Սփիւռք

Արամ Ա Վեհափառն այցելել է Անտիոքի Յոյն Ուղղափառ եկեղեցու պատրիարքին

Ընդգծւել է քրիստոնեայ համայնքների միասնականութեան հրամայականը

«ԱԼԻՔ» – Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը այցելել է Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցու պատրիարքին։

«Հինգշաբթի, 24 յուլիս 2025-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը եւ իրեն ընկերակցող պատւիրակութիւնը այցելութիւն տւին Անտիոքի յոյն ուղղափառ եկեղեցւոյ պետ Եուհաննա Ժ. Եազճի Պատրիարքին, Պալամանտի Պատրիարքարանէն ներս։

Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նախ դատապարտեց քանի մը շաբաթ առաջ Դամասկոսի յոյն ուղղափառ Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ մէջ կատարւած ահաբեկչական ոճիրը եւ այս տխուր առիթով իր ցաւակցութիւնը յայտնեց Պատրիարքին ու նահատակներու ընտանիքներուն։

Արամ Ա կաթողիկոս ընդգծեց քրիստոնեայ համայնքներու միասնակամութեան հրամայականը, միաժամանակ յիշեցուց, որ անոնք Սիրիոյ ժողովուրդին մաս կը կազմեն։ Քրիստոնեաներուն գոյութիւնը արմատացած է Սիրիոյ պատմութեան մէջ եւ, հետեւաբար, բոլոր սուրիացիներուն հետ համահաւասար պարտաւորութիւններ ու իրաւունքներ ունին։

Այս նոյն մօտեցումը ունեցաւ նաեւ Եազճի Պատրիարքը՝ յայտնելով, որ դարեր շարունակ քրիստոնեաներ ու իսլամներ միասին ապրած են Սիրիոյ մէջ եւ նոյն գիտակցութեամբ ու յանձնառութեամբ պիտի շարունակեն իրենց գոյակցութիւնը՝ գործօն մասնակցութիւն բերելով Սիրիոյ վերելքին։

Իրենց զրոյցի ընթացքին, երկու հոգեւոր պետերը նաեւ ընդգծեցին, թէ անհրաժեշտ է, որ քրիստոնեաներ մնան Սիրիոյ մէջ՝ կառչելով իրենց համայնքներուն ու քաղաքացիական պարտաւորութիւններուն։

Նշենք, որ Վեհափառ Հայրապետին պատւիրակութեան մաս կազմեցին Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Շահէ արք. Փանոսեան, կաթողիկոսարանի «Կիլիկիա» մատենադարանի տնօրէն Գերաշնորհ Տ. Շահան արք. Սարգիսեան, Կաթողիկոսարանի տեղեկատւական բաժանմունքի վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան եւ Միջին Արեւելքի միջեկեղեցական եւ քրիստոնեայ-իսլամ յարաբերութեանց վարիչ Հոգեշնորհ Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան»,-ասւած է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Related Articles

Back to top button