Գումարւեց ՀՅԴ Պատանեկան միութիւնների տարածաշրջանային խորհրադաժողովը
Ապրիլ 2024-ին, Թեհրանի մէջ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական գրասենեակին կազմակերպութեամբ գումարւեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութիւններու պատանիներու տարածաշրջանային յատուկ խորհրադաժողովը, որուն մասնակցում էին Հայաստանի, Արցախի, Թեհրանի, Նոր Ջուղայի, Սիրիոյ եւ Լիբանանի Պատանեկան միութիւններէն 23 պատանիներ ու վարիչներ, ՀՅԴ Բիւրոյի Երիտասարդական խորհուրդէն անդամներ եւ հիւրընկալող շրջանէն ներկայացուցիչներ:
Եռօրեայ խորհրդաժողովին պատանիները քննարկեցին ազգային ինքնութեան ու արժեհամակարգին, հայրենասիրական ու ազգային դաստիարակութեան, միութենական կեանքի եւ պատանիի տիպարին ու առաքելութեան առնչւած օրակարգեր:
Պատանիները իրազեկ դարձան նաեւ անցնող հնգամեակին Արցախի քաղաքական անցուդարձերուն եւ արցախցիներուն հայրենի տուն վերադառնալու անկոտրում կամքին: Պատանիները հաստատեցին, որ Արցախի հարցը փակւած կարելի չէ համարել մինչեւ անոր արդար լուծումը:
Միջին Արեւելքի քաղաքական, ապահովական, հասարակական թէ այլ բազմաբնոյթ կացութիւններու, իրավիճակներու ու մթնոլորտի մէջ հասունցած պատանիները` դրսեւորեցին լրջախոհ կեցւածք եւ որպէս դաշնակցական պատանի իրենց կոչումը արդարացուցին:
Arfd.am