Հայաստան - ԱրցախՄշակութային

Նախաքրիստոնէական պատմաշրջան

Արամէ եւ Շալմանասար Գ. եւ «քար շալկել» խօսքը

Ուրարտուի հիմնադիր Արամէ (870-844 Ք.Ա.) եւ Ասորեստանի թագաւոր Շալմանասար Գ (859-824 Ք.Ա.) միջեւ բուռն պայքար տեղի ունեցաւ։ Այդ ընթացքին Ասորեստանի արքան փորձեց մեծ արշաւանքներով խեղդամահ ընել նոր հիմնադրւած Ուրարտուի պետութիւնը եւ չափազանցութիւններով արձանագրութիւններ արձանագրել։ Սակայն Ուրարտուն շարունակեց իր գոյութիւնը, «Դէպի հիւսիս Շալմանասար անցաւ Նայիրիի ծովուն ետեւը (Վանայ լիճը) եւ մտաւ Ուրարտու, թագաւորութիւն մը, որ նոր հիմնւած էր Հայաստանի բարձր լեռներուն մէջ։ Ան յայտարարեց, թէ մեծ յաջողութիւն ունեցած է եւ կողոպտած է բազմաթիւ քաղաքներ, որոնք կը պատկանէին Ուրարտուի թագաւոր Արամին։ Ասոր հետ միասին յայտարարեց, որ Արամ փախած է։ Իսկ մենք գիտենք, որ յաջորդ դարուն Ուրարտուն աճեցաւ՝ դառնալու համար Ասորեստանի հիմնական մրցակիցը»։

Հայ ժողովուրդի բանահիւսութեան մէջ պահպանւած է հետաքրքրական ասացւածք մը՝ «քար շալկել»-ու մասին, որ ստեղծւած է Ասորեստանի Շալմանասար Գ-ի արձանագրութիւններուն մէջ եղած մեծ չափազանցութիւններու հետեւանքով, «Ասորեստանի թագաւոր Սալմանասարի զօրքերը ներխուժել էին Վանի թագաւորութեան սահմանները եւ ասպատակում, ոտքի կոխան էին դարձնում բարգաւաճ երկիրը: Ռազմական առաջին յաջողութիւններից արբած Սալմանասարը իր դպիրին հրամայեց ժայռի վրայ փորագրել իր ամբարտաւանագիրը. «Ես՝ Սալմանասար արքաս, մտայ Բիանիլի երկիրը, փախուստի մատնեցի Արամէ թագաւորին եւ աւարի առա չորս հազար ոչխար…»: Ասորի գրիչը չհասցրեց աւարտին հասցնել իր գրելիքը: Արամէ թագաւորը յանկարծակի յարձակումով ջախջախեց զաւթիչներին, գերի վերցրեց չորս հազար ասորի զինւոր, իւրաքանչիւրի մէջքին մի-մի քար դրեց եւ ոչխարի պէս իր առաջն արած վռնդեց նրանց հայրենի հողից: Բայց չկարծէք, թէ ասորիներն իրենց հետ տարան հայկական քարերը: Ասորեստանի ու Վանի սահմանագլխին նրանք թափեցին այդ քարերը, որով Արամէն կառուցեց իր հզօր ամրոցներից մէկը»: Կըսւի, թէ այդ ժամանակէն Հայաստանի մէջ գործածւեցաւ «քար շալկել» խօսքը, որ կը նշանակէ տառապիլ եւ ծանր բեռի տակ իյնալ:…

 

Քրիստոսի խօսքերէն

Այս խորագիրին տակ կը հրատարակենք Քրիստոսի խօսքերէն՝ որոնք կերպով մը առնչւած են «ՊԱՏՄԱՔԱՂ»-ի նիւթերուն։ Մեր կողմէ մեկնաբանութիւն չենք ներկայացներ՝ յուսալով, որ սիրելի ընթերցողները հետաքրքրւելով կընթերցեն այդ խօսքերը Աւետարանէն։

 

Յիսուս եւ Բէեղզեբուղը

21 Երբ զօրաւոր մարդ մը զէնքերը վրան առած իր տանը բակը պահպանէ, անոր բաները խաղաղութեան մէջ կը մնան. 22 Բայց երբ անկէ աւելի զօրաւորը գալով յաղթէ անոր, անոր զէնքերը կառնէ՝ որոնց ինք յուսացեր էր եւ անկէ առած կողոպուտը կը բաժնէ: 23 Ան որ ինծի հետ չէ՝ ինծի հակառակ է եւ ան որ ինծի հետ չի ժողվեր՝ ցիրուցան կընէ»:

ՂՈՒԿԱՍ 11

 

Միջին դարեր

Վարագավանքը եւ Աշոտ Արծրունին

Աբբասեան խալիֆա ալ-Մութաւաքքիլը (847-861) 852 թւականին, Հայոց ապստամբութիւնը վերջնականապէս ճնշելու համար, Հայաստան ուղարկեց հսկայական բանակ մը՝ իր ծառայութեան տակ գործող թուրք վարձկաններու գլխաւոր հրամանատար Բուղա Շարաբիի ղեկավարութեամբ։

Ըստ պատմիչ Թովմա Արծրունիի՝ այս հսկայական բանակը կը բաղկանար 200,000 անձէ։ Արշաւող բանակի մեծութենէն կը հասկցւէր խալիֆայի վճռակամութիւնը՝ ճզմելու հայոց ցոյց տւած բուռն դիմադրութիւնը։ Ահա այդ ռազմական գործողութիւններու ընթացքին Բուղան յաջողեցաւ գերի բռնել հայոց նախարարներէն մէկ քանին, որոնց մէջ էր նաեւ Աշոտ Արծրունին։ Անոնք շղթայակապ, ուղտերու վրայ կապւած, Ատրապատականի վրայով ուղարկւեցան ներկայ Իրաքի Սամարա քաղաքը՝ Մութաւաքքիլ խալիֆային։

Վանայ լճի տարածքը տնտեսապէս յարմարաւէտ ըլլալով՝ գրաւեց Աբբասեան խալիֆայութեան հետաքրքրութիւնը։ Այդպէս Ութմանիկները, Զուրարիկները եւ այլ արաբական ցեղեր գաղթեցին Հայաստան եւ հաստատւեցան Տուրուբերանի ու Աղձնիքի նահանգներուն մէջ։ Ահա այդ ցեղերէն Ութմանիկները, օգտւելով Բուղա Շարաբիի կողմէ 852-855 թւականներուն Արծրունիներուն հասցուցած յարւածէն, տարածւեցան եւ գրաւեցին Ամիւկ բերդն ու Վարագի տարածքը։ Ութմանիկները, այսինքն արաբ օսմանի կոչւած ցեղը, հաստատւած էր Վանայ լճի հիւսիս-արեւելեան ծայրամասերուն։

Վերջապէս ալ-Մութաւաքքիլ խալիֆան 855 թւականին ետ կանչեց Բուղան Հայաստանից եւ հիմնովին փոխեց իր դիրքը Հայաստանի հանդէպ։ Բաղդատի խալիֆայի այս նոր դիրքորոշումը ունէր իր արտաքին այլ դրդապատճառները․այդ ազնիւ վեհանձնութեան շարժում չէր, այլ հիմնականօրէն դիւանագիտական քայլ մըն էր՝ շահելու Հայաստանի զօրակցութիւնը սահմանային պատերազմին Բիւզանդիոնի դէմ։ Հայ գերիներուն ազատ արձակելու գործընթացը տեւեց մօտ երեք տարի (859-862 թւականներուն), որովհետեւ խալիֆայութիւնը տակաւին ունէր իր մտավախութիւնները։

Աբբասեան Խալիֆայութեան մօտ գերութեան մէջ մնացած Աշոտ Արծրունին վերադարձաւ Վասպուրական եւ դիմեց ամրացնելու իր դիրքերը, ան արաբ Ութմանիկներէն ետ առաւ նաեւ Վարագայ վանքը, Թովմա Արծրունին յիշած է, «Բայց որովհետեւ ամրոցն (Ամիւկ) անառիկ էր, իշխանը միայն բաւականացաւ առանց պարէն վատնելու, արաբացոց ձեռքից Վարագն առնելով, քանզի այն գրաւել եւ հարկատու էին արել Սուրբ Խաչի կրօնաւորներին: Մանաւանդ Վանահօրը, որին անւանում էին Գրիգոր, բռնել դրել էին խոր ու խաւարչտին բանտը: Որոնեցին եւ ազատեցին նրան վտանգաւոր բանտից»: Աշոտ Արծրունին փորձեց Ութմանիկներէն յետ վերցնել նաեւ Ամիւկ ամրոցը, բայց զայն անառիկ գտնելով՝ պատմիչի խօսքով բաւարարւած էր միայն Վարագով:…

 

Նոր շրջան

Արեւմտահայ Բ համագումարի որոշումները

12 փետրւարի 1919 թ.

Արեւմտահայ Բ. Համագումարը տեղի ունեցաւ 1919-ի փետրւարին, երբ համաձայն Մուտրոսի զինադադարի պարտւած թուրքական բանակները քաշւեցան Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն։ Թուրքական զօրքերու հեռացումը ներշնչեց արեւմտահայութիւնը գումարելու իր երկրորդ համագումարը, որուն նպատակն էր ստեղծել մէկ եւ միացեալ հայկական Հանրապետութիւն։

Արեւմտահայ Բ Համագումարը տեղի ունեցաւ Երեւանի մէջ, որուն մասնակցեցան Ցեղասպանութենէն փրկւած մօտ կէս միլիոն հայութեան ներկայացուցիչ 55 անձեր։ Համագումարին կը նախագահէր յայտնի արեւմտահայ ազգային գործիչ Գրիգոր Բուլղարացի։ Համագումարին մասնակցեցաւ Ս. Էջմիածնի Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչը՝ Գէորգ եպս. Չորեքչեան։

Մէջբերենք Սիմոն Վրացեանէն հետեւեալ հետաքրքրական թիւերը՝ փրկւած արեւմտահայերուն եւ անոնց բնակած շրջանները:

«Համագումարին մասնակցում էին 55 պատգամաւորներ:

Երեւան 31,700 գաղթական 8 պատգամաւոր

Էջմիածին 46,600 գաղթական 3 պատգամաւոր

Աշտարակ 12,880 գաղթական 2 պատգամաւոր

Ծաղկաձոր 23,750 գաղթական 5 պատգամաւոր

Կոտայք 17,570 գաղթական 5 պատգամաւոր

Սուրմալու 25,700 գաղթական 4 պատգամաւոր

Միլլի Ձոր 10,670 գաղթական 1 պատգամաւոր

Ալեքսանդրապոլ 10,000 գաղթական 1 պատգամաւոր

Դիլիջան 12,000 գաղթական 2 պատգամաւոր

Բաշ Գեառնի 5,000 գաղթական 1 պատգամաւոր

Նոր Բայազէտ 27,973 գաղթական 7 պատգամաւոր

Ընդհանուրը 223,843 գաղթական

Պատգամաւոր չէին ուղարկել Սիսեանի, Ղամարլուի եւ Դարալագեազի գաղթականներ»:

Համագումարի հիմնական պահանջն էր, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, որ այդ ժամանակ արեւմտահայերը կը կոչէին Արարատեան Հանրապետութիւն, յայտարարէ Միացեալ Անկախ Հանրապետութիւն եւ ընդգրկէ Օսմանեան կայսրութեան հայկական նահանգները։

Արեւմտահայերու երկրորդ համագումարի առաջին որոշումն էր, «Սրտագին կողջունէ եւ կը յայտարարէ Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի անկախութիւնը»: Ինչպէս յայտնի էր բոլորին, հայկական Ազգային Պատւիրակութեան նախագահ Պօղոս Նուպար փաշան 1918-ի Նոյեմբերին Փարիզի մէջ յուշագիրով մը, ուղղւած Դաշնակից երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներուն, յայտարարած էր Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի կազմութիւնը։

Համագումարի օրերուն Երեւանի մէջ այն կարծիքը կար, որ Պօղոս Նուպար փաշան արդէն կազմած էր Միացեալ Հայաստանի կառավարութիւնը։ Այս լուրը ինքնին մեծ ոգեւորութիւն եւ թռիչք տւած էր Համագումարի պատգամաւորներուն։ Այսպէս, Համագումարի երկրորդ որոշումն էր․ «Լիակատար վստահութիւն կը յայտնէ Ազատ եւ Միացեալ Հայաստանի Պօղոս Նուպար փաշայի անդրանիկ դահլիճին»։

Բազմաթիւ պատճառներով Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գաղթական վիճակի մէջ գտնւող արեւմտահայերը ինքզինքնին հայրենիքի մէջ չէին զգար։ Այդ շատ հասկնալի էր․այդքան երկար տարիներ պայքարելէ եւ Ցեղասպանութիւն տեսնելէ ետք, անընդունելի էր գոհանալ ներկայ հայկական պետութեան սահմաններով, որոնցմէ դուրս կը մնային այսպէս կոչուած թրքահայաստանի նահանգները։

Այդ իսկ պատճառով արեւմտահայերը Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կոչէին Արարատեան Հանրապետութիւն․այն համոզումը կար, որ քանի որ այդ հայկական Հանրապետութիւնը չէր ընդգրկեր ամբողջ հայկական հողերը, ճիշտ չէր զայն կոչել «Հայաստանի Հանրապետութիւն»։

Արեւմտահայերու պահանջը արձագանգ գտաւ Հայաստանի կառավարութեան եւ խորհրդարանին մէջ, երբ մօտ երեք ամիս ետք Հայաստանի խորհրդարանը 1919-ի Մայիսի 28-ին հռչակեց Միացեալ եւ Անկախ Հայաստանի կազմութիւնը, «Փետրւարի 12-ի նիստում գաղտնի քւէարկութեամբ ընտրւեց «Արարատեան հանրապետութեան մէջ ապրող արեւմտահայ «հատւածի Գործադիր մարմին՝ բաղկացած 9 հոգուց. Սմբատ Բորոյեան, Կ. Սասունի, Գր. Բուլղարացի, Արսէն Կիտուր եւ ուրիշներ: Փաստօրէն ՀՀ կառավարութեան կողքին ստեղծւում էր մի նոր կառավարութիւն:

Գործադիր մարմինը մի շարք ժողովներում քննարկեց համագումարի որոշումը՝ «Միացեալ եւ Անկախ Հայաստան՝ մէկ հայրենիք» ունենալու մասին որոշումը եւ եկաւ այն եզրակացութեան, որ անհրաժեշտ է օր առաջ յայտարարել Հայաստանի երկու հատւածների միացումը եւ այդ մասին պաշտօնապէս դիմեց ՀՀ կառավարութեանը»:

Այսպիսով, Արեւմտահայերու Երկրորդ համագումարը իր հիմնական որոշումով 12 փետրւարի 1919-ին բերաւ մեծ նպաստ Հայաստանի Հանրապետութիւնը դարձնելու կորիզը համահայկական մէկ եւ միացեալ պետութեան։…

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 87, 5 դեկտեմբերի 2025 թ.

Related Articles

Back to top button