Բրիւսէլի մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նւիրւած ՀՅԴ հիմնադրութեան 135-ամեակին

ԲՐԻՒՍԷԼ, ԲԵԼԺԻՔԱ – Շաբաթ, յունւարի 24-ին, Բրիւսէլի «Հայ Տան» մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ձեռնարկ՝ նւիրւած Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակին:
Միջոցառումը համախմբեց տեղւոյն հայութիւնը՝ վերանորոգելու իրենց ուխտը ազգային-ազատագրական պայքարի եւ հայրենաշինութեան վեհ գործին:
Ձեռնարկի հանդիսավար Քարոլ Արիսեան, բանալով յայտագիրը, դիպուկ կերպով բնութագրեց կուսակցութեան էութիւնը. «135-ամեայ, բայց մշտապէս երիտասարդ. այս կուսակցութիւնը ամրապինդ հաւատքով կը խտացնէ իր շարքերը երդւեալներու փաղանգով։ Այսօր 3 ընկերներ միացան ՀՅԴ շարքերուն՝ պատրաստ դիմագրաւելու հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած ազգային, ընկերային ու քաղաքական ամենաբարդ մարտահրաւէրները։ Դաշնակցութիւնը եղաւ ոչ միայն քաղաքական կուսակցութիւն, այլ համահայկական շարժում, որ միաժամանակ գործեց որպէս ազատագրական պայքարի առաջամարտիկ, սփիւռքի երթի ճարտարապետ եւ Հայ Դատի պաշտպան»։

Նորագիրներու Երդման արարողութիւն տօնակատարութեան պաշտօնական բացումէն առաջ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր պահ մը. երեք նորագիր երիտասարդներ, կնքահայրութեամբ Գասպար Կարապետեանի, կատարեցին կուսակցական երդման արարողութիւնը՝ միանալով ՀՅԴ շարքերուն եւ խոստանալով անսակարկ ծառայել Հայ Դատին ու հայութեան:
Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ ունեցան ազգային եւ կուսակցական գործիչներ, որոնք անդրադարձան Դաշնակցութեան անցած ուղիին եւ այսօրւան մարտահրաւէրներուն:
Հայր Զատիկ Վարդապետ Աւետիքեան իր օրհնութեան խօսքին մէջ նշեց. «Մենք քիչ առաջ լսեցինք Հայաստանի քայլերգը, ուր կըսւի՝ «Մեր Հայրենիք ազատ, անկախ»: Այս գաղափարներու ոգիով է, որ 135 տարի առաջ հիմքը դրւեցաւ ազգային, ընկերվարական, ժողովրդավարական յեղափոխական կուսակցութեան՝ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Կուզեմ շնորհաւորել ձեզ բոլորդ այս գեղեցիկ տարեդարձին առիթով եւ մաղթել բարի շարունակութիւն ձեր ազնիւ ու ազգային առաքելութեան մէջ»:
Բելժիքայի Հայերու կոմիտէի նախագահ Ռոպեր Ունուսեան շեշտեց հայկական կառոյցներու դիմացկունութիւնը. «Պատիւ ունիմ ներկայացնելու կոմիտէ մը, որ 2022 թւականին տօնեց իր 100-ամեակը:
Ասիկա ապացոյց է, որ մենք՝ հայերս, եթէ ցանկութիւն ունենք, կրնանք ստեղծել կառոյցներ, որոնք կը գոյատեւեն եւ, հակառակ համաշխարհային քաղաքական իրադարձութիւններուն, կը շարունակեն իրենց գործունէութիւնը՝ հաւատարիմ մնալով իրենց սկզբունքներուն: Կուզեմ ողջունել Բելժիքայի մէջ գտնւող կուսակցութեան բոլոր անդամները, որոնք միշտ կը յարգեն գործող կառոյցները եւ պատրաստակամ են կարգերուն համաձայն գործելու… նաեւ կը տեսնենք Հայաստանի մէջ պետականութիւնը յարգելու նոյն այդ նախանձախնդրութիւնը, նոյնիսկ երբ համաձայն չեն իշխող կառավարութեան որոշ կամ բոլոր արարքներուն։»
Օրւան գլխաւոր պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հրաչ Վարժապետեան, որ խստօրէն քննադատեց Հայաստանի ներկայ կացութիւնը. «Մեր ազգն ու հայրենիքը կապրին աշխարհաքաղաքական բարդ պայմաններու մէջ, իսկ ղեկին յայտնւածները ոչ միայն չեն նպաստեր իրավիճակի բարելաւման, այլեւ օրէ օր երկիրը կը տանին դէպի անդունդ: Ինչպէս դուք, մենք ալ խոր մտահոգութեամբ եւ ընդվզումով կը հետեւինք այս բոլորին, բայց ոչ թէ ձեռնածալ: Չեմ ընդուներ այն քննադատութիւնները, թէ բան չենք ըներ: Մեր տղաքը փողոցները չարչարւեցան ու կալանաւորւեցան ոստիկանութեան կողմէ. մինչեւ այսօր մեր ընկերները բանտերու մէջ են իրենց ճիգերուն համար: Իշխանափոխութիւնը միակ փրկութիւնն է, որ հրատապ է ու անվիճելի»:
Հրաչ Վարժապետեան նաեւ բարձր գնահատեց Բելժիքայի շրջանի դերը. «Շնորհակալութիւն ձեզի բոլորիդ, որ կը մնաք մեր կողքին՝ ամուր ու հաւատարիմ: Առանց համակիրներու իր լայն զանգւածին՝ Դաշնակցութիւնը կը մնայ թերի:
Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ այսօր իր հաստատւած տեղը ունի Բելժիքայի մեր շրջանը: Այս շրջանը կարեւոր դերակատարութիւն ունի Եւրոպական Միութեան մայրաքաղաքին մէջ՝ հայապահպանման, հայեցի դիմագիծի պահպանման, հայակերտման ու Հայ Դատի գործունէութեան մէջ»:
Յոբելենական ձեռնարկը իր ներկայութեամբ եւ հզօր ձայնով զարդարեց սիրւած երգիչ Տաւիթ Յակոբեան, որուն կատարած յեղափոխական եւ ազգային երգերը բարձրացուցին ներկաներու մարտական ոգին ու հպարտութիւնը:
Միջոցառումը աւարտւեցաւ միասնականութեան ջերմ մթնոլորտի մէջ՝ վերահաստատելով, որ 135-ամեայ Դաշնակցութիւնը կը մնայ հայ ժողովուրդի անսասան յենարանը:






