Մշակութային

Նոր Հրատարակութիւն

Պրոֆ. Սեդա Պ. Տատոյեան

 

Ա. Մ. Նահանգներու ազգային առաջնորդարան Արեւմտեան թեմ հիմնահարցեր եւ հանգրւաններ արեւմտեան հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ*

ՄԱՏԵՆԱՇԱՐ

ԳԻՐՔ  II

Յովհան Գ. Օձնեցի  (իշխ. 717–728)

սուրբը, կանոնագէտը եւ մեծ վարպետը

Հայ միջնաշխարհեան մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան

(2025)

Յովհան Գ. Օձնեցի (իշխ. 717–728) Սուրբը, Կանոնագէտը եւ Մեծ Վարպետը Հայ Միջնաշխարհեան Մշակոյթի եւ դիւանագիտութեան երկրորդ երկլեզու հատորն է Ա.Մ. Նահանգներու Արեւմտեան Թեմի Ազգային առաջնորդարանի մատենաշարին՝ «Հիմնահարցեր եւ Հանգրւաններ Արեւմտեան Հայաշխարհի կազմաւորումին մէջ». առաջինն է Ներսէս Դ. Շնորհալի Սուրբ եւ դիւանագէտ եւ ժողովուրդին ու եկեղեցիին գոյատեւումը արեւմտեան հայաշխարհին մէջ (2025).** Մատենաշարին երրորդ գիրքը ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մըն է (մամուլի տակ) անգլերէն լեզւով.- Prolegomenon to the Millennial History of the Western Armenian World From ‘Kingdoms’ to an Awakening Politics and Culture The First Phase Tenth to Fifteenth Centuries.

Մատենաշարը կը ներկայացնէ Արեւմտեան Հայաշխարհին եւ Մերձաւոր Արեւելեան լայն շրջանին մէջ հայոց պատմական կացութեան եւ փորձառութեանց մասին նոր տեսանկիւններ եւ վերլուծումներ: Նպատակն է Ժողովուրդին, նա՛եւ մտաւորականութեան ուշադրութեան բերել եւ մատչելի դարձնել մտաւորական մշակոյթը արդիական եւ քննական տարազներու մէջ: Պատմական, մշակութային եւ ապրւա՛ծ աւանդը պէտք է որ մաս կազմէ հանրային մտածելակերպին եւ հասկացողութեան հորիզոններուն: Որովհետեւ, ինչպէս հեղինակը պրոֆ. Տատոյեան կը գրէ առաջին հատորին իր ներածականին մէջ, «ինչ որ գիտենք, կամ չենք գիտեր, նաեւ՝ ինչ որ կը կարծենք թէ գիտենք ամբողջովին կամ մասամբ, ճիշդ կամ սխալ, անհրաժեշտօրէն կազդէ մեր ընտրութեանց եւ գործերուն վրայ: Սեփական պատմութեան վերաբերեալ դէպքերուն,  դէմքերուն եւ հարցերուն մասին հանրութեան գիտութիւնը, ինչպէս նաեւ անգիտութիւնը  իրենց կարգին մաս կը կազմեն անոր պատմական փորձառութեանց:  Հետեւաբար, ինչպէս որ ճանաչողութիւնը՝ նոյնպէս ալ հակառակը՝ անգիտութիւնը ազդակ է: Յաճախ մարդիկ սխալ դատողութիւններ կը կատարեն անգիտութեան հետեւանքով:

Պատմագիտական դրւագներու եւ որոշ չափով բարդ եւ նոր հարցերու պատրաստելու համար ընթերցողը, մանաւանդ երրորդ հատորին պարագային, Մատենաշարը կը սկսի նւազ ընդարձակ նիւթերով, որոնք հիմնականին մէջ «յառաջաբաններ» են բուն տեսութեանց: Օձեցիի եւ Շնորհալիի քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզը յարմարագոյն «մուտքերն» են: Այլապէս, մօտ հինգ դարեր կան 8-րդին՝ Օձնեցիի ժամանակին Դւին, եւ  տասնըերկրորդին՝ Շնորհալլի ժամանակին Հռոմկլայ: Երկուքն ալ կը սահմանւին իբրեւ «սուրբ եւ դիւանագէտ» վերբերելու եւ շեշտելու համար իրենց եւ Հայ Եկեղեցիին ասպարէզին ու դերին քաղաքակա՛ն տարածքը հայ միջնաշխարհեան – այսինքն տարբեր պետութեանց եւ ուժերու միջեւ – կացութեան: 

Իրողապէս, Եկեղեցիին հազարամեայ քաղաքական պատմութիւնը, իբրեւ իւրայատուկ եւ կարեւոր նիւթ եւ մաս հայոց պատմութեան, եւ մասնաւորաբար Արեւմտեան Հայաշխարհին՝ չէ արժանացած վերլուծումի: Տասերորդ դարէն իսկ, նախ քան հայ թագաւորութեանց անկումը եւ ժողովուրդին զանգւածային գաղթերը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ, եւ մասնաւորաբար շրջանային ուժերու եւ նոր թափանցումներու հետեւանքով զարգացաւ ընդաձակ արեւմտեան հայաշխարհ մը բնիկ հողէն դուրս:  Մասնաւորաբար Կիլիկիոյ մէջ, առաջին անկախ քաղաքական միաւորին, եկեղեցին ստացաւ տարբեր հանգամանք եւ պարտաւորութիւններ: Արեւելեան Հայաշխարհը, որ նւազ կերպով ենթակայ էր շրջանային եւ միջազգային յարաբերութեանց, ունեցաւ ի՛ր հարցերը եւ զարգացումի ուղիները: Սակայն այս հարցերը արդէն սկսած էին զարգանալ արդէն Օձնեցիի ժամանակ: Իր, նաեւ իր նախորդներէն Սուրբ Սահակ Գ. Ձորափորեցիի (իշխ. 677-703) հասկացողութիւնը կացութեան եւ խիզազ դիւանագիտութիւնը արտակարգօրէն հետաքրքրական պարագաներ  են:

8-րդ դարուն Եկեղեցիին միաժամանակ դաւանաբանական եւ դիւանագիտական ասպարէզը  արդէն գծւած էր իր մեծերուն ասպարէզովը: Երբ ժողովուրդին զանգւածային տարածումը դէպի արեւմուտք եւ հարաւ  ստեղծեց Արեւմտեան Հայաշխարհ մը, այս հաստատութիւնը ինքզինք գտաւ նոր կացութեան մէջ եւ պարտաւորութեանց տակ Միջին դարերէն մինչեւ Մեծ Եղեռնը եւ անկէ ետք մինչեւ ներկայիս: Եթէ Սահակ Գ սուրբը իր կեանքով եւ մահով, նաեւ յետ մահու դիւանագիտական յաղթանակով մարմանաւորեց հայոց պատմութեան ամէնէն մութ պահերը եւ Եկեղեցիին դերը, մի քանի տասնամեակ ետք Յովհան Գ. սուրբը, եղաւ բարեկարգիչ, կանոնագէտ, եւ մեծ վարպետը միջնաշխարհեան դիւանագիտութեան: Այս բեմին վրայ եւ միջավայրին մէջ գտան իրենք զիրենք Շնորհալին եւ իրմէ առաջ Գրիգոր Գ. եւ Գրիգոր Բ. Վկայասէր շարունակեցին աւանդը: Մի քանի հարցեր են ասոնք Մատենաշարին նիւթերու լայն շրջանակներէն:

– – – – – – – – – –

*Western Prelacy of the Armenian Apostolic Church of America Book Series “Fundamentals and Phases in the Making of the Western Armenian World”

Անգլերէն խորագիրները.-

**Book I. Nersēs IV Shnorhali Saint and Diplomat and the Persistence of the People and the Church in the Western Armenian World. (2005)

Book II. Yovhan III Ōdznets‘i. Saint, Jurist and Great Master of Armenian Mesopolitan Culture and Diplomacy. (2005)

Related Articles

Back to top button