինք Սփիւռքի տարածքին, բայց հոգեպէս պիտի ապրիմ-ապրինք Հայաստանի մէջ: Հայաստանը՝ Դերենիկին երկիրը, միացնող օղակն է հայուն ֆիզիկական ու հոգեկան կեանքերուն: Ան այդ երկիրն է, որ կընդգրկէ հայուն էութիւնը իր ամբողջական հասկացողութեան ընդմէջէն: Ան հայուն ապրած, ապրող եւ ապրելիք կեանքերուն երաշխիքն է, որ հայուն պատմութիւնը պիտի դնէ պատմութեան շարունակականութեան գործընթացին մէջ:

Դերենիկին երկիրը: Բայց նաեւ՝ իմ եւ իւրաքանչիւր հայուն երկիրը:

Այն երկիրը, որ հայուն ֆիզիկական ու հոգեկան կեանքերը կը միացնէ: Եւ անպայմանօրէն պէտք է շարունակէ միացնել:

Եւ այս երկիրը Հայաստանն է:

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button