Յիշելով Օլիվըր նորթը եւ «խունթա»-ները

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Երեւանի ՔՊ-ական իշխանութիւնը հնարամի՜տ է. բազմաթիւ հնարքներ ունի ուսապարկին մէջ, որպէսզի ժողովուրդը չմոռնայ իր «սխրանք»-ները եւ անոնց կերտումին մասնակիցները, զանոնք գովաբանողները, քարոզողնե՛րը:
Հնարքներէն մէկը՝ «Հանրային հեռուստակայան» կոչւող պատկերասփիւռի պատուհանին օր-աւուր օգտագործումն է՝ իշխանութեան անցեալի եւ շարունակւող ձախաւերութիւնները, վնասարարութիւնը քողարկելու, զանոնք իբրեւ դրական իրագործում ներկայացնելու համար: Իբրեւ «գործիք» կը ծառայեն իշխանութեան շահակիցները (մէկէ աւելի ոլորտներու մէջ) եւ դրածոյ-պաշտօնակատարները: Եւ պատահական չէ, որ կարգ մը «դէմք»-եր որոշ հերթականութեամբ ու պարբերականութեամբ հարցազրոյցի կը բերւին, հանրութեան ուղեղներն ու յիշողութիւնը, պատմութեան մասին գիտցածները շոգիացնելու, բթացնելու նպատակով:
Այդ «հերոսներէն» մէկը կը կոչւի Արծրուն Յովհաննիսեան, որ հռչակաւոր դարձաւ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն, հանրութիւնը ամէն օր «յաղթելու ենք»-ներով (եւ մարդիկ ամբողջ հոգիով հաւատացին թէ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ), մինչեւ որ սուտին փուչիկը պայթեցաւ եւ դաժան ու սարքովի պարտութիւնը ծանր ապտակի պէս իջաւ իւրաքանչիւր հայու երեսին: Հարւածին ցաւը զգացին բոլոր անոնք, որոնք Արցախն ու Հայաստանի կը նկատէին – եւ կը նկատեն – հայապատկան, հիմնաքար-մեկնակէտը՝ մեր բոլոր իրաւունքներուն կենսագործման: Մնացեալին մասին խօսիլ չարժեր:
Ստախօս վարչախումբին այս բանբերը յետոյ պահ մը՝ կարճ ժամանակ մը հեռու մնաց հրապարակէն, ապա ի յայտ եկաւ, որ բանակայիններու դաստիարակութեան մարզին մէջ պատասխանատու պաշտօնի կոչւած է, աւելի ուշ, սկսաւ յաճախ երեւիլ պատկերասփիւռի յիշեալ կայանէն եւ ամբողջ ուժով, գիտցածով-չգիտցածով լծւեցաւ իշխանախումբին ի նպաստ քարոզարշաւի: Անոր նորագոյն «փայլատակումները» տարածւեցան քանի մը օր առաջ, Բ. Աշխարհամարտի իրադարձութիւնները մեկնաբանողի պատմուճանով, իբրեւ թէ պատմական խեղաթիւրումները ուղղելու եւ ժողովորդը ուղեղալւացքէ փրկելու մօտեցումով:
Խելամիտ հայուն համար, կայ երկու հարց. նախ այն, որ ձախաւերութեան բանբեր մը, մասնակից մը ինչպէ՞ս կրնայ պատասխանատու պաշտօնի վրայ պահւիլ, յետոյ, զանգւածը ինչպէ՞ս կրնայ հանդուրժել խաբեպատիր-խեղաթիւրող քարոզչութիւնը: Այս վիճակը չարդարանար ըսելով, որ ժողովուրդը շա՜տ աւելի ահաւոր եւ վնասարար «շքերթ» մը կը հանդուրժէ, Արցախի եւ Հայաստանի սահմանամերձ հողերու կորուստէն ետք, կարծէք թէ տրամադիր է նոր կորուստներ հանդուրժելու, մինչեւ իսկ Սահմանադրութեան եւ այլ էական արժէքներու կորուստը կուլ տալու…
***
Արծրուն Յովհաննիսեանի եւ անոր պատւիրատուներուն ըսած-չըսածին մասին երկար խօսելու նպատակ չունինք, ո՛չ թէ անոր համար, որ շա՜տ երկար սիւնակներ պէտք է արձանագրել՝ ստաբանութիւններն ու իրականութիւնները ծուռ հայելիի մէջ ներկայացնելու «հնարքները» հերքելու, ուղղելու համար, այլ որովհետեւ վերջին օրերուն, հայրենի բանիմաց պատմաբաններ, քաղաքական դէմքեր եւ, մէկ խօսքով՝ սուտը մերժողներ բաւական սպառիչ բացատրութիւն տւին պատմութեան հոլովոյթին մասին, ցոյց տւին, որ ան ինչպէ՛ս վերիվայր կը շրջէ փաստերը, քանի մը վայրկեանի տարբերութեամբ, եւ ինչպիսի՜ «հմտութեամբ» ինքզինք կը հակասէ: Անմիջապէս աւելցնենք, որ սա միայն այս արարածին մենաշնորհը չէ, այլ բոլոր ՔՊ-ականներն ու անոր կողքին քալողները վարակւած են իրենց շէֆ-ին նոյն «արժանիքներով»:
Այս սիւնակին մէջ կուզենք եղածը դիտել տարբեր անկիւնէ եւ յիշեցնել, որ հայրենիքին ու ժողովուրդին դաւաճանողները միայն ՔՊ-ականներու շարքերէն չեն ծնիր, անոնց նմանները կան այլ երկիրներու, գերպետութիւններու մէջ, որոնք կը մնան խարանւած (եւ բնականաբար չարդարանար նման շահամոլներէ օրինակ վերցնելը): Աղաղակող եւ պատմական օրինակ մըն է Օլիվըր Նորթ անունով ամերիկացի զինւորականը, որուն անւան կապւած է «Իրան-Քոնթրա» կոչւած գայթակղութիւնը:
Ո՞վ է Նորթ, ի՞նչ էր Իրան-Քոնթրա-ն:
70-ական եւ 80-ական տարիներու աշխարհի ելեւէջները յիշողները վստահաբար չեն մոռցած «աշխարհացունց» այդ դէպքերը (պայմանաւ, որ չեն վարակւած «Նոր Հայաստան եւ համապատասխան նոր պատմութիւն» ախտով):
Պատմութիւնը շա՜տ երկար է. շահեկան է միայն արձանագրել, եւ ամփոփ կերպով, որ Իրանի սերտ դաշնակից Միացեալ Նահանգները՝ Շահին զէնքի գլխաւոր մատակարը (եւ Իրանը պաշտօնապէս կողոպտողը, ինչպէս որ Թրամփ եւ նախորդները հիմա կընեն Պարսից ծոցի երկիրներուն մէջ) օր մը «երես դարձուց» իր զինակիցէն, որ տապալեցաւ ու երկրէն հեռացւեցաւ Այաթօլլա Խոմէյնիի յեղափոխութեան ճամբով: Երէկի դաշնակիցները դարձան ոխերիմ հակառակորդներ: Օրւան նախագահը՝ Ջիմի Քարթըր որոշեց զէնք չծախել Իրանի: Թեհրանի ամերիկեան դեսպանատունը գրաււեցաւ «Յեղափոխութեան պահակներ»ու կողմէ եւ աւելի քան 50 պաշտօնատար պատանդ պահւեցան մօտաւորապէս 1.3 տարի, դարձան… Քարթըր-Դոնալդ Ռեկըն ընտրապայքարի գլխաւոր խաղաքարտերէն մէկը եւ ազատ արձակւեցան՝ Ռեկընի Սպիտակ Տուն մուտքի օրերուն:
Կարճ ատեն մը ետք, ամերիկացի «խելամիտներ» (այսինքն՝ զէնքի վաճառորդներ) յանկարծ իմաստնացան եւ տեսան, որ քարիւղով հարուստ Իրանին զէնք չծախելը այդքան ալ շահաւէտ բան չէ (այդ գործօնը, ի շարս այլոց՝ զգալի է նաեւ այսօր, երբ ամերիկացիք եւ իրանցիք բանակցութիւն կը վարեն): Եւ ահա, իբրեւ թէ Ռեկընէն գաղտնի՝ խումբ մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ մշակեցին «հնարամիտ ծրագիր» մը, երկու թռչուն մէկ քարով զարներու դիտաւորութեամբ: Անոնք սկսան «սեղանին տակէն» զէնք հասցնել Իրան, զայն համոզելու՝ որ Լիբանանի մէջ (կարճ ատեն մը առաջ ուշագրաւ ուժ դարձած) «Հեզբօլլահ»-ն համոզեն, որպէսզի ազատ արձակէ ամերիկացի պատանդներ: Զէնքերը տեղ հասան, փոխարժէքն ալ ի՛ր տեղը հասաւ եւ օգտագործւեցաւ երկրորդ թռչուն մը որսալու համար: Նիքարագւայի մէջ, ամերիկացիներուն դրածոյ-դաշնակիցը՝ Սոմոզա, իշխանութիւնը կորսնցուցած էր համայնավարական գունաւորումով ծանօթ՝ սանտինիսթներու յեղափոխութենէն ետք, ուրեմն, Իրանէն շահւած գումարները օգտագործւեցան սանտինիսթներուն դէմ պայքարին համար:
Կրկնակի գայթակղութեան «դդումը» պայթեցաւ Վիեթնամի պատերազմի վերթերաններէն՝ Օլիվըր Նորթի գլխուն, որ Ազգային Ապահովութեան անձնակազմի մէկ անդամն էր եւ բանալի դեր խաղացած էր զուգահեռ գործառութիւններուն մէջ: Քննութիւն բացւեցաւ եւ ծալք-ծալք քակւեցան գայթակղութեան մանրամասնութիւնները: Ի յայտ եկաւ, որ «գործողութեան» ուղղակի կամ անուղղակի մասնակից եղած են պաշտպանութեան նախարար Քէսփըր Ուայնպըրկըր, արտաքին գործոց նախարար Ջորջ Շուլց, Ջորջ Բուշ (հայր) եւ ուրիշներ: Պոչը հասաւ նախագահին, սակայն ան զերծ մնաց հետապնդումէ: Մեղադրեալները դատապարտւեցան, աւելի ուշ՝ Ջորջ Բուշ իր նախագահութեան վերջին օրերուն ներում շնորհեց բոլորին, որովհետեւ, ինչպէս նշեցինք, ինք ալ կար մեղսակիցներու ցանկին վրայ:
Յետոյ ի՞նչ: Յետոյ մեղադրեալներն ու անպարտ հռչակւածները պաշտօնի բերւեցան, Նորթ դարձաւ… ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի («Ֆաքս»-ի) մեկնաբան, իշխանաւորներու քարոզչութեան մէկ շեփորը: Ան մինչեւ իսկ ժպրհեցաւ 90-ականներուն թեկնածու ներկայանալ Ծերակոյտի ընտրութիւններուն (հապա՜, կը կարծէիք որ միայն Հայաստանի՞ մէջ վատահամբաւները նման պաշտօններու կը յաւակնին եւ… կը հասնին), ձախողեցաւ, յետոյ դարձաւ Հրացաններու Ազգային ընկերակութեան (ամերիկեան քաղաքական կեանքի մէջ շատ ազդեցիկ կազմակերպութիւն) նախագահը…
***
Ինչպէս նշեցինք, Իրան-Քոնթրա երկակի գայթակղութիւնը իր անմոռանալի տեղը ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու նորագոյն պատմութեան մէջ (եւ հոն կան մարդիկ, որոնք նախկիններու-նորերու, պատմական եւ նոր հայրենիքի երգերով չեն զբաղեցներ հանրութիւնը): Մեղադրանքները կարճ ատեն ետք հանւեցան, բայց խարանը մնաց:
Ինչո՞ւ յիշեցինք Նորթն ու այդ օրերու «խունթա»-ն (որ Նիքարագւայի մէջ ուրիշ խունթլայի մը պաշտպանն էր. մոռնանք նաեւ, թէ սանտինիսթներու ղեկավարը՝ Նորիեկա, ինչպիսի՜ դիմաշրջումներ կրեց): Ցոյց տալու՝ որ հզօր Միացեալ Նահանգներու մէջ ալ ատենին (նաեւ այսօր) կան գայթակղութիւններ սարքողներ, որոնց նպատակը իբրեւ թէ իրենց հայրենիքին ծառայելն է, հոգ չէ թէ այդ կընեն ընկալեալ օրէնքներու ոտնակոխումով, իբրեւ թշնամի ճանչցւածներու հետ գործակցութեամբ (արդա՞րօրէն թէ անտեղի կերպով՝ այլ հարց), յանցաւոր կը նկատւին, յետոյ կարդարանան… պաշտպանելաներու ձեռքով: Արծրուններ եւ նման բարձրաստիճան պաշտօնատարներ տարբեր ընթացք չունին, սակայն անոնք մինչեւ իսկ զերծ են տարրական հետապնդումէ, հոգ չէ թէ օր-ցերեկով աղաղակող ապօրինութիւններ կընեն, ազգը կը խաբեն, ժողովրդավարութեան քողի տակ մինչեւ իսկ ոճիրներ կը գործեն: Նորթերու գայթակղալի գործունէութիւնը, յամենայնդէպս, չի հասնիր հայրենիքի հողերու կորուստի կամ ժողովուրդի թշւառացման:
Բաղդատութեան եզրեր չկան, սակայն ապօրինութիւններու եւ հայրենավնասութեան մէջ դասակարգումները աղաղակող են: Մեր պարագային, ՔՊ-ական խունթային հասցէին չքմեղանքներն ու անպարտ թողւիլները չեն կրնար երկար հանդուրժւիլ:
13 մայիս 2025