«Հաւատով խոստովանիմ»-ը ընթերցւել է 24 լեզուներով
Միջեկեղեցական աղօթք Նիւ Եօրքում՝ Արամ Ա կաթողիկոսի նախագահութեամբ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների Արեւելեան հայոց թեմի կատարած այցելութեան առիթով եւ նկատի ունենալով Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսին մասնակցութիւնը միջեկեղեցական շարժմանը եւ ունեցած լայն կապերը, ազգային առաջնորդարանը միջեկեղեցական աղօթքի արարողութիւն է կազմակերպել Նիւ Եօրքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցու մէջ: Վեհափառ Հայրապետի կողքին արարողութեանը մասնակցել են Ամերիկայի Արեւելեան հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Անուշաւան արք. Դանիէլեանը եւ Արեւմտեան հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Թորգոմ եպս. Տօնոյեանը:
Ինչպէս տեղեկացնում են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնից, միջեկեղեցական աղօթքի մաս են կազմել նաեւ Նիւ Եօրքի բոլոր օտար եկեղեցիների ներկայացուցիչները:
«Հաւատացեալներու ներկայութեան տեղի ունեցած եկեղեցական այս արարողութիւնը խոր տպաւորութիւն թողուց ներկաներուն եւ առցանց հետեւողներուն վրայ: Եզակի երեւոյթ էր յատկապէս Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքի 24 տուներուն ընթերցումը 24 լեզուներով՝ ներկաներուն կողմէ։
Միջեկեղեցական աղօթքի աւարտին, առաջնորդ Սրբազան Հայրը խօսք առնելով՝ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը իր պատգամը փոխանցելու: Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ միութեան ըմբռնումին ու հրամայականին, ինչպէս նաեւ միութեան գործնական արտայայտութիւն տալու միջոցներուն: Ան յատկապէս շեշտեց, որ ներկայ աշխարհին մէջ, երբ քրիստոնեայ հաւատքը վտանգւած է, անհրաժեշտ է մէկ կողմ թողուլ անցեալէն ժառանգւած դաւանական հարցերը եւ միջեկեղեցական գործակցութեան ճամբով հասարակաց կեցւածքներ որդեգրել քրիստոնէական հաւատքը վտանգող շարժումներուն նկատմամբ:
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն»,- ասւում է հաղորդագրութեան մէջ: