Արամ Ա կաթողիկոսը Սփիւռքի վերակազմակերպման հարցով քաղաքական քննարկումներ կունենայ
Անթիլիասի Մայրավանքում Ազգային Կենտրոնական վարչութեան նիստեր են անցկացւել։ Այս մասին յայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնից:
«Նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին, յառաջիկայ օրերու ընթացքին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ յաջորդաբար պիտի գումարւին Ազգային Կենտրոնական վարչութեան լիակատար նիստեր։
Առաջին հերթին, Կրօնական ժողովը իր նիստը պիտի գումարէ, ուր պիտի քննւին առաւելաբար կրօնական բնոյթ ունեցող ծրագիրներ ու աշխատանքներ։ Երկրորդ օրը Քաղաքական ժողովը պիտի հանդիպի՝ քննելու համար Կաթողիկոսարանի կառոյցներուն գործունէութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը նաեւ առանձին հանդիպումներ պիտի ունենայ թեմերու ներկայացուցիչներուն հետ։ Իսկ վերջին օրը, պիտի գումարւի Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Կրօնական ու Քաղաքական ժողովներու խառն նիստ, մասնակցութեամբ թեմակալ առաջնորդներու եւ թեմերու ազգային վարչութեանց ներկայացուցիչներուն։ Յիշեալ հաւաքին օրակարգի հիմնական նիւթը պիտի ըլլայ Սփիւռքի վերակազմակերպումը»,- ասւած է հրապարակւած հաղորդագրութեան մէջ։