ԳաղափարականՍփիւռք

Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 135-ամեակի արժանավայել յիշատակում

Կազմակերպութեամբ Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան, չորեքշաբթի, 3 դեկտեմբերի 2025-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Նիկոլ Աղբալեանի ծննդեան 150-ամեակին նւիրւած հանդիսութիւն։

Համազգայինի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան անունով հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սագօ Եագուպեան, որ դիտել տւաւ, թէ մեծանուն ուսուցիչ, մանկավարժ, գրագէտ, խմբագիր եւ պետական ու քաղաքական գործիչ էր Նիկոլ Աղբալեան, որ իր ամբողջ կեանքը ձօնած էր մէկ ճշմարիտ կոչումի՝ հայ ազգին ծառայելուն։ Ան շեշտեց, որ Աղբալեան անբեկանելի նւիրումով կը պաշտպանէր հայ լեզւի գոյատեւման ու զարգացման սրբազան գործը՝ հաւատալով, որ ազգի վերելքը կը սկսի լեզւէն, կրթութենէն եւ միացեալ ոգիէն։

Եագուպեան յայտնեց, որ Համազգային կրթական եւ մշակութային միութիւնը, որուն հիմնադիրներէն եղաւ Աղբալեան 1928 թւականին, այսօր ալ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը աշխարհի տարբեր գաղութներուն մէջ՝ իր գաղափարով, իր ոգիով եւ անվերապահ նւիրումով։ Ան աւելցուց, որ այս ձեռնարկը վերապրում մըն է այդ ոգիէն, որ մեզի կը միացնէ` մեր արմատներուն, մեր լեզւին, մեր մշակոյթին եւ մեր պատմական պատասխանատւութեան։

Խօսքի աւարտին Սագօ Եագուպեան հաստատեց. «Նիկոլ Աղբալեան մեզի կը սորվեցնէ, որ մշակոյթը երբեք միայն գիրք չէ, բեմ կամ դասարան մը չէ. մշակոյթը հոգեվիճակ մըն է՝ ապրելու հայ ըլլալու հպարտութեամբ, եւ այսօր, այստեղ, մեր պարտականութիւնն է շարունակել այդ հպարտութիւնը, շարունակել այդ ժառանգութիւնը՝ մեր աշխատանքով, մեր նւիրումով եւ մեր միութեամբ»։

Օրւան առաջին պատգամախօսն էր գրող եւ կրթական մշակ Սալբի Քիւրքճեան, որ ըսաւ. «Կեանքը պատմութեան յուշարարն է, ցայտուն՝ դրօշի պէս, բարձունքին կը յանձնէ իր յաղթապանծ թռիչքը, եւ իբրեւ փարոս՝ կը համախմբէ բոլորս ամէն անգամ, երբ մեր հայեացքը ուղղենք դէպի անհունին` գտնելու համար անցեալ մը բեղուն, հո՛ն, ուրկէ մեր մեծերը կը հսկեն մեզ, մեր իւրաքանչիւր շարժումը, եւ, իբրեւ թելադրանք` կը յղեն` իրենց կոչն ու հրամայականը, պահանջը, յորդորը, հայու վեհութիւնը ամրագրող ճակատագրակա՛ն պայքարը։ Մեր մեծերուն շարքին մէջ, 20-րդ դարու սկիզբին, Նիկոլ Աղբալեան անունը կը տարածւի, երբ ան հազիւ 25 տարեկան էր, սկսնակի քայլերէն հետզհետէ դառնալու՝ գրական-քննադատական ու մշակոյթի առաքեալ, հայ ժողովուրդի դաստիարակ, մանկավարժ ու հասարակական-գաղափարական գործիչ»։

Ճանչնալ ու հաղորդակից ըլլալ գրականութեան` Աղբալեանի համար կը նշանակէ լաւապէս սերտած ըլլալ գրական գործունէութիւնը, որուն հեղինակները գրական հանդիպումներով յաճախ շէնցուցած են Յովհաննէս Թումանեանի «Վերնատուն»-ը։ Անոնք ժողովուրդին տւած են միայն մատչելին` զայն առաջնորդելով դէպի զարգացման ուղիներ։ Դերակատար եղած են, որ գիրն ու գրականութիւնը առօրեայ միտքի պահանջ դառնան իւրաքանչիւր անհատի։

Աղբալեանի համար առաջին հերթին ընթերցումը ինքնին մարտահրաւէր մըն է, որ մարդ անհատը կը քաղէ ընթերցւած տողերուն ընդմէջէն` մղում ունենալով ճշգրիտ իմաստին թափանցելու, խորանալու, կշռադատւած արւեստագէտի արդար չափանիշով, եւ այս լոյսին տակ Աղբալեան իր զեկոյցներուն ընթացքին մտերմաբար կը յայտնէր, որ իր գրախօսականը աւելի շատ կը նմանէր անկեղծ արտայայտութեան, սրտբաց նախաձեռնութեան, դիւրին ու ըմբռնելի՝ ամբողջ ժողովուրդին համար եւ ոչ թէ ուղղւած` յատուկ հատւածի։

Քիւրքճեան ըսաւ, որ 1930-1947 տարիներուն Նիկոլ Աղբալեան Բէյրութի մէջ ժողովուրդին փոխանցած է ջանասիրութեան այն կրակը, որ գիտելիքի ձեռքբերումով կը բոցավառի։ Ան աւելցուց, որ Աղբալեանի գրաւոր թէ բանաւոր ելոյթներուն մէջ իր անձնական կնիքը կար, իր տեսակէտը, ինքնուրոյն ու ինքնատիպ ըլլալու իր ջանքը, ժողովուրդին մէջ սերմանելու, որ մեր արժէքները կը յարատեւեն մեր յառաջացած մտածելակերպով ու ստեղծագործութեամբ, մինչ հայ գրիչը կը չորնայ, երբ զայն գործածութենէ դադրեցնենք։

Գեղարւեստական յայտագիրի Ա. բաժինով Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական կոլէջի «Մեղեդի քառեակ»-ը նւագեց «Ալ այլուղս», «Հոյ նազան» եւ «Երկինքն ամպելա» ստեղծագործութիւնները, որոնցմէ ետք Համազգայինի Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանէն աշակերտներ կատարեցին «Նիկոլ Աղբալեանը եւ Հայ ճեմարանը» ներկայացումը։

Հանդիսութեան երկրորդ բանախօսն էր Հայաստանէն Լիբանան հրաւիրւած ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ եւ Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Գեղամ Մանուկեան։ Առաջին հերթին ան թւարկեց Աղբալեանը ներկայացնելու գլուխները՝ գրականագէտ ու արւեստի մշակ, ազգային հասարակական գործիչ, պետական-քաղաքական գործիչ, Երեւանի պետական համալսարանի հիմնադիր, ՀՀ լուսաւորութեան նախարար, սփիւռքի կառոյցներու հիմնադիր, Հայաստանի հայացման նախաձեռնող, ՀՅԴ տեսաբան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի երկարամեայ անդամ։

Ապա ան յայտնեց, որ Ռուբէն Տէր Մինասեանի հետ, ֆեդայական փորձառու խմբերու օգնութեամբ, Աղբալեան դարձաւ Հայաստանի հայացման ճարտարապետը, եւ Արագածի փէշերու տակ պատսպարւեցան տասնեակ հազարաւոր գաղթականներ, ու այսօր այդ շէնացած բնակավայրերու ժողովուրդը պարտական է նոյնինքն աղբալեաններուն ու ռուբէններուն, մօրուք Կարօներուն ու չոլոներուն՝ իրենց ապահով կեանքին համար։

Գեղամ Մանուկեան նշեց, որ Աղբալեանի նախարարութեան օրերուն կը հաստատւի պարտադիր հանրակրթութիւն, կը հիմնադրւին` մատենադարանը, երաժշտանոցը, Ազգային գրադարանը, կաշխուժանայ մշակութային կեանքը, կը ֆինանսաւորւին Կովկասի բոլոր դպրոցները, հայրենիքի մէջ կը հաստատւի ՀՄԸՄ-ի կառոյցը, կը սկի մշակութային-գիտական ներգաղթը, եւ կը հիմնւի «Մայր համալսարան»-ը՝ Երեւանի պետական համալսարանը։

Ան աւելցուց, որ Հայաստանի անկախութեան կորուստէն ետք, օտարութեան պայմաններուն մէջ, գաղափարական-կազմակերպական փնտռտուքի, շփոթի պայմաններուն մէջ Աղբալեան քանի մը գործերով անդրադարձած է կուսակցութեան, դաշնակցականի կերպարին, ՀՅԴ կազմակերպական կառոյցին ու կանոնագրին` հաւատալով այն բանաձեւումին, որ «դաշնակցականը» կը կորսնցնէ անձնական շահերը ու թանկագին կապեր, որովհետեւ մէկ կողմէ` կը խթանէ կանոնագիրին պահանջը՝ «ամէն ջանք թափել», որուն ինք անձամբ յանձնառու եղած է, իսկ միւս կողմէ կը յարգէ նահատակ ընկերները, որոնք ոչ մէկ բանով պակաս էին եւ յաճախ շատ բանով աւելին էին, եւ որոնք, սակայն, նահատակւեցան պայքարի ճամբուն վրայ։

Խօսքի աւարտին Մանուկեան ըսաւ, որ Աղբալեան ջանք չխնայեց համահայկական գերդաստան Դաշնակցութեան երեւելի գործիչներուն յուշերու կազմութեան, կազմակերպման, անոնց տեսակաւորման ու հանրութեան սեփականութիւնը դարձնելու համար, եւ ան իր կարգապահութեամբ, գործով փորձեց ապրիլ իր գծած նւիրեալ դաշնակցականի կերպարի սահմանագիծներով։

Գեղարւեստական յայտագիրի երկրորդ բաժինով Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը երգեց Սայեաթ Նովայի «Քանի վուր ջան իմ»-ը եւ «Ձայն մը հնչեց»-ը։ Ապա Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական կոլէջի «Նայիրեան» նւագախումբը ներկայացուց Բարսեղ Կանաչեանի «Օրօր»-ը եւ «Բամբ որոտան»-ը, Մելիք Մաւիսակալեանի «Ջան Հայաստան»-ը։ Նիկոլ Աղբալեանին նւիրւած հանդիսութիւնը փակւեցաւ Էդգար Յովհաննիսեանի «Սարդարապատ» յաղթերգի կատարումով։

Arfd.am

Related Articles

Back to top button