Խմբագրական. Շրջանցումներ եւ հիմնական օրախնդիրներ

Հայաստանի Հանրապետութեան բանակի օրը անշուշտ առիթ է մեր զինեալ ուժերէն սահմանները պահպանող միաւորին դերակատարութիւնը արժանապէս գնահատելու եւ անոր անփոխարինելի ու հայրենիքի գոյութեան շարունակականութիւնը ապահովող գործառոյթի նշանակութիւնը հերթական անգամ լոյսին բերելու։
Բանակի օրւան առիթով վարչապետին հրապարակած ուղերձի հետեւեալ բաժինը լուսարձակի տակ պէտք է բերել եւ հետագայ իրադարձութիւններուն ուղղութեամբ կարգ մը խորհրդածութիւններ կատարել։
Եւ այսպէս․ «Բանակի զարգացումը շարունակաբար ընթանալու է, որովհետեւ բանակը պետութեան կարեւորագոյն հաստատութիւններէն է, եւ չափազանց կարեւոր է ունենալ ուժեղ, պաշտպանունակ բանակ՝ ապագայի պայմանական սպառնալիքները դիմակայելու համար, այն դէպքերում, երբ դիւանագիտութիւնը ի վիճակի չի լինի դա անել»։
Այսօրւան իրականութեան պայմանները եթէ նկատի չունենանք, ապա այս հատատումը իբրեւ օրինաչափ տեսութիւն կարելի էր տրամաբանականօրէն ընկալել։ Սակայն կայ իրականութիւն՝ ներխուժւած տարածք Հայաստանի Հանրապետութեան միջազգայնօրէն ճանչցւած սահմաններուն մէջ։ Կայ գրաւեալ տարածք Ադրբեջանի կողմէ։
Այս իրականութեան մասին ուղերձին մէջ կայ ակնարկ։ «Ինչ վերաբերում է ՀՀ գրաււած տարածքներին, այդ հարցի լուծման բանաձեւը, որն արձանագրւած է Հայաստանի եւ Ադրբեջանի սահմանազատման յանձնաժողովների համատեղ գործունէութեան կանոնակարգին մէջ, արդէն իրաւական բարձրագոյն ուժ ունի երկու երկրներում եւ խնդիրը կը լուծւի սահմանազատման գործընթացում»։
Նախ, խնդրի լուծման մասին այսպիսի հաստատում կատարելը հեռու է համոզիչ ըլլալէ, մանաւանդ որ գործ ունինք ներխուժւած տարածքներէն բացի, այլ հայաստանապատկան տարածքներու նկատմամբ նկրտումներ ունեցող պետութեան հետ։
Երկրորդ, օրւան պայմաններուն մէջ առիթաւորւելու եւ ռազմագիտական առումով յատուկ նշանակութիւն ունեցող նոր դիրքեր գրաւելու նպատակը սահմանազատման գործընթացին ենթադրեալ զիջումներ տրամադրելու դիմաց այլ տարածքներ պահանջելն է։
Եւ երբ այս բոլորը տակաւին չեն վճռւած, անվերջ յղում ընելը Ալմա Աթայի հռչակագիրին եւ ատով իսկ տարածքային ամբողջականութեան թուանշաններ ճշտելը խիստ տարակուսելի կը դարձնէ ամբողջականութեան հասկացողութիւնը։
Աւելի սուր խնդիրը սակայն այն է, որ խաղաղութեան պայմանագիրի փաստաթուղթը նախաստորագրւած է։ Այնտեղ արձանագրւած է՝ Յօդւած Ա․ «Հաստատելով, որ նախկին ԽՍՀՄ Խորհրդային Սոցիալիստական Հանրապետութիւնների միջեւ սահմանները դարձել են համապատասխան անկախ պետութիւնների միջազգային սահմանները եւ որպէս այդպիսին ճանաչւել են միջազգային հանրութեան կողմից՝ կողմերը ճանաչում են եւ կը յարգեն միմեանց ինքնիշխանութիւնը, տարածքային ամբողջականութիւնը, միջազգային սահմանների անձեռնմխելիութիւնը եւ քաղաքական անկախութիւնը»։
Արձանագրութիւնն ու իրականութիւնը հակասական են։ Ադրբեջան կը յարգէ Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը՝ խախտելով զայն կամ ներխուժելով ինքնիշխան տարածքներ։
Այս փաստն է, որ վարչապետը պիտի մղէր խօսիլ բանակի ոչ թէ ապագայի տեսական գործառոյթին, այլ այս առիթով տարածքային ամբողջականութիւնը վերականգնելու առաջնային խնդիրին մասին։ Ընդգծելու, որ խաղաղութեան պայմանագիր կարելի չէ ստորագրել առանց ինքնիշխան տարածքներու վրայ վերահսկողութիւն հաստատելու։ Այլապէս ոչինչ կը խանգարէ, որ նախաստորագրւած տարբերակին նման ստորագրւի պայմանագիրը, ներխուժւած տարածքներով՝ յուսալով, որ սահմանազատման անժամկէտ գործընթացը օրին մէկը հեռացնէ ադրբեջանական ուժերը հայաստանապատկան տարածքներէ։
Ո՛չ ուղերձներու մէջ՝ այս հիմնական խնդիրի շրջանցումով, ո՛չ ալ ամէն առիթի Ալմա Աթան վկայակոչելով այս հիմնահարցին լուծում կարելի է բերել։ Չեն կրնար նաեւ բերել իրողական խաղաղութիւն, որուն գլխաւոր երաշխաւորը կը շարունակէ մնալ հայոց բանակը։
«Ազդակ»



