ՀՅԴ Մամուլ

Բանտարկեալներու Մոռացման Խայտառակութիւնը

 «Եթէ չես կրնար թռչիլ, ապա վազէ՛, եթէ չես կրնար վազել, ապա քալէ՛, եթէ չես կրնար քալել, ապա սողա՛, բայց ինչ որ ալ ընես, պէտք է շարունակես յառաջ շարժիլ»:

Մարթին Լութըր Քինկ Կրտսեր (1929-1968)

 

Հետաքրքրական ու ուշագրաւ էր Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան լոյս ընծայած մէկ գրառումը, թէ՝ Հայաստան կ՛ողջունէ Միացեալ Նահանգներու եւ Քաթարի ղեկավարներու նախաձեռնութիւնը՝ վերսկսելու Գազայի մէջ զինադադարի շուրջ բանակցութիւնները, խորապէս գիտակցելով զինադադարի եւ պատանդներու ազատ արձակման կարեւորութիւնը, երբ վտանգւած են մարդկային կեանքերն ու երկրին խաղաղութիւնը։

Յայտարարութիւնը կ’աւելցնէ․ «Կը յուսանք, որ յաջորդ քննարկումներուն ընթացքին, պիտի արձանագրւին շօշափելի արդիւնքներ, որոնք պիտի բարեփոխեն վնասւած բնակչութեան վիճակը»։

Հիմա դառնանք մեր ածւին. հաւանաբար մինչեւ իսկ քաղաքական աշխարհէն շատ հեռու կանգնող հայորդիին համար, բան մը պակաս կը հնչէ այս յայտարարութիւններուն մէջ։ Ամբողջական չէ մօտեցումը, այլ ընդհակառակը, շատ բան թերի է, այդ ալ ինչպէ՜ս։ Շատ լաւ հասկնալով Գազայի անմեղ բնակչութեան ողբերգական վիճակն ու դժնդակ կացութիւնը, հայորդիին համար նմանօրինակ յայտարարութիւն շատ աւելի ամբողջական պիտի ըլլար, եթէ գոնէ յիշատակում ըլլար նաեւ Բաքւի բանտերուն մնացող մեր գերիներու եւ պատանդներուն մասին:

Անտեղի ու անարդար պիտի ըլլայ այսինչ բանտարկեալը գերադասել այլ բանտարկեալի մը, սակայն պէտք է նշել, շեշտել, յիշել եւ վերստին յիշել, թէ անարդարօրէն պահւող բանտարկեալներու շարքին են Արցախի ղեկավարներէն ընտրանի մը։

Վերջերս, լաւատեղեակ աղբիւրներէ ստոյգ տեղեկութիւններ տարածւած են, որ յատկապէս Արցախի նախկին ղեկավարներ Բագօ Սահակեանի, Արայիկ Յարութիւնեանի, Արցախի նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանի եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Լեւոն Մնացականեանի առողջական վիճակը սկսած է վատթարանալ։

Հ․Հ․ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արդեօք տեղեա՞կ է անոնց վիճակին. անկասկած որ տեղեակ է, ուրեմն, Գազայի իրադարձութիւններուն մասին իր լոյս ընծայած յայտարարութիւնը օգտագործելով՝ չէ՞ր կրնար գէթ տող մըն ալ աւելցնել, որ Բաքւի մէջ ալ չեն յարգւիր մարդկային իրաւունքի ամենադոյզն պայմանները։

Թող ո՛չ ոք հարց դնէ, թէ ոչ մէկ կապ կայ Գազայի կացութեան եւ Բաքււի բանտարկեալներուն միջեւ։ Անշու՛շտ որ կարելի է կապել, շաղախել եւ բողոք ներկայացնել, եւ ատիկա Հայաստանի Հանրապետութեան պարտականութիւնն է, ո՛չ Միացեալ Նահանգներու, ո՛չ Եգիպտոսի եւ ո՛չ ալ Կատարի։

Դեռ վերջերս, Հայաստանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի պատւիրակութեան հաղորդակցութեան ծրագիրներու ղեկավար Զառա Ամատունի, յիշատակելով Բաքւի մէջ պահւող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներու առողջական վատթարացման մասին մամուլին մէջ տարածւող լուրերը, շեշտած էր, թէ պարզ ու մեկին՝ Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն Բաքւի մէջ պահւող հայերու հետ իր ներկայացուցիչներու տեսակցութեան բովանդակութեան առնչւած որեւէ բան հանրային հարթակի վրայ չի կրնար մեկնաբանել: Սա արդեօք պիղատոսութեան ինքնարդարացո՞ւմ մըն է…

Մարթին Լութըր Քինկ կրտսերի իմաստուն խօսքերը որքա՜ն համահունչ են ներկայ կացութեան եւ կը շեշտեն ԲԱՆ ՄԸ, ՈՐԵՒԷ ԲԱՆ ԸՆԵԼՈՒ հրամայականը, ներկայացող առիթները օգտագործելու պահանջը։

Արտաքին յարաբերութիւններու «փրոթոքոլային» բեմահարթակին վրայ բացակայ ենք, կամ ալ պարզ դէտի դեր կը կատարենք, այն ալ՝ կարծէք թէ ո՛չ առնչակից դէտի դեր։

Սպանացի հռչակաւոր արւեստագէտ Փապլօ Փիքասօ ըսած է. «Գործը ամբողջական յաջողութեան հիմնական բանալին է»:

Արւեստի աշխարհէն ու անոր տրամաբանութենէն շատ հեռու, պէտք է նմանօրինակ վրձիններ յանձնել Հ․Հ․ ռազմաքաղաքական-յարաբերական ղեկավարներուն, որպէսզի չմոռնան անմոռանալի իրականութիւնները, որոնց շարքին՝ Բաքու գտնւող բանտարկեալ գերիները, նոյնինքն Արցախն ու Հայաստանէն փրցւած-յանձնւած հողակտորները, աւելի՛ն, Արարատն ու «Մեր հողե՛րը, մեր հողե՛րը», մեր անսակարկելի իրաւունքները եւ կերտեն Հայոց Պատմութեան եւ մեր հայրենիքին փրկութեան ՆԿԱՐը։

«Հայրենիք» – Պոսթըն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button