ՀՅԴ Մամուլ

Ծաղկաձորի մէջ՝ խաղաղութեան կամուրջ…

Անցեալ շաբաթավերջն ալ, Հայաստանի քաղաքական բեմահարթակը եղաւ շատ աւելի բեղուն եւ անակնկալներով հարուստ։ Տէր Յիսուս Քրիստոսի տաճար ընծայման տօնին՝ Տեառնընդառաջի նախատօնակի հոգեպարար արարողութիւնը մեծ շուքով կատարւեցաւ Էջմիածինի Մայր Տաճարին մէջ՝ նախագահութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Վեհափառ Կաթողիկոսին, որուն արգիլւեցաւ Հայաստանի տարածքէն դուրս գալ՝ դատական վճիռի մը կատարումը խոչընդոտելու մեղադրանքով։ Անշուշտ յստակ էր, թէ բուն պատճառը՝ ձախողեցնելն էր Աւստրիոյ մէջ նախատեսւած Եպիսկոպոսաց ժողովը։

Այս անտառի քաղաքականութիւն կիրարկողներուն մէկ այլ անտարակոյս դիրքորոշումը՝ Ազգային ժողովին մէջ, հեռատեսիլի եւ ձայնասփիւռի յանձնաժողովի անդամ Յակոբ Յակոբեանի (ծանօթ Յակոբ Մովսէս գրչանունով) լիազօրութիւնները դադրեցնելու ընդդիմադիր «Հայաստան» խմբակցութեան առաջարկին մերժումն էր։ Այս անգամ տարբեր ռազմավարութեամբ մը, իշխող «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւորները քւէարկութեան մասնակցութիւն չբերին, այսինքն՝ անոնք հաստատեցին, որ ՀՅԴ-ի գաղափարախօսութիւնն ու կարգախօսը` «Ազատութիւն կամ Մահ» վտանգաւոր է եւ խոչընդոտ կը հանդիսանայ «Խաղաղութեան խաչմերուկ»-ին։

Այսպէս, երբ այս կարգախօսին շուրջ թեր ու դէմ կարտայայտւէին, նոյնիսկ կարգ մը երիտասարդ ՔՊ-ականներ ծաղրանքի եւ անվայել արտայայտութիւններ կունենային, 13 փետրւարին, ցամաքի ճամբով եւ աւելի մանրամասնելով՝ Տաւուշի սահմանագծւած հատւածով, Հայաստան մուտք կը գործէին Ադրբեջանի փորձագիտական դաշտի, պետութեան մօտիկ լրատւամիջոցներու ներկայացուցիչները` մասնակցելու հայկական կողմին հետ երկօրեայ քննարկումներուն, որոնց թեման էր «Խաղաղութեան կամուրջ»: Բաքւէն ժամանած պատւիրակութիւնը դիմաւորած են հայ սահմանապահները` շարժական անցակէտ-փոխադրակառքին մէջ, զննելով ու կնքելով (հոս տեղին է նշել, թէ նոյեմբերի 1, 2025-էն ի վեր վերացւած է Արարատ լեռան կնիքը) ադրբեջանցիներուն անձնագիրները:

Շատ բան չգրւեցաւ այս սուսիկ-փուսիկ պայմաններու տակ կատարւած ժողովին մասին, որ բնականաբար լուսանցքային եւ «ծածկւած» պահելու համար տեղի ունեցաւ Երեւանէն դուրս՝ Ծաղկաձորի մէջ։ Այս երկկողմ կլոր սեղանը համախմբած էր Հայաստանի եւ Ադրբեջանի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչները, փորձագէտներ, լրատւամիջոցներու անդամներ, վերլուծաբաններ եւ ամենէն կարեւորը՝ հլու կամակատարներ։ Անուններուն շարքը երկար է։

Քննարկումները կենտրոնացան հայ-ադրբեջանական յարաբերութիւններու ներկայ փուլին եւ ապագայ զարգացման ուղիներուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ անցեալ օգոստոսի 8-ին, Վաշինգտոնի մէջ տեղի ունեցած գագաթնաժողովին ընթացքին հաստատւած խաղաղութեան օրակարգին իրագործման եւ անոր տարածաշրջանային հետեւանքներուն։ Մասնակիցները փոխանակեցին տեսակէտներ տարածաշրջանային անվտանգութեան փոփոխւող միջավայրին եւ խաղաղութեան գործընթացէն բխող տնտեսական կարելիութիւններուն վերաբերեալ։

Պաշտօնական նիստերուն զուգահեռ կազմակերպւեցան ոչ պաշտօնական մշակութային եւ ընկերային հանդիպումներ։

Նշենք, թէ նման հարթակները կը ծառայեն պաշտօնական քաղաքական օրակարգերու օրինականացման եւ, ոչ պաշտօնական հանդիպումներ ըլլալով, կը գործեն իշխանութիւններու ուղիղ հովանաւորութեան ներքոյ։ Հետեւաբար, անոնք կը կորսնցնեն անկախ վերլուծական դերը եւ պարզապէս կը վերածւին հաղորդակցական գործիքներու՝ հասարակութիւնը համոզելու։

Նման հանդիպումներ կրնան օգտագործւիլ արտաքին դերակատարներու կողմէ՝ որպէս ապացոյց, թէ իսկապէս ալ խաղաղութեան գործընթացը ընթացքի մէջ է, եւ կարելի է արագացնել քաղաքական համաձայնութիւնները՝ անտեսելով ներքին կացութիւնը։ Եւ այս մէկը կրնայ շատ աւելի նեղ կացութեան մատնել փոքր պետութիւններ, որոնք աշխարհաքաղաքական պայմաններու եւ ճնշումներու տակ կը գտնւին։

Երբ խաղաղութեան գործընթացը կընթանայ առանց հասարակութեան լայն շերտերու վստահութեան, այս մէկը կը ստեղծէ հակառակ ազդեցութիւն։ Յատկապէս հայորդիին համար, նման նախաձեռնութիւն կրնայ ընկալւիլ որպէս զիջումներու հաստատում։

Առանց այս առանցքային հարցերու լուծման՝ խաղաղութիւնը կրնայ մնալ մակերեսային եւ ժամանակաւոր, մանաւանդ որ գոյութիւն ունին զանազան հարցեր՝ բանտարկւած ռազմագերիներ, տեղահանւած արցախահայութեան վերադարձ եւ անշուշտ սահմանային կայունութիւն։

Այս երկխօսութիւնը տեղի կունենայ ուժային ակնյայտ անհաւասարակշռութեան պայմաններու մէջ։ Տարածաշրջանային ռազմական ու քաղաքական իրողութիւնները ստեղծած են իրավիճակ մը, ուր կողմերէն մէկը կը գործէ յաղթողի դիրքէն, իսկ միւսը՝ պարզ ու մեկին պարտւածի պայմաններու մէջ։ Հետեւաբար, այս պարագային քաղաքացիական երկխօսութիւնը կրնայ վերածւիլ ոչ թէ փոխադարձ վստահութեան, այլ՝ քաղաքական ճնշման գործիքի մը, որ կը նպաստէ ուժեղ եւ զօրաւոր կողմին։

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button