Հայ ԴատՍփիւռք

Տորոնտոյի Հայ Դատի յանձնախումբի կազմակերպած Ամանորի հաւաքին ներկայ գտնւեցան Օնտարիոյի քաղաքական պաշտօնատարներ

Յունւար 14-ին, Տորոնտոյի Հայ Դատի յանձնախումբին կազմակերպութեամբ, տեղի ունեցաւ Ամանորի տարեկան հանդիպումը, Հայ կենտրոնէն ներս: Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին Օնտարիօ նահանգի շուրջ 40 պետական եւ շրջանային մակարդակի պատասխանատու քաղաքական անձնաւորութիւններ, ինչպէս նաեւ գաղութի պատասխանատուներ, միութեանց ներկայացուցիչներ եւ մեծ թիւով բազմութիւն:

Տ. Վարդան վրդ. Թաշճեանի աղօթքէն ետք, Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Հրակ Տէտէեան վարեց օրւան հանդիսութիւնը եւ իր բացման խօսքին մէջ թւեց հայ ժողովուրդին դիմագրաւած մարտահրաւէրները, սկսելով մասնաւորաբար հարիւր հազար արցախցիներու բռնագաղթով իրենց բնօրրանէն: Ապա ան թւեց Տորոնտոյի Հայ Դատի յանձնախումբի այս տարւան ծրագիրները, շեշտը դնելով Կանադայի կառավարութեան հետ գործակցութեան բնագաւառներուն վրայ: Այս գծով, ան թւեց առաջնահերթութիւն նկատւածները, որոնցմէ գլխաւորներն են՝ Կանադական կառավարութեան կողմէ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի զէնքի մատակարարման կտրականապէս արգելում, նաւթի ներածման դադրեցում, բռնագաղթած արցախցիներու մարդասիրական յաւելեալ օժանդակութիւն, Բաքւի կողմէ ռազմագերիներու եւ ապօրինի կերպով ձերբակալւած անձերու ազատ արձակում, Մշակութային արժէքներու պահպանման գծով՝ Կանադայի կառավարութեան աշխոյժ միջամտութիւն մշակութային ցեղասպանութեան առաջքը առնելու եւ այս առումով՝ ուղղակի գործակցութիւն միջազգային կազմակերպութիւններու հետ:

Ձեռնարկը յատկապէս առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու Կանադայի դաշնակցային եւ նահանգային մակարդակի տարբեր կուսակցութեանց պատկանող քաղաքական գործիչները: Ներկայ էին նաեւ Տորոնտոյի, Մարգամի, Ռիչմոնտ Հիլի եւ Եօրք շրջանի դպրոցներու Հոգաբարձական խորհուրդները, որոնք խօսք առին այս առթիւ: Անոնք մասնաւորաբար շեշտեցին հայ համայնքին հետ իրենց ջերմ բարեկամութիւնը եւ փոխանցեցին սերտ գործակցութեան եւ արգասաբեր տարւան մը բարեմաղթութիւնները:

Հաւաքը վեր առաւ միասնականութեան եւ գործակցութեան ոգին, հայ համայնքին պինդ կապերը Կանադայի զանազան շրջանակներուն հետ, ինչպէս նաեւ հայ ժողովուրդը յուզող զանազան հարցերու գծով անոնց զօրակցութիւնը: Ձեռնարկի աւարտին շեշտադրւեցաւ Հարաւային Կովկասի շրջանի խաղաղութեան կարեւորութիւնը:

Arfd.am

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button