Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակի նշում՝ Բոստոնի մէջ

Կիրակի, ապրիլ 6-ին Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակը նշւեցաւ Ուաթըրթաունի Հայ Մշակութային եւ Կրթական կենտրոնին մէջ, կազմակերպութեամբ շրջանի կազմակերպութիւններուն եւ միութիւններուն։ Շուրջ 150 հայորդիներ ներկայ եղան, այս ձեռնարկին։
Բոստոնի «Սարդարապատ» կոմիտէութիւնը, Արեւելեան ԱՄՆ-ի Հայ Դատի յանձնախումբը, ՀՕՄ-ի «Լէոլա Սասունի» եւ «Շուշի» մասնաճիւղերը, Հայ Երիտասարդաց Դաշնակցութեան «Նժդեհ» մասնաճիւղը, տեղւոյն ՀՄԸՄ-ի եւ «Համազգային»-ի մասնաճիւղերը, Հայ Մշակութային եւ Կրթական կենտրոնը, Նիւ Ինկլընտի ՀԲԸՄ-ը, Ուաթըրթաունի Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցին, «Թէքէեան» մշակութային միութիւնը եւ «Շահբազեան» հիմնարկը կազմակերպած էին այս ձեռնարկը, որուն բանախօսն էր «California Courier» թերթի խմբագիր, «Արցախ ֆոնդ»-ի հիմնադիր եւ տարիներ շարունակ Քըրք Գրիգորեանի «Լինսի» հիմնարկի փոխնախագահ՝ Յարութ Սասունեան։
Օրւան հանդիսավարն էր «Սարդարապատ» կոմիտէութեան երիտասարդ անդամներէն՝ Անի Խաչատուրեան, որ նշեց յարատեւ պայքարի եւ Հայոց Ցեղասպանութեան գծով հետեւողական աշխատանքի կարեւորութիւնը։ Խօսք առաւ, նաեւ ՀԲԸՄ-ի Նիւ Ինկլընտի նախագահ Արա Պալիքեան, որ իր կարգին շեշտեց, թէ դիւանագիտական բեմահարթակէն պէտք է շարունակ գործել, մանաւանդ երբ Ցեղապանութէնէն 110 տարի ետք, այս անգամ Արցախն ալ, իր գրաււած տարածաշրջանով եւ բանտարկեալներով կը մտահոգէ հայորդին։
Ապա խօսք առաւ օրւան բանախօսը։ Հայոց Ցեղասպանութեան 110-ամեակին առթիւ, Սասունեանի դասախօսութեան նիւթն էր. «Մոռցւած անմոռանալին․- ՄԱԿ-ի Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման 40-ամեակ»։ Ան հետաքրքրական տեղեկութիւններ եւ մանրամասնութիւններ փոխանցեց այս նիւթին առնչութեամբ։
Ան շեշտեց, թէ օգոստոս 29, 1985-ին ՄԱԿ-ի «Խտրականութեան կանխարգիլման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնախումբը» 15 կողմ, 1 դէմ եւ 4 ձեռնպահ ձայներու յարաբերակցութեամբ ընդունած է Ցեղասպանութեան մասին զեկոյց, որուն 24-րդ կէտին մէջ յստակօրէն կը նշւի, թէ «Նացիական շեղումը, ցաւօք, ցեղասպանութեան միակ դէպքը չէր 20-րդ դարուն: Ի թիւս այլ օրինակներու, որոնք կրնան այդպէս որակւիլ` 1904-ին գերմանական կոտորածը հերերոներուն, (եւ) Օսմանեան կայսրութեան հայերու ջարդերը 1915-1916 թւականներուն»:
Ան աւելցուց, թէ ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգիլման եւ պատիժի վերաբերեալ վերանայւած եւ թարմացւած զեկոյցը պատրաստած է բրիտանացի յատուկ զեկուցող Պենճըմին Ուիթաքըր:
Սասունեան նշեց, թէ այս զեկոյցը կը ներառէր նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ ընդարձակ մատենագրութիւն: Նշենք, թէ այդ զեկոյցին աւելի կանուխ տարբերակը, որ պատրաստած էր Ռուանդայէն ՄԱԿ-ի յատուկ զեկուցող Նիքոտըմ Ռուհաշեանքիքօ, իր 30-րդ պարբերութեան մէջ ներառած էր Հայոց Ցեղասպանութեան մասին յիշատակում, որ հետագային ջնջւեցաւ ՄԱԿ-ի կողմէ` թուրքական կառավարութեան չափազանց մեծ ճնշումներուն պատճառով:
«Այս փաստերուն մասին անձամբ գիտեմ, քանի որ 1978-1985 թւականներուն ես եղած եմ ՄԱԿ-ի մէջ Ժընեւ՝ իբրեւ մարդկային իրաւունքներու հարցերով ոչ կառավարական կազմակերպութեան ներկայացուցիչ` հակազդելով Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակումը ջնջելու թուրքական բազմաթիւ փորձերուն»,- ըսաւ ան:
Սասունեան նշեց, թէ յուլիս 2022-ին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նախագահ Աբդուլլա Շահիդ, որ այցելած էր Ծիծեռնակաբերդ, գրառում լոյս ընծայած էր լուսանկարներով։
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան քարոզչական մեքենան շուտով գործի լծւելով` դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիր այցելելու համար եւ պնդեց, որ անոր այցը Հայաստան օգտագործւած է հայկական միակողմանի պահանջները բացայայտելու նպատակով, եւ նոյն այդ պատճառով ալ, այցելած է «այսպէս կոչւած» Ցեղասպանութեան յուշահամալիր։ Դեռ աւելին, արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստիպեց, որ այդ գրառումը ջնջւի, նշելով, թէ ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչէն կակնկալւէր, որ գործէր արդար եւ անաչառ կերպով, աւելի զգուշ եւ պատասխանատու ըլլար այս առումով: ՄԱԿ-ի լիազօր մարմիններու անունով հանդէս եկող ներկայացուցիչները պէտք է կատարեն իրենց պարտականութիւնները ՄԱԿ-ի իրաւական փաստաթուղթերուն եւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու կանոններուն համապատասխան, մասնաւորապէս` 1948-ի Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը կանխարգիլելու եւ պատժելու մասին համաձայնագրի:
«Մենք կը դատապարտենք եւ կը մերժենք քաղաքական շահարկումներու միջոցով պատմական փաստերն ու միջազգային իրաւունքը խեղաթիւրելու փորձերը: Թուրքիան այն կարծիքին է, որ 1915-ի իրադարձութիւններուն հետ կապւած փաստերը պէտք է դիտարկւին լիարժէք, արդար եւ անկեղծ շրջանակներու մէջ», կը նշւէր հաղորդագրութեան մէջ:
Հայաստան կատարած եռօրեայ այցելութեան ընթացքին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահը հանդիպած էր Հայաստանի տարբեր պաշտօնեաներու, որոնց շարքին` նախագահ Վահագն Խաչատուրեանին, փոխվարչապետ Համբարձում Մատթէոսեանին, արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանին, խորհրդարանի փոխնախագահ Ռուբէն Ռուբինեանի, արտաքին գործոց նախարարութեան կին դիւանագէտներու հետ եւ ելոյթ ունեցած` արտաքին գործոց նախարարութեան դիւանագիտական դպրոցի աւարտական արարողութեան ժամանակ:
«Պատահածը վիրաւորական էր։ Դժբախտաբար Հայաստանի իշխանութիւնը կրնայ տեղեակ չըլլալ այս փաստերէն: Հայաստանի արտաքին գործերու նախարարութիւնը, օրին խիստ ոճով բողոք մը պէտք էր, որ ներկայացնէր Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Գլխաւոր քարտուղարին, որպէսզի օրին վերականգնէր ջնջւած գրառումը եւ իր կարգին ներողութիւն խնդրէր հայ ժողովուրդէն»,- ըսաւ ան:
Աւարտին, Սասունեան կարեւորեց դիւանագիտութեան դերը, որուն շտապ կարիքն ունի Հայաստանը։ Կատարւեցաւ հարց-պատասխան եւ ապա, խօսք առաւ «Թէքէեան» մշակութային ընկերակցութեան վարչական պատասխանատու Արամ Արքուն, որ իր կարգին շեշտեց ՄԱԿ-ի բեմահարթակէն աշխատանք տանելու անհրաժեշտութիւնը։
Նշենք, թէ նախքան բանախօսութիւնը, գեղարւեստական յայտագրով, ելոյթ ունեցաւ Բոստոնի «Համազգային»-ի «ArtNova» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ մաէսթրօ Արթիւր Վարանեանի, որ ներկայացուց Կոմիտասի «Սուրբ սուրբ»-ը, «Գարուն ա»-ն, Մաշտոցի «Տէր ողորմեայ»-ն եւ Առնօ Բաբաջանեանի «Տղէրքը, որոնք չկան»-ը։
Սուրբ Ստեփանոս եկեղեցւոյ հովիւ՝ Տ. Հրանդ ծ. վրդ. Թահանեանի աղօթքով, աւարտեցաւ այս ձեռնարկը։
Arfd.am