Գաղափարական

Լեւոն Զուրաբեանը՝ Արամ Մանուկեանի եւ ցեղասպանութեան մասին

Ինչո՞ւ Զուրաբեան իր այլապէս այնքան կուռ վերլուծումին մէջ կը բերէ Ցեղասպանութեան պատճառաբանութեան բացատրական այս վարկածը եւ կը նշէ Արամ Մանուկեանը, ընդ որում, Մահարիի գործի յղումով, զայն նկատելով ցեղասպանութեան պատճառ դարձած գործօններէն մէկը:


Խ. Տէր Ղուկասեան

Սաթիկ Սէյրանեանի Պրեսսինգ հաղորդաշարի իր վերջին հարցազրոյցին մէջ (Մարտ 24, 2024), Հայ Ազգային Կոնգրէս (ՀԱԿ) կուսակցութեան փոխ-նախագահ Լեւոն Զուրաբեան կը հրամցնէ ներկայ իշխանութիւններուն եւ անձնապէս Նիկոլ Փաշինեանի քաղաքական ուղեգիծին թերեւս ամէնէն յստակ վերլուծումը: «Էս մարդը», կ’ըսէ Զուրաբեան Փաշինեանին մասին խօսելով, «ինքն էլ չգիտի, թէ ոնց բերի խաղաղութիւն, ինքն էլ չգիտի, թէ ինչ գին պէտք է վճարի խաղաղութեան համար:» Չունի ռազմավարութիւն, ընդ որում կը ստեղծէ հետեւողական պատրանքներ ժողովուրդին խաբելու համար, եւ իր քաղաքական ապագան կապած է նոր պատրանքի մը՝ խզել Ռուսիոյ հետ եւ գնալ Արեւմուտք:

Ընդլայնելով «պատրանքներ»ով քաղաքականութիւն ընելու իր վերլուծումը, Զուրաբեան, հարցազրոյցի աւարտի մօտ (ձայնագրութեան 1:25:20-էն սկսեալ) կ’անդրադառնայ 1915-ի Ցեղասպանութեան պատճառներուն, եւ կ’ըսէ, թէ այն տեղի ունեցաւ «որովհետեւ մենք հաւատում էինք եւրոպական մեծ տէրութիւնների եւ Ռուսաստանի խոստումներին, կարանթիաներին, որ նրանք… Օսմանեան Կայսրութիւնում վեց Վիլայէթներին, Պերլինի կոնգրէսին… հաւատո՞ւմ էինք չէ», եւ կը շարունակէ, ենթադրելով որ եթէ «մենք չհաւատայինք, մի քիչ աւելի պրագմատիկ տրամադրուած լինէինք, չգնայինք այնքան լուրջ կոնֆրոնտացիայի եւայլն եւայլն, մենք ահագին բան կը փրկէինք»:

Մէկ քայլ աւելի առաջ անցնելով, Զուրաբեան խորհուրդ կու տայ կարդալ Գուրգէն Մահարիի Այրուող Այգեստաններ վէպը, անդրադառնալու համար «ոնց իրականում այդ մարդիկ, վանեցիները, իրենք կարենային եոլա գնալ թուրքական իշխանութիւնների հետ, բայց եկան կողքից, Թիֆլիսից, Ղարաբաղից, ինչ որ պրոպականտիստներ, Արամ Մանուկեանը եւայլն, եւայլն, եկան, խառնեցին, տարան դէպի կոնֆրոնտացիա, եւ տեղի ունեցաւ Ցեղասպանութիւնը»:

Դժուար է հասկնալ, թէ ինչո՞ւ Զուրաբեան իր այլապէս այնքան կուռ վերլուծումին մէջ կը բերէ Ցեղասպանութեան պատճառաբանութեան բացատրական այս վարկածը եւ կը նշէ Արամ Մանուկեանը, ընդ որում, Մահարիի գործի յղումով, զայն նկատելով ցեղասպանութեան պատճառ դարձած գործօններէն մէկը: Գիտա՞կցաբար եղած է այդ, թէ՞ լոկ ոչ-գիտակից վրիպում մըն է: Եւ ինչո՞վ Արամ Մանուկեանի կերպարի Մահարիական ինքնին խնդրայարոյց եւ գրական ու ոչ-գրական ահագին բանավէճի նիւթ դարձած մեկնաբանութիւնը Զուրաբեանի հարցազրոյցին մէջ յաւելեալ բացատրութիւն կամ յստակացում կը բերէ Փաշինեանի հայրենի հող յանձնող քաղաքականութեան իր վերլուծումին:

Ամէն պարագայի, գիտակից թէ անգիտակից, Զուրաբեան անկեղծ է իր, իր կուսակցութեան եւ անոր հիմնադիրին խորքային համոզումին, ընդ որում Ցեղասպանութեան առաջնահերթային պատասխանատուութիւնը պիտի փնտռել մեր մէջ, Օսմանեան Կայսրութեան հետ «կոնֆրոնտացիա»յի երթալու փոխանակ «եոլա երթալու», եւ եւրոպացիներէն թէ Ռուսիայէն փրկութեան «պատրանքներ» ունենալու: Եօթանասունամեայ խորհրդային վարչակարգի պայմաններու մէջ զարգացած պոլշեւիկեան այս թէզը, անկախութեան առաջին տարիներուն վերաճեցաւ «պետական մտածողութեան», որ կտրուկ հակադրուեցաւ «պատրանքային» Հայ Դատի պահանջատիրութեան եւ ՀՀ արտաքին քաղաքականութեան մէջ ամրագրուեցաւ որպէս «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ» սկզբունք: Այս վերջինը երբեք չենթարկուեցաւ քննադատական մօտեցումով պարբերական վերատեսումներու, գէթ ճշդելու համար թէ գործնական գետնի վրայ ճիշդ ինչ կրնայ նշանակել, եւ արդե՞օք կարելի չէ այլընտրանքային մօտեցման սկզբունքային բանաձեւում մը:

Նիկոլ Փաշինեանը հրապարակային կերպով երբեք չէ թիրախաւորած Արամ Մանուկեանը: Ընդհակառակը, հաւատալով թէ պարզապէս հաւատարիմ իր ամբոխահաճոյ քաղաքական ոճին, հրապարակային իր քանի մը ելոյթներուն մէջ վեր առած է անոր կերպարը: Բայց Նիկոլ Փաշինեան քաղաքական գործիչը կազմաւորուեցաւ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի անմիջական հովանաւորութեամբ, եւ անոր ձեռքէն բռնած մտաւ քաղաքական բեմ: Եւ Քառասունչորսօրեայ Պատերազմի պարտութենէն ի վեր թրքական բոլոր նախապայմաններուն ընդառաջելով կ’աշխատի յարաբերութիւնները տեղափոխել «չթշնամանք»ի նման սոփեստութիւններու մակարդակ:

Սէյրանեանի հետ իր ունեցած հարցազրոյցին մէջ Զուրաբեան փաստը կու տայ փանթրքական ծրագրի առկայութեան իր գիտակցումին երբ կ’անդրադառնայ Զանգեզուրի միջանցքի թուրք-ատրպէյճանական պահանջին: Եթէ այդ գիտակցումին հասած է իր քաղաքական ուժը, որ երբ որպէս Հայոց Համազգային Շարժում իշխանութիւն եղաւ 1990-ականներուն հարցականի տակ դրաւ, մինչեւ իսկ ժխտեց, փանթրքականութիւնը իր այժմէականացած ձեւով, ինչո՞ւ կը շարունակէ պատմութեան վերատեսութիւնը ընդ որում 19-րդ դարու աւարտի 20-րդ դարու առաջին երկու տասնամեակներու հայ ազգային ազատագրական պայքարը, հայկական յեղափոխութի՛ւնը, կը վերածէ Ցեղասպանութեան պատճառի, այսինքն՝ կը պնդէ պոլշեւիկեան թէզին վրայ…

Արամ Մանուկեանը Ցեղասպանութեան պաճառ՝ իրա՞ւ… Ինչո՞ւ այս ցեխարձակման թէկուզ եւ ակամայ շարունակումը յիշատակին անոր, որ Վանի հերոսամարտը կազմակերպեց, «Երեւանը չե՛նք դատարկի» պատգամեց, Սարդարապատի, Ղարաքիլիսէի եւ Բաշ Ապարանի մէջ յաղթե՛ց, վեց դարերու ստրկութենէ յետոյ անկախ պետականութեան ծնունդ տուաւ…

Փաշինեանական աղէտը կասեցնելու հետամուտ ընդդիմութեան բոլոր քաղաքական ուժերն ու ակնառու գործիչները կարծես կը գիտակցին ուժերու համախմբման անհրաժեշտութեան: Զուրաբեանին անկասկած պիտի տեղադրել ընդդիմադիր այդ համախմբման մէջ, ոչ միայն որովհետեւ իր վերլուծումները համահունչ են ընդհանրապէս բոլոր ընդդիմադիրներու վերլուծումներուն, այլ նաեւ որովհետեւ ան բազմիցս փաստը տուած է ներքին թէ արտաքին քաղաքականութիւնը ազգային շահի պաշտպանութեան բանականութեան ուղիին բերելու ճիգերուն կարեւոր ներդրում ունենալու կարողութեան: Այս իմաստով, ընդդիմադիր ուժերու ուշադրութենէն թերեւս վրիպին պատմութեան վերատեսութեան հետամուտ եւ Արամ Մանուկեանի նման տիպարի մը հանդէպ մեղմ ըսուած ոչ-պատշաճ արտայայտութիւնները: Բայց հայ քաղաքական մտածողութիւնը ինչ որ տեղէ մը զգաստութեան ձայն պիտի բարձրացնէ նման սայթաքումներու եւ մի գուցէ պատմութեան վերատեսութեան համոզումներուն դէմ, որոնք մօտիկ անցեալին այսօրուան Նիկոլ թէ ոչ, երկփեղկումէն շատ աւելի խորքային երկփեղկումի առաջնորդեցին: Եթէ մօտիկ անցեալի եւ անմիջական ապագայի պատմական վերատեսութիւն մը կայ, ապա եւ այդ մէկը (ինքնա)քննադատական մօտեցումն է «Թուրքիոյ հետ առանց նախապայմաններու յարաբերութիւններ» սկզբունքին, թէ՞ իսկական «պատրանք»ին…

Այդ տեղը ուրկէ հայ քաղաքական մտածողութիւնը նման զգաստութեան փաստը պիտի տայ Սփիւռքն է: Թէ այս իշխանութիւններուն հեռացումը միայն դրական կրնայ ըլլալ Սփիւռքի մէջ հաւաքական հիասթափութեան վերջ տալու իմաստով կասկածի առիթ չի տար: Առնուազն կարելի է յուսալ, որ «պետականամէտ» ինչ որ սփիւռքի մը առաջացման հաւանակնութեամբ Սփիւռքը անտեսող եւ պառակտող քաղաքականութիւնը կասեցուի: Բայց Սփիւռքը գործնական քիչ եւ ոչինչ կրնայ ընել Հայաստանի ներքաղաքական ոլորտին մէջ, ինչ որ հարցով ստեղծուելիք կամ ստեղծուած կացութեան վրայ ազդելու իմաստով: Անկախութենէն ի վեր, հայկական պետական համակարգին մէջ Սփիւռքին ձայնով եւ քուէով մասնակցութեան հայեցակարգ ստեղծելու քաղաքական ոչ մէկ կամեցողութեան կամ համախոհութեան նախանշան տրուած է:

Ընդհակառակը, հայրենի քաղաքական հատուածները ընդհանրապէս դժկամ եղած են լոկ հետեւորդ Սփիւռքէն աւելի յանդուգն Սփիւռք մը ընդունելու որպէս գործընկեր: Այս իշխանութիւններու հեռացումը, հետեւաբար, ոչ անհրաժեշտ եւ նուազ՝ բաւարար պայման է Սփիւռքը հիասթափութենէն վիրինքնակազմակերպումի, ուրոյն օրակարգի ստեղծման եւ քաղաքական մտածողութեան ու գործի դաշտի վերաձեւաւորման մղելու համար: Այդ մէկին նախանձախնդրութիւնը պիտի գայ Սփիւռքէն, եւ առաջին հերթին համասփիւռքեան կազմակերպական ցանց եւ զօրաշարժի կարողութիւն ունեցող կառոյցներու ղեկավարութիւններէն եւ շարքերէն: Որովհետեւ՝ մտահան պէտք չէ ընել, որ անկախութենէն յետոյ պոլշեւիկեան պատմական խեղաթիւրման վերաբանաձեւման եւ անոր «պետական մտածողութեան» տրամաբանութիւն տուող ճիգերուն մէջ իրենց ներդրումը ունեցան նաեւ սփիւռքեան շրջանակներ եւ անձնաւորութիւններ:

«Հորիզոն»

Related Articles

Back to top button