Դաշնակցական Բեմ

Ի՜նչ զարմանալի զուգահեռներ …

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Ամանորէն երկու շաբաթ առաջ, ամերիկացիք աղւո՜ր «նւէր» մը ստացան Ներկայացուցիչներու տունէն, աւելի ճիշտը՝ անոր հանրապետական խմբակէն: Ժողովը ձայներու փոքր առաւելութեամբ մը մերժեց դեմոկրատներու (որոնց պահ մը միացած էին չորս հանրապետականներ) մէկ առաջարկը, ըստ որուն՝ առողջութեան ապահովագրութեան (ծանօթ՝ «Օբամա քէր» անունով) ճամբով՝ ապահովագրեալներուն պետական աջակցութիւնը պէտք էր երկարաձգել երեք տարի եւս: Այլ խօսքով, յիշեալ դրութիւնը վերջ պիտի գտնէ տարեվերջին եւ ապահովագրեալները պէտք է ապաւինին իրենց սեփական քսակին կամ հանրապետականներու յառաջ քշած փոխ-ընտրանքին, որ շպարներով կը մատուցւի հանրութեան, սակայն ըստ էութեան, միլիոնաւոր քաղաքացիներ կը զրկէ յարմար սակերով ապահովագրւելու կարելիութենէն:

Առողջութեան ապահովագրումի այս հարցը շատոնց (ըսե՛նք՝ ծնունդէն ի վեր) թնճուկի վերածւած է երկու կուսակցութեանց հակադրութիւններու բեմին վրայ: Վերջին ուժեղ դրսեւորումը շուրջ երկու ամիս առաջ էր, երբ յիշեալ դրութեան կարգ մը մանրամասնութիւններուն շուրջ ստեղծւած անելին հետեւանքով, կառավարութեան բիւջէի քւէարկումը կասեցւեցաւ ու մօտաւորապէս մէկ ու կէս ամիս, կառավարութիւնը զրկւեցաւ բիւջէէ: Անիկա որակւեցաւ «կառավարութեան փակում»: Վերաբացման համար, կողմերը համաձայնած էին, որ հարցը նոր քննարկումներու պիտի ենթարկւի եւ քւէարկութեան պիտի դրւի մինչեւ տարեվերջ: Եւ ահա, բազում քաշքշուքներէ ետք (որուն մանրամասնութիւններուն մէջ մտնելը շատ ալ իմաստ չունի այս հանգրւանին), տեղի ունեցան քանի մը «վճռորոշ» քւէարկութիւններ: Նախ ստեղծւեցաւ վիճակ, թէ՝ դեմոկրատները յաջողած են ապահովել երկարաձգումը, սակայն օր մը ետք, սեղանը շրջւեցաւ եւ երկարաձգման մերժումը կնքւեցաւ Չորեքշաբթի, 17 դեկտեմբերի քւէարկութեամբ: Հարցը հիմա դրւած է «օդապարիկի» մը մէջ (գիտէք, որ օդապարիկը դանդաղ թռիչք կը կատարէ) եւ ճամբայ ելած՝ դէպի Ծերակոյտ, որուն էջուղին կը պատրաստւի յունւարի կէսերուն: Մինչ այդ, սակայն, բացայայտ կերեւի, որ Ծերակոյտն ալ պիտի մերժէ երկարաձգման յիշեալ ընտրանքը:

 

Շպարները

Հանրապետականները իրենց տեսակէտը հանրութեան կը մատուցեն գունագեղ շպարներով (դեմոկրատ երեսփոխան մը զայն որակեց «մոլորեցնող», իսկ եթէ քաղաքավարութիւնը մէկ կողմ ձգէր, կրնար ըսել «սուտ»): Մերժւած դրութեան դէմ հանրապետականներու առարկութիւնները բազմաթիւ են: Անոնք կըսեն, որ, իրենց ծրագիրը որոշ առաւելութիւններ պիտի տայ ապահովագրեալներու, օրինակի համար՝ ընկերութիւններու, որոնք բազմաթիւ աշխատաւոր-պաշտօնեայ ունին, անոնց տալով աւելի յարմար սակերով խմբային ապահովագրութիւն ունենալու եւ շահատուրք նւազեցնելու հնարաւորութիւն: Անոնք կը խօսին նաեւ խնայողութեան մասին, ըսելով որ պետական բիւջէէն նպաստներ տրամադրելով՝ ապահովագրութեան ընկերութիւնները կը շահին, մինչդեռ իրենք կը նախընտրեն ուղղակի քաղաքացիներուն գումարներ տրամադրել: Այսպիսով, անոնք կը նախատեսեն տասը տարւան մէջ շուրջ 35 միլիարդ դոլար խնայել: Ծալքերուն ծանօթներ կը հակազդեն, ըսելով, որ պետական նպաստի ջնջման հետեւանքով, անմիջական ապագային, այսինքն՝ ամիս մը ետք, 24 միլիոն քաղաքացիներ պիտի զրկւին ապահովագրութիւն «գնելու» կարելիութենէն, իսկ յառաջիկային, ամէն տարի շուրջ 100 հազար քաղաքացիներ պիտի զրկւին ապահովագրութիւն ունենալու միջոցներէն(*): Այլապէս, կը վտանգւին ընկերային ապահովագրութեան բիւջէները (ծանօթ՝ «մետիքէր» եւ «մետիքէյտ» անուններով), որոնցմէ կօգտւին հանգստեան կոչւածները, հարկադրաբար (օրինակի համար՝ արկածի հետեւանքով) անգործ դարձածներ եւ չափազանց սահմանափակ եկամուտ ունեցողները:

Քիչ մը աւելի խորը թափանցողները կը հաւաստեն, որ հանրապետականներու առաջադրած դրութիւնը՝ ըստ էութեան, ապահովագրւելու իրաւունքը կը վերապահէ մեծ եկամուտ ունեցողներու, որոնք այլապէս ալ պիտի «թեթեւցնեն» իրենց տուրքերը:

Շպարողներու շարքին է նոյնինքն նախագահ Թրամփ, որ չորեքշաբթի երեկոյ հրապարակ եկաւ միայն մէկ օր առաջ յայտարարւած մամլոյ ասուլիսով մը (տարօրինակօրէն խօսեցաւ միայն… 20 վայրկեան): Ան հաւաստեց, որ տնտեսութիւնը բարելաւման ճամբու մէջ մտած է, ըստ սովորութեան՝ «նախկինները», մասնաւորաբար նախագահ Բայդէնը մեղադրեց երկիրը անկումի սեմին հասցուցած ըլլալու յանցանքով: Ըստ իրեն՝ բարելաւման նշաններ են սպառողական ապրանքներու սակագիներուն մօտալուտ նահանջը, սղաճին դանդաղումը, բնակարաններու գիներուն մօտալուտ նահանջը եւ այլն, խոստացաւ բանակայիններուն 1,776 դոլարի պարգեւավճար կատարել տարեսկիզբին (ընդամէնը 2,6 միլիարդ դոլար): Չմոռցաւ յայտարարել, թէ իր հաստատած տուրքերը կը նպաստեն տնտեսութեան, թէ՝ օտար ընկերութիւններէ շուրջ 18 թրիլիըն տոլարի ներդրումի խոստումներ ապահոված է (իսկ թէ խոստումը ինչպէ՞ս պիտի իրականանայ՝ մէկ հարց, երկրորդ հարց՝ այդ գումարներէն որքա՞ն օգուտ պիտի ունենայ պետութիւնը, որուն պարտքերը կը մօտենան 38 թրիլիընի…): Իրատեսներ կըսեն, որ այս մարդը իր ոտքերը կտրած է իրական-իրականութիւններու գետինէն ու կը խօսի ցնորքներու լեզւով (միակը չէ…):

 

Վերցնենք շպարները

Եթէ պահ մը փորձենք վերցնել այս ու նման շպարներ, ի յայտ կու գայ բոլորովին այլ պատկեր, որուն խորագիրը պիտի ըլլայ տնտեսութեան ու ընկերային վիճակներու նահանջ, անկում:

Դարձեալ դիմենք լաւատեղեակ աղբիւրներու, որոնց շարքին՝ նոյնինքն պետական պատկան սպասարկութիւններ:

Ապրուստի սղութեան ցուցանիշները գորշ են: Առանց վիճակագրութիւններուն սպասելու՝ քաղաքացին կը տեսնէ, իր գրպանին վրայ կը զգայ, թէ սպառողական ամէնէն տարրական կարիքներուն համար պէտք է վճարէ շա՛տ աւելի՝ քան քանի մը ամիս կամ քանի մը տարի առաջ: Սղաճի ցուցանիշները պերճախօս են: Տասը տարի առաջ, անիկա 0.7 առ հարիւր էր, յաջորդ տարիներուն, ելեւէջներ տեղի ունեցան, հսկայական ոստում արձանագրւեցաւ համաճարակին հետեւանքով (7 առ հարիւր՝ 2021-ին, 6,5 առ հարիւր՝ 2022-ին), յետոյ դանդաղ անկում: Ներկայիս, անիկա կը գնահատւի 3 առ հարիւրի սահմաններուն մէջ:

Անգործներու թիւերն ալ փայլուն հորիզոններ չեն պարզեր: Քանի մը օր առաջ, հաղորդւեցաւ, որ նոյեմբերին, գործազուրկ դարձողներուն թիւը 65 հազարով աւելի է, քան գործ ապահովողներուն թիւը: Եթէ այս պատկերին վրայ աւելնան նախագահին՝ ըստ կամս հաստատած տուրքերուն հետեւանքները, հաւանական կը նկատւի, որ տարեսկիզբէն անդին, ապրուստի սղութեան սլաքը – նաեւ այլ սլաքներ – դէպի վեր պիտի շարժին:

 

Ընտրական հաշիւներ

Ըստ էութեան՝ տնտեսական եւ ընկերային վիճակները իբրեւ առանցք – եւ մրցակցութեան նիւթ – ունեցող քաղաքական հակառակորդները այս խաղը կը խաղան ո՛չ միայն ապահովագրութեան եւ յարակից հարցերու լուծումներ որոնելու մտահոգութեամբ, այլ անոնցմէ անդին՝ կան… ընտրական մտահոգութիւններ:

Նախագահ Թրամփի ժողովրդականութիւնը մեծ անկում արձանագրած է, իջած է 33 առ հարիւրի: Իրեն քւէարկողներէն շատեր արդէն զղջացած են, անկէ հեռաւորութիւն կը պահեն մինչեւ իսկ կուսակցական հետեւորդներ: Ընտրական մտահոգութիւններ ունին մանաւանդ այն երեսփոխանները, որոնք գիտեն, թէ տարի մը ետք իրենց անունները պիտի ըլլան քւէաթերթիկներու վրայ: Վերջին օրերուն, նմաններ տեսնւեցան «լարախաղացներու» ցուցակին վրայ: Այլ խօսքով, թէ՛ նախագահը, թէ՛ իր կողքին կանգնողները այս թղթածրարները կը գործածեն իբրեւ ընտրական խաղաքարտ, նաեւ… շոգիի ամպերու ետին պահելու զիրենք այլապէս հալածող տագնապներ (որոնց շարքին՝ չարաշահութեան եւ անբարոյական արարքներու մէջ գտնւած ըլլալու մեղադրանքները, Օրէնքի աղաղակող խախտումները…):

Մէկ խօսքով, եթէ շպարները վերցւին, յստակ կը դառնայ նաեւ պատասխանը այն հարցումին, թէ խորհրդարանի երկու տուներուն անդամները (գոնէ մեծամասնութիւն մը) ի վերջոյ որո՞ւն շահերը կը պաշտպանեն, որո՞նց շահակից են (կամակատարը վարկաբեկի՞չ բառէ), մինչդեռ անոնք ընտրւած են ժողովուրդին քւէով, պաշտպանելու եւ ապահովելու համար անոր շահը, նոյնինքն Սահմանադրութի՛ւնը, որ այլապէս խաղալիք դարձած է նախագահին եւ իր կարգ մը գործակիցներուն ձեռքին, երկիրը առաւելաբար կը կառավարւի նախագահական հրամանագիրներով ու հրահանգներով (խաղաղասէրը նոր պատերազմներու դաշտեր կը պատրաստէ):

 

Իսկ Հայաստանի՞ մէջ

Վերի տեղեկութիւնները արձանագրելու պահուն, մեր մտապատկերի յետին պաստառին վրայ կար մեր հայրենիքը: Թէեւ ուղղակի ակնարկութիւններ չըրինք, սակայն ընթերցողը վստահաբար տեսաւ բազմաթիւ նմանութիւններ, զուգահեռներ, գիտէ՝ թէ Երեւանի իշխանութիւնն ալ նման աճպարարութիւններու եւ շպարումի «շքերթներ» կը հրամցնէ ժողովուրդին, որ կրնայ պահ մը մանուկի պէս հրճւիլ լուսազարդւած տօնածառերով, սակայն մորթին վրայ կը զգայ դաժան իրականութիւններու խայթոցները:

Արձանագրենք մէկ քանի փաստ, քաղելով հայրենի լրատու աղբիւրներէ:

Ապրուստի՝ տարրական սննդամթերքի եւ այլ պէտքերու սղութեան ալիքը սկսած է նմանիլ իրերայաջորդ ցունամիներու: Կայ նաեւ ապահովագրութեան սակագիներու բարձրացումը՝ առողջութեան ու ինքնաշարժներու կալւածներուն մէջ, նմանապէս կախւած՝ սահմանափակ եկամուտով ու աշխատող քաղաքացիներու գլուխներու վերեւ: Կարժէ յիշեցնել, որ «քալողներու» կառավարութեան ստեղծած առաջին վատ ցնցումը՝ կուտակայիններու թղթածրարին հետեւանքով էր (7 տարի առաջ)…:

Այս սիւնակին մէջ, եկէ՛ք, չմտնենք քաղաքական յելուզակութիւններու դաշտը, այլ միայն յիշեցնենք, որ ընդդիմադիրներու դէմ ճնշումի, հայրենիքի պաշտպաններու դէմ հալածանքի եւ բռնադատութիւններու քայլերը, յաճախ՝ ոստիկան ուժերու գործակատարութեամբ, նմանութեան որոշ գիծեր ունին ամերիկեան դաշտին մէջ տեղի ունեցողներու հետ, որովհետեւ հոն ալ իշխանաւորը իր հեղինակութիւնը եւ կամայականութիւնները պարտադրելու համար, գործի կը լծէ բանակայինները…: Երեւանի մէջ, ընդդիմադիրներու բանտարկութիւնը, Եկեղեցւոյ դէմ արշաւները (նորագոյնը՝ Փաշինեանի հետ տեսակցած 10 կրօնաւորներու «արշաւն» էր դէպի Էջմիածին, 18 դեկտեմբերի երեկոյեան, ոստիկաններու ստւար թիւի մը պաշտպանութեան տակ) դարձած են սովորական, յաճախ կը դիմաւորւին… անտարբերութեամբ, «մենք քաղաքականութեան մէջ չենք ուզեր մտնել» խուսափողականով:

Ամերիկեան դաշտերու մէջ պատահածներուն հայկական զուգահեռները արդեօք որոշ մարդոց մտքին մէջ կը ստեղծէ՞ այն բերկրանքը, թէ՝ «ի՜նչ լաւ, մեր երկրին մէջ ալ տեղի կունենան ցանկալի՜ Ամերիկային մէջ եղածներուն նմանները»: Յամենայնդէպս, անոնց կողքին, կան նաեւ… անզուգական «իրագործումներ»: Օրինակ, բանակին ծառայութեան ժամանակաշրջանի կրճատումը… ընտրական հաշիւներով, Ադրբեջանի վրայով ցորենի ու վառելանիւթի մատակարարումը, որուն ետին կերեւին ընտրական «կոտոշ»ներ: Իսկ թէ 2026 տարին ինչպիսի՜ անզուգական «բարիքներ» պիտի բերէ մեր հայրենիքին ու ազգին՝ պէտք է նամակով մը հարցումներ ուղղել շուտով հասնելիք կաղանդ պապուկին, թէեւ իշխանականները որոշ «կոտոշներ» բացայայտած են՝ թուրք-ազերիական պահանջներու դիմաց նոր զիջումներ կատարելու եւ… ցնորական խաղաղութիւն հետապնդելու իմաստով:

Մէկ բան բացորոշ է. ժողովուրդը հիմա զգաստութեան եւ հայրենիքի շահերուն պաշտպանութեան որոշ նշաններ ի յայտ կը բերէ. Էջմիածինի տաճարի շրջափակին մէջ հինգշաբթի օր պատահածը՝ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՊԱՇՏՆԱՊ ԿԱՆԳՆԵԼՈՒ կեցւածքը նախանշան մըն էր:

…Հ. Յ. Դաշնակցութիւնը այս օրերուն կը տօնէ իր հիմնադրութեան 135-րդ տարեդարձը: Ամէն տեղ կը հնչէ կուսակցութեան Քայլերգը, որուն իւրաքանչիւր տողը, եւ ո՛չ միայն «շահագործող ցեցեր վատնեն»ը անժամանցելի հնչեղութիւն ու պատգամ ունին մի՛շտ:

———-

(*) Պէտք կա՞յ մանրամասնելու, թէ Միացեալ Նահանգներու եւ նման երկիրներու մէջ ապահովագրութիւն չունենալը նախադուռն է սնանկացումի ու տնազրկումի, իսկ թէ ապահովագրեալները ինչպիսի՞ խաղերու կամ խաղքութիւններու խաղալիք կըլլան երբեմն՝ բոլորովին այլ հարց: Մայքըլ Մուրի հետեւեալ վաւերագրական ժապաւէնը (2007) լուսաբանող է.

https://youtu.be/YbEQ7acb0IE?si=FcmlMMRenkeQS3vY

Related Articles

Back to top button