Ճեմարանը՝ 95 տարեկան

«Համազգային»-ի Հայ ճեմարանը հիմնւած է 3 մարտի 1930-ին, Բէյրութի մէջ, եւ այսօր, 95 տարիներ ետք, 3 մարտի 2025-ին ան կը դառնայ 95 տարեկան:
95 տարիներէ ի վեր Հայ ճեմարանը կառչած կը մնայ իր նպատակին՝ նորահաս սերունդներուն տալով ընդհանուր կրթութիւն եւ հայեցի դաստիարակութիւն: Իր հիմնադիրներուն՝ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի տեսլականին հաւատարիմ, ճեմարանը հայ հանրութեան կընծայէ ընդհանուր գիտութիւններու տէր եւ հայ լեզւի, Հայոց պատմութեան, հայ մշակոյթի ու Հայ Դատի պահապան յանձնառու եւ գիտակից անհատներ:
Այսօր ճեմարանը կը գործէ իր վեց բաժիններով՝ մանկամսուր, մանկապարտէզ, տարրական, նախակրթարան, միջնակարգ ու երկրորդական, եւ հակառակ ներկայ մարտահրաւէրներուն ու տագնապներուն՝ ան կը շարունակէ մարդակերտման եւ հայակերտման իր առաքելութիւնը, կը պահէ իր յատուկ ոգին ու եզակի մթնոլորտը, միաժամանակ տէր կը կանգնի աւանդականին ու քայլ կը պահէ այժմէականին հետ:
Ճեմարանականները կը շարունակեն իրենց ներդրումը ունենալ ազգային հասարակական կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ՝ գիտական, գրական, կրթական, մշակութային, մարզական եւ այլազան բնագաւառներէն ներս, աշխարհի չորս ծագերուն:
Այսօր դպրոցէն ներս աշակերտական տօնակատարութիւններով մեկնարկը կը կատարւի 95-ամեակի ձեռնարկներուն, իսկ առաջիկայ ամիսներուն ճեմարանի մէջ թէ այլուր պիտի կազմակերպւին տարբեր բնոյթի ձեռնարկներ՝ արժանավայել ձեւով նշելու համար ճեմարանի 95-րդ տարեդարձը:
Այս առիթով կազմակերպւած է նաեւ ճեմարանի 95-ամեակը ներկայացնող տարբերանշանի պատրաստութեան մրցոյթ մը: Ընտրւած տարբերանշանը պիտի գործածւի 95-ամեակի բոլոր նախաձեռնութիւններուն ընթացքին, ըլլան անոնք հրապարակային ձեռնարկներ, հրատարակութիւններ կամ առցանց աշխատանքներ: Մրցոյթի մանրամասնութիւններուն համար կարելի է հետեւիլ ճեմարանի ընկերային ցանցերու յայտարարութիւններուն:
Վա՛րձքը կատար՝ հայ դպրոցին հաւատացողներուն եւ հայ դպրոցին դաստիարակութեան վստահած հայ ծնողներուն ու ընտանիքներուն:
Վա՛րձքը կատար՝ ճեմարանի առաքելութեան հաւատացող անխոնջ ու նւիրեալ կրթական մշակներուն:
Ջահդ տակաւին երկար տարիներ վա՛ռ պիտի մնայ:
Տարեդարձդ շնորհաւո՛ր, սիրելի՛ ճեմարան:
«Համազգային»-ի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան
ճեմարանի տնօրէնութիւն
1930 – 2025
Ճեմարանը՝ 95 տարեկան
28 մայիսի 1928-ին Կահիրէի մէջ կը հիմնւի ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՀՐԱՏԱՐԱԿՉԱԿԱՆ «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ԸՆԿԵՐՈՒԹԻՒՆԸ, որուն էական եւ առաջին ծրագիրներէն մէկը կըլլայ հիմնել երկրորդական վարժարան մը:
Այս նպատակով, «Համազգային»-ի հիմնադիրներէն՝ Հայաստանի Ա Հանրապետութեան խորհրդարանի փոխնախագահ Լեւոն Շանթ եւ լուսաւորութեան նախարար Նիկոլ Աղբալեան կու գան Լիբանան, ուր կը հիմնեն ՀԱՅ ՃԵՄԱՐԱՆԸ:
3 մարտի 1930-ին Բէյրութի Քանթարի թաղին մէջ վարձւած երկյարկանի շէնքի մը մէջ Հայ ճեմարանը կը բանայ իր դռները 15 աշակերտներով:
Յառաջիկայ տարեշրջանին արդէն Հայ ճեմարանի աշակերտութեան թիւը կը բարձրանայ 64 աշակերտներու. կը կազմւին մէկ նախապատրաստական եւ երեք հիմնական դասարաններ:
Հայ ճեմարանը ունէր հիմնական մէկ նպատակ՝ պատրաստել վաղւան մտաւորական սերունդը եւ հայ լեզւին, գրականութեան, պատմութեան ու մշակոյթին գոյատեւման եւ զարգացման պատասխանատու անձերը:
Հիմնադրութեան առաջին տարիէն ճեմարանը կունենայ նաեւ գիշերօթիկի բաժին, որպէսզի այլ երկիրներէ ուսանողներ կարենան գալ եւ ստանալ հայեցի կրթութիւն:
1935-ին Հայ ճեմարանը կու տայ իր առաջին ութ շրջանաւարտները, որոնց մեծ մասը կը դառնայ ճեմարանի կամ հայ ազգային վարժարաններու մէջ ուսուցիչ:
Յաջորդող տարիներուն աշակերտութեան թիւը հետզհետէ աճ կարձանագրէ, եւ շուտով ճեմարանը կը փոխադրւի աւելի ընդարձակ հին շէնք մը՝ Ուադի Աբու Ժեմիլ թաղին մէջ: Աւելի ուշ, ժամանակաւորապէս, ճեմարանի որոշ դասարաններ կը փոխադրւին նաեւ Նորմանտիի շրջանին մէջ շէնքի մը գետնայարկը:
1948-ին Հայ ճեմարանը կունենայ իր սեփական շէնքը Զոքաք էլ Պլաթի մէջ՝ շնորհիւ իրենց վաղամեռիկ եղբօր՝ Նշան Փալանճեանի յիշատակին Փալանճեան քոյրերու կատարած նւիրատւութեան, ինչպէս նաեւ՝ Լ. Շանթի Ամերիկայի գաղութէն հանգանակած եւ Հայ Օգնութեան միութեան տրամադրած գումարներուն:
Հայ ճեմարանի նոր շէնքի պաշտօնական բացումը տեղի կունենայ շաբաթ, 27 մայիսի 1950-ին, ներկայութեամբ՝ Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահ շէյխ Պշարա Խուրիի, վարչապետ Ռիադ Բէյ Սոլհի, հայ թէ օտար բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, յարանւանութիւններու ներկայացուցիչներու եւ արտասահմանէն ժամանած հիւրերու: Հանդիսութեան աւարտին Լիբանանի նախագահը Լեւոն Շանթը կը պատւէ Լիբանանի «Արժանեաց Ա կարգ»-ի ոսկիէ շքանշանով՝ առ ի գնահատանք կրթական ասպարէզին մէջ անոր մատուցած ծառայութիւններուն:
Հայ ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչւի Համազգայինի Նշան Փալանճեան ճեմարան:
Լեւոն Շանթի մահէն ետք ճեմարանի տնօրէնութեան պաշտօնին կը հրաւիրւի Հայաստանի Ա Հանրապետութեան վերջին վարչապետ Սիմոն Վրացեան, որ կը շարունակէ աշխատանքը երկու օգնականներով՝ ճեմարանի առաջին շրջանաւարտներէն փորձառու ուսուցիչներ Մուշեղ Իշխանի եւ Գառնիկ Բանեանի: Առաջինը կը ստանձնէ կրթական, իսկ երկրորդը վարչական գործերը:
Աշակերտներուն թիւը տարւէ տարի աճ կարձանագրէ, հետեւաբար «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ» ՀԱՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ԵՒ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ Կենտրոնական վարչութիւնը եւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կորոշեն կառոյցը ընդարձակել ու զայն օժտել առանձին մանկապարտէզով, գիտաշխատանոցով, գրադարան-մատենադարանով եւ մարզադաշտով: Յաջորդող տարեշրջանները դարձեալ կըլլան վերելքի տարիներ, եւ կառոյցը առաւել եւս կընդարձակւի: Աշակերտութեան թիւը կը հասնի 600-ի:
Ս. Վրացեանի մահէն ետք, 1969-ին, «Համազգային»-ի Կենտրոնական վարչութեան որոշումով ճեմարանի գիտութիւններու ուսուցիչ եւ գիտաշխատանոցի պատասխանատու Հրաչ Տասնապետեան կը դառնայ ճեմարանի ջահը վառ պահելու յանձնառու տնօրէնը:
Յաջորդող հինգ տարեշրջաններուն ճեմարանի աշակերտներու թիւը կը հասնի 1000-ի: Հետեւաբար 1975-ի սկիզբը Համազգայինի Կենտրոնական վարչութիւնը կը ծրագրէ աւելի ընդարձակ Ճեմարան մը կառուցել եւ Անթիլիասի Մըզհերի շրջանին մէջ կը գնէ հողաշերտ մը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին պատճառով, 1975-76 տարեշրջանէն սկսեալ ճեմարանը կը դառնայ երբեմն երկճիւղ, նոյնիսկ՝ եռաճիւղ: Որոշ շրջան մը աշակերտներու փոքր թիւ մը կը մնայ Նշան Փալանճեան ճեմարան, իսկ մեծ մասը կը փոխադրւի նախ ժամանակաւոր կերպով Մարտիկեան վարժարան (Անթիլիասի մայրավանք), ապա՝ երկու տարի Տըպպայայի Կենաց վարժարան:
1977 մայիսին, Խորէն Ա եւ Գարեգին Բ կաթողիկոսներու ներկայութեամբ, տեղի կունենայ Մըզհերի համալիրի պաշտօնական հիմնարկէքը:
Ճեմարանը կը շարունակէ իր երկճիւղ գործունէութիւնը՝ Նշան Փալանճեան ճեմարանի եւ Բուրջ Համուդի մուտքին Շաղզոյեան եղբայրներու նւիրատւութեամբ գնւած շէնքին մէջ:
1987-88-ին տարեշրջանին, «Համազգային»-ի Մըզհերի կրթական համալիրի կենտրոնական շէնքին մէկ մասը արդէն իսկ կառուցւած էր: Նոյեմբեր ամսուն Բուրջ Համուդի աշակերտութեան միջնակարգ եւ երկրորդական բաժինները կը փոխադրւին նոր շէնք, եւ դպրոցական կեանքը կը սկսի Մըզհերի (Ծաղկաձոր) համալիրին մէջ:
20 նոյեմբեր 1988-ին տեղի կունենայ Մըզհերի ճեմարանին բացման հանդիսութիւնը՝ ներկայութեամբ Գարեգին Բ կաթողիկոսի, կառոյցի բարերար Արսլանեան ընտանիքի անդամներուն եւ մեծաթիւ հիւրերու: Ծաղկաձորի ճեմարանը պաշտօնապէս կը կոչւի «Համազգային»-ի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարան:
Երեք տարի ետք տեղի կունենայ Մըզհերի ՀՕՄ-ի «Նորսիկեան» մանկապարտէզի պաշտօնական բացումը:
Մինչեւ 2001 ճեմարանը քանի մը տարի երկու շրջաններու մէջ կը շարունակէ իր կրթական գործը՝ արեւմտեան բաժինը Նշան Փալանճեան, արեւելեանը՝ Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան:
Ճեմարանի տնօրէն Հրաչ Տասնապետեան կը մահանայ մարտ 2001-ին: Այնուհետեւ ճեմարանի տնօրէնութիւնը կը վարէ Տիգրան Ճինպաշեան: Միեւնոյն տարեշրջանին ճեմարանը կունենայ նոր բաժին մը՝ մանկամսուրը:
18 հոկտեմբերի 2010-ին Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի սրահին մէջ տեղի կունենայ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Համաշխարհային հայկական կոնգրեսին կողմէ կազմակերպւած «Լաւագոյն հայկական կրթօջախ» մրցումին մրցանակներու յանձնումը: Հայկական վարժարաններուն մէջ լաւագոյնի տիտղոսին կարժանանայ Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանը:
Ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեան հանգստեան կը կոչւի յունիս 2016-ին, եւ տնօրէն կը նշանակւի Փաուլա Եղիայեան:
Ապրիլ 2018-ին, տէր եւ տիկին Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեաններու նւիրատւութեան շնորհիւ, բացումը կը կատարւի Համազգայինի Րաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան արդիական մանկամսուրին, որ կընդունի 3 ամսականէն 3 տարեկան երեխաներ: «Համազգային»-ի Ռաֆֆի եւ Անելկա Արսլանեան մանկամսուրը կը սկսի գործել 1 սեպտեմբեր 2018-ին:
Եւ ահա այսօր, 3 մարտ 2025-ին, ճեմարանը կը դառնայ 95 տարեկան:
95 տարիներէ ի վեր ճեմարանը կը շարունակէ իր հիմնադիրներուն առաքելութիւնը. ճեմարանի մէջ դպրոցական կեանքը աշխուժ է ու բեղուն. ճեմարանի աշակերտները հայերէնագիտական դասանիւթերու կողքին, կը պատրաստւին լիբանանեան պըրըվէի պետական քննութիւններուն եւ լիբանանեան ու ֆրանսական պաքալորէայի պետական զոյգ քննութիւններուն՝ ապահովելով բարձր եւ գնահատելի յաջողութիւններ:
Ճեմարանի բոլոր կարգերու աշակերտները, դասարանային աշխատանքներու կողքին, արտա-դասարանային զանազան այցելութիւններով ու պտոյտներով կը հարստացնեն իրենց գիտելիքներու շտեմարանը եւ այլազան հմտութիւնները: Անոնք նոյնպէս կը մասնակցին սեմինարներու ու աշխատանոցներու, ինչպէս նաեւ կայցելեն բարեսիրական զանազան հաստատութիւններ, ներկայ կը գտնւին գեղարւեստական ելոյթներու եւ ընդհանուր զարգացման, մշակութային ու մարզական մեծ թիւով մրցոյթներու՝ ապահովելով միշտ առաջնային դիրքեր: Կը հրատարակւին նաեւ միջնակարգ բաժինի «Կանթեղ» եւ երկրորդական բաժինի «Ջահակիր» աշակերտական տարեգիրքերը:
1936-ին հիմնւած ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը այսօր կը գործէ մինչեւ օրս: «Համազգային»-ի Փալանճեան-Արսլանեան ճեմարանի շրջանաւարտներու միութիւնը մայր հաստատութեան կողքին է իր աշխարհասփիւռ Ճեմարանականներով:
Ճեմարանի շրջանաւարտները հաստատ քայլերով կուղղւին դէպի բարձրագոյն ուսում եւ իրենց ձեռք բերած արդիւնքներով ու յաջողութիւններով բարձր կը պահեն ճեմարանի ջահը:
Ճեմարանէն ներս գործող անձնւէր անձնակազմը եւ բոլոր գրասենեակները մեծ նւիրումով կը շարունակեն հայ մտքի ու մշակոյթի մեծանուն առաքեալներ Շանթի ու Աղբալեանի տեսլականը: Անոնց շունչն ու ոգին կը շարունակւի:
Ճեմարանի բոլոր աշխատանքներու զեկուցումները առօրեայ դրութեամբ եւ մնայուն կերպով կը զետեղւին ճեմարանի պաշտօնական կայքէջին (www.djemaran.edu.lb), ֆէյսպուքի էջին (M. & H. ARSLANIAN DJEMARAN) եւ ինսթագրամի էջին (arslaniandjemaran) վրայ:
Եւ երթը նոյն թափով ու նոյն կորովով կը շարունակւի դէպի 100-ամեակ:
«ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-Ի ՄԵԼԱՆՔԹՈՆ ԵՒ ՀԱՅԿ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
«Ազդակ»