Ես զաւակն եմ «Համազգային»-ի
Ես զաւակն եմ «Համազգային»-ի։
Կրնամ նոյնիսկ անոր թո՛ռը համարւիլ։
Ճիշտը ըսելու համար խոստովանիմ, որ ես իմ ծնունդէն առաջ համազգայնական եմ եղած։
Ինչպէ՞ս։
Պարզապէս այն պատճառաւ, ինչպէս մայրս կը յիշէր, որ իր հօրենական տան մէջ, նոյնիսկ տանի՛քը, մեծհօրս հետ նարտ խաղացած ատեն Աղբալեան կը մտմտար մշակութային միութիւն ստեղծելու գաղափարին մասին. մե՛ր միութիւնը՝ այն ատեն դեռ անունն անգամ անյայտ «Համազգային»-ը։
Անոր երկու գլխաւոր մեծ հիմնադիրները՝ Լեւոն Շանթն ու Նիկոլ Աղբալեանը, դաստիարակած են ծնողներս Աղեքսանդրիոյ Պօղոսեան ազգային վարժարանին մէջ։ Կրնայի՞ բան մը ժառանգած չըլլալ այդ դաստիարակութենէն. կաթիլ մը ներշնչում թերեւս, պտղունց մը սէր հայերէնի, բայց մանաւանդ մասնիկ մըն ալ ոգի ու կամք…
«Համազգային»-ի հետ առաջին անմիջական առնչումս պատանեկութեանս է եղած… «Շղթայւած»-ի ճամբով, որուն մէկ դրւագի ներկայացման մէջ բեմադրիչ, մօրս մտերիմ ընկերուհի՝ Նւարդ Թիրեաքեանը, ինծի՛ ալ թզուկի դեր մըն էր վստահած՝ կարծես այդպիսով «Համազգային»-ին շղթայելով զիս…
Քիչ մը աւելի ուշ, վաղ երիտասարդութեանս, Կահիրէ բնակած վերջին քանի մը տարիներուս, «Համազգային»-ի օժանդակ յանձնախումբն էր հասարակական գործունէութեանս,- աւելի ճիշտ պիտի ըլլայ գրել՝ վարժողութեա՛նս գլխաւոր պարունակը, ուր «Համազգային»-ի հեռատես ղեկավարները համախմբեր էին գրականութեամբ, արւեստով, թատրոնով ու ընդհանրապէս մշակոյթով հետաքրքրւող երիտասարդներ։ Ոտքիս անցած շղթային օղակը աւելի ամրացնելու նպատակով անկասկած…
Կանադա, Մոնրէալ։ Ահա արդէն աւելի քան 56 տարի1)։ «Համազգային», «Համազգային», «Համազգային»։
Ի՞նչ երանութիւն, հողը պատրաստ էր, կը մնար ցանել, ոռոգել… Այո, «Համազգային»-ը հիմնւած էր այստեղ մեր ժամանումէն իսկ առաջ, հիմնւած էր օգտւելով Կահիրէէն այցելութեան եկած՝ «Համազգային»-ի վաղեմի վարչական ընկ. Եփրեմ Թուշեանի ներկայութենէն, ու ի՛ր իսկ կնքահայրութեամբ։ Իսկ Սիմոն Վրացեան, այն ատեն Բէյրութէն, ստորագրեր էր վաւերացումը Հիւսիսային Ամերիկայի մեր այս առաջին մասնաճիւղի կազմութեան։ Տեղւոյն Միհրան Փափազեան կոմիտէի նախաձեռնութիւնն էր եղած մեր մասնաճիւղի ստեղծումը։ Ան նշանակովի վարչութեամբ մըն էր օժտած զայն, ու այդ վարչութեան ալ շնորհիւ մեր գաղթելուն երկրորդ ամիսն իսկ մենք պիտի վայելէինք յոբելեանը Համաստեղի՝ իր, Արամ Հայկազի ու Յակոբ Խաշմանեանի ներկայութեամբ։ Կերեւակայէ՞ք հրճւանքս…
Մոնրէալ մեր այս կազմակերպութեան մէջ նախաքայլերս պիտի առնւէին գրական խմբակով, որուն առաջին հանդիպումը պիտի կայանար մեզմէ մէկուն՝ այժմ նորոգ վախճանեալ Եդւարդ Մսրլեանի տան մէջ, ապա, երբ այլեւս յարկաբաժնի մը չորս պատերուն մէջ չէինք կրնար սեղմւիլ՝ Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ ներքնասրահը պիտի հաւաքւէինք։ Ու հետզհետէ պիտի դառնայինք անդամական շարքերը այս միութեան։
Այդ գրական խմբակն էր, որ նոյնպէս տան մը մէջ, այս անգամ՝ Ճեսուրեաններուն, պիտի հանդիպէր Վարդգէս Պետրոսեանի՝ «Գարուն» նորահրատարակ ամսագրի երիտասարդ խմբագրին հետ, որ Երեւանէն ժամանած էր՝ այդ օրերուն տեղի ունեցող «Էքսպօ 67» միջազգային ցուցահանդէսին որպէս այցելու, ու վերադարձին մեր այս նորակազմ գաղութը պիտի կոչէր «մի կտոր Հայաստան»։
Յաջորդ տարիներուն առիթ պիտի ունենայի վարչական դառնալու նոյն այս կազմակերպութեան մէջ, որ արդէն համախմբած էր մեծ թիւով անդամներ ու կը գործէր իր ժողովներով ու վարչական կառոյցով, իր հովանիին տակ բերելով նախապէս կազմւած երգչախումբ, պարախումբ, թատերախումբ։
Սակայն չէինք կրնար բաւարարւիլ այդքանով։ Հիւսիսային Ամերիկան շատ աւելի մեծ դեր կրնար խաղալ մեր մշակոյթի պահպանման ու զարգացման գործին մէջ։ Եւ ահա, Տորոնտօ հաստատւած մեր ընկ. Մարգար Շարապխանեանին հետ ձեռք-ձեռքի, պիտի շրջէինք նախ Օնտարիոյի մեր միւս փոքր համայնքները, ապա ամերիկաբնակ ընկերներու՝ Հրանտ Մարգարեանի, Ժիրայր Ղարիբեանի եւ ուրիշներու հետ ալ՝ Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի մեծ քաղաքները, ուր արդէն գոյութիւն էին առեր մշակութային միութիւններ՝ այդ բոլորը վերածելով «Համազգային»-ի մասնաճիւղերու. այս ամէնը՝ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընկ. բժ. Հրաչ Աբրահամեանի անմիջական խղճամիտ ուշադրութեան ներքեւ։ Այդպէս պիտի կազմւէին զոյգ շրջանները Կանադայի եւ Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու։ Անոնց միջեւ յարաբերութիւններն ալ սերտացնելու նպատակով, տեղի պիտի ունենային համատեղ մշակութային համախմբումներ, գիտաժողովներ, յոբելեանական ձեռնարկներ եւ այլն։
Այս յօդւածիս նպատակը չէ երբեք յիշատակել ու յոխորտալ այս միութեան գործունէութեան մէջ իմ ներդրումներով։
Յաջորդող տասնամեակներուն եւ մինչեւ օրս ժողովուրդիս դատին ծառայելու իմ ուխտս իրագործելու գլխաւոր դաշտերէն մէկը «Համազգային»-ը հանդիսացաւ։ Ես երախտապարտ կը մնամ անոր եւ կուսակցութեանս։
Նպատակս չէ նաեւ ափսոսալ իմ թերացումներուն կամ ձախողութիւններուն համար։ Այո, այս միութեան մէջ մինչեւ բարձրագոյն մակարդակի պատասխանատւութիւն ստանձնելու առիթն ալ շնորհւեցաւ ինծի, սակայն ես ու գործակից ընկերներս միշտ չէ, որ կրցանք մեր բոլոր ցանկութիւնները իրականութեան վերածել՝ անշուշտ ծանրացնելով գալիք սերունդներու բեռը այդ ուղղութեամբ։
Մեր մշակութային կեանքը զարգացնելու մասին տարիներէ ի վեր մտահոգութիւններս եւ առաջարկներս արտայայտող յօդւածներս առանձին հատոր մը կրնան լեցնել։ Համոզւած եմ, որ մեծ, շատ մեծ ներուժ կայ մեր մէջ եւ շուրջ, եւ Հայաշխարհի ամբողջ տարածքին հասցնելու համար մեր կրթական ու մշակութային համապարփակ գործունէութիւնը եւ շարունակելու մեր ինքնուրոյն երթը այս մոլորակին վրայ՝ մենք կրնա՛նք, անհրաժեշտ է, որ կարենանք, մեր հետեւողական աշխատանքով ու գործակցութեամբ համապատասխան կազմակերպութիւններու, հաստատութիւններու եւ պետական կառոյցներու՝ արդիական, ժամանակին շունչով ու հնարաւորութիւններով աշխատող իրապէ՛ս «Համազգային» կազմակերպութեան մը վերածել «Համազգային»-ը։
Ու ես կը մնամ անոր զաւակը, անոր համեստ մէկ զինւորեալը։
ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
(««ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ»-ը (Յուշեր, վկայութիւններ եւ մտածումներ)», 95-ամեակին նւիրւած յատուկ հրատարակութիւն, «Վահէ Սէթեան» հրատարակչատուն, 2023)
________________
1) Հիմա արդէն աւելի քան 57 տարի