Դաշնակցական Բեմ

Մի՜ զարմանաք, եթէ…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

 

Հայկական մամուլի մէկ անկիւնէն գողցւած լուր մը: Ազերիները Ստեփանակերտի մէկ փողոցը կնքած են (առանց միւռոնի) Ցեղասպանութեան հեղինակներէն՝ Էնւեր Փաշայի անունով:

Արցախի դիմափոխումը աննախընթաց չէ: Ստեփանակերտը արդէն կը կոչեն Խանկենտի, ատենին, Ալիեւի մէկ արձանն ալ զետեցին տեղ մը: Թուրքիոյ մէջ, միւս ցեղասպանները շատո՜նց ի պատւի են…

Արցախի մէջ, ազերիական նորագոյն «նւաճումներուն» շարքին է հայկական եկեղեցիներու, հերոսներու յուշարձաններուն եւ ընդհանրապէս հայկական հետքերու փոշիացումը: Հիմա ո՜վ կը յիշէ Նախիջեւանը, որո՞ւ հոգը՝ Արեւմտեան Հայաստանի կոթողներուն փոշիացումը:

Երեւանի ՔՊ-ապետն ու իր գործակիցները հիմա ճակատաբաց կը յայտարարեն, որ Արցախի հարց, ո՛րեւէ հարց չունին իրենց օրակարգին վրայ. ո՛չ հող, ո՛չ գերի-պատանդ, ո՛չ իսկ Հայաստան ապաստանած բռնագաղթեալներու հանդէպ հոգածութիւն, եղածն ալ կը կրճատւի մաս առ մաս:

Ինչո՞ւ ունենան: Չէ՞ որ «Արցախը Ադրբեջանի մէկ մասն է»՝ յայտարարեցին: Մէկուն մտքէն կանցնի՞ այս խմբակէն ակնկալել, որ հոգածութիւն ցոյց տայ «Նոր Հայաստան»-ի սահմանէն դուրս գտնւող որեւէ՛ հայու նկատմամբ: Անոնք հիմնական առաքելութեան վերածած են ամէն քայլափոխի գործադրել Ալիեւներու պահանջները՝ ի վնաս Հայաստանի ու հայութեան: Պարգեւավճարները ինչո՞ւ են՝ կը կարծէք (հոն ցանկ մը կայ):

…Մի՜ զարմանար, սիրելի ընթերցող, եթէ վաղը-միւս օր, իբրեւ գնահատանք այս «ծառայութիւններուն» (չմտածե՜ս ստրկացում կամ դաւաճանութիւն բառերը գործածել), Ալիեւ որոշէ Էնւեր Փաշայի անունով կոչւած փողոցին կողքի թաղերը կոչել Փաշինեանի, Սիմոնեանի, Աւինեանի եւ միւս «ականաւոր» ՔՊ-ականներուն անունով: Իսկ թող ՔՊ-ապաշտները ուրախանան եւ ցնծան, որովհետեւ «ազգընտիր»-ները պաշտօնի-վարկի բարձրացում պիտի վայելեն: Վերջին գոնէ հինգ տարիներու, այդքա՜ն ձեռք-ոտք համբուրելներէ ետք, նման «պատիւի» արժանի ըլլալը նւազագոյն պիտի ըլլայ:

Related Articles

Back to top button