Հայաստան - Արցախ

Կրկին կրակոց, կրկին զոհեր

Հայաստանեան լուրերը կրկին ահազանգային են: Ադրբեջանի զինեալ ուժերը, իրենց կողմէ գրաււած հայկական բարձունքներէն կրակ բացած են Ներքին Հանդի հայկական դիրքերուն ուղղութեամբ: Հայկական կողմը ունի չորս զոհ եւ մէկ վիրաւոր: Պատրւակը ադրբեջանցի զինւորի մը վիրաւորումն է Կապանի շրջանին մէջ, ենթադրաբար Հայաստանի կողմէ եղած կրակոցի մը հետեւանքով:

Բանակցութիւններու լծւած երկու երկիրներու համար պատահածը արտասովոր է, որովհետեւ փոխադարձ ապահովագրումի եւ բարեկամութեան ջատագով պետութիւնները «սուրը պատեանը դրած» պէտք է ըլլան: Անգամ մը եւս կը հաստատւի, որ խաղաղութեան միակողմանի հետապնդումը չ՛առաջնորդեր ճշմարիտ խաղաղութեան:

Հայկական կողմէն մեկնաբանութիւններ առայժմ չկան: Երկրորդական աստիճանի պատասխանատուի մը զգուշացումը պատահարը չծաւալելու մասին կը վկայէ վախւորած ու խեղճացած ընթացքի մը մասին:

Օր մը առաջ Նիկոլ Փաշինեան հարցազրոյց ունէր անգլիական «Դէյլի Թելեգրաֆ» թերթի թղթակիցին հետ: Ուղղակի հարցումներուն պատասխանելով, Նիկոլ Փաշինեան զգուշաւոր բառերով ամփոփեց «նշաձողի իջեցումէն ետք» եւրոպական հարթակի վրայ կատարւած բանակցութիւնները եւ խաղաղութեան հասնելու իր հաստատ որոշումը: Խաղաղութիւն ամէն գնով, ո՛չ իսկ արդար խաղաղութիւն, միա՛յն խաղաղութիւն:

Ինչ խօսք, որ խաղաղութիւնը ցանկալի իրականութիւն է: Խաղաղութեան հասնելու համար զիջումներ հարկաւոր են, սակայն անոնք երկկողմանի պէտք է ըլլան: Ցարդ Հայաստանի կատարած մեծ ու փոքր զիջումներուն յաջորդած են նոր պահանջներ, անոնց ընկերացող սպառնալիքներով: Ժամանակը չէ՞ եկած արդեօք փոխելու խաղաղութիւն մուրացող խօսոյթը եւ զայն փոխարինելու իրական խաղաղութիւն պարտադրող դիրքորոշումով:

Ադրբեջանի նախագահական արտակարգ ընտրութիւնը արեւմտեան լրատւամիջոցներուն կողմէ մեկնաբանւեցաւ իր ճիշտ բնոյթով՝ իբրեւ ընտրական խեղկատակութիւն: Բազմաթիւ հաղորդումներ կատարւեցան Ադրբեջանի մէջ տիրող բռնապետական վարչաձեւին, քաղաքական բանտարկեալներու գոյութեան, ազատութիւններու բացակայութեան եւ յարակից հարցերու մասին: Յիշւեցան նաեւ Արցախի դէպքերը: Ադրբեջանի ստեղծած պատկերը, իբրեւ ժողովրդավար երկիր, որ իր հողային ամբողջականութեան համար արդար պայքար կը մղէ, փուլ եկած է: Ադրբեջան ամբողջ տարւան մը համար զրկւած է մասնակցելէ Եւրոխորհուրդի պատգամաւորական ժողովին: Ուշացումով, յանցաւոր ուշացումով, Արեւմուտքը կը գիտակցի ադրբեջանական նկրտումներուն սխալին, թերեւս ալ իր աններելի կրաւորականութեան:

Ի՞նչ կը մտածէ Հայաստանի հանրութիւնը ստեղծւած անելանելի վիճակէն ազատւելու մասին: Կը հաղորդւի, որ իշխանութիւններու որդեգրած քաղաքականութեան նկատմամբ վստահութիւնը նւազած է: Սակայն իրենց վստահութիւնը կորսնցուցած բազմութիւնները չեն միանար ճշմարտութիւնը վաղուց քարոզող ընդդիմութեան: Աւելի՛ն. ընդդիմութիւնը մեղաւոր կը հռչակւի… իշխանութիւններու յարատեւութեան համար: Դժգոհները շատ են, սակայն՝ տարտղնւած: Ամէն դժգոհող ունի իր ճշմարտութիւնը, կացութենէն ելքի իր պատկերացումը, զոր կը նկատէ բացարձակ, միակ կարելին: Չեն միանար բողոքին, սակայն կը դատապարտեն անոր ձախողումը: Երբ ցոյց ու հաւաք կայ, կը քննադատեն անոնց կայացումը, երբ դադարին ցոյցերը, կը քննադատեն անոնց բացակայութիւնը:

Հայաստանեան քաղաքական թատերաբեմը հիմնական վերանայման կարիք ունի: Որպէսզի դադրին կրակոցները, որպէսզի չարձանագրւին անմեղ զոհեր, մտայնութիւններու, վարքագիծի, ժողովրդավարական ըմբռնումի հիմնական ու արմատական փոփոխութիւն պէտք է ըլլայ:

Սպասւող փոփոխութիւնը մտքերու հոլովոյթ կենթադրէ, ենթակայական է, ազգին ու հայրենիքին լինելիութեան կառնչւի: Զայն հրապարակելու ու ժողովրդականացնելու գործը բանական ճիգ կը պահանջէ ու յատուկ է մտաւորականութեան:

Մտաւորականութիւնը ըսելիք ու ընելիք ունի: Սպասումը առկայ է. փաստը վկայող մտաւորականներէն մէկուն՝ Գագիկ Գինոսեանի կանխահաս մահւան առթած յուզումը եւ յուղարկաւորութեան մասնակից մարդկային հեղեղը:

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button