Հայաստան - ԱրցախՍփիւռք

Պահանջ ու պահանջատիրութիւն

Երբեմն հարց կը տրւի թէ ինչ է պահանջատիրութիւնը։

Այլ խօսքով – ինչպէս կարելի է բնորոշել զայն։

Պահանջատիրութիւնը լաւ ճանաչելու համար է հարկ է գիտնալ ինչ է պահանջը եւ ով է պահանջատէրը։

Պահանջը ինչ բնոյթ ունի։ Անձնական է թէ հաւաքական։ Եւ այդ պահանջը անհասանելի երազ մըն է, թէ իրականալի բաղձանք։

Այդ պահանջը հետապնդելու հոգեվիճակը ներկայ է, թէ ոչ։ Պատրաստ ես վճռակամ շարունակելու պահանջը կենդանի պահելու մտադրանքդ։ Եւ ի գին ամէն զոհողութեան։

Պահանջը կենդանի պահողը պահանջատէրն է։ Միայն անոր (անհատական եւ հաւաքական) ճիգով, աշխատանքով եւ կամքով է որ կարելի կ’ըլլայ պահել, պահպանել եւ շարունակել պահանջը։

Պահանջը – ով հայեր ազգակիցներ – միայն գրաււած հողի վերադարձ եւ ցեղասպանութեան ճանաչում չէ, այլ հայավայել կեանք մը ապրելու աննահանջ պահանջն է նաեւ։ Մարդկայնօրէն արժանի կեանք մը՝ երբ չէ անտեսւած մարդուն ինքնութիւնը, արժանապատւութիւնը եւ ազատութիւնը։

Այլ խօսքով վերոյիշեալ մարդկային արժէքները կարելի չէ եւ պէտք չէ անտեսել կամ ոտնակոխել մեծ կամ հաւաքական պահանջին պատճառով կամ պատրւակով:

Պահանջատիրութիւնը հաւատաւոր եւ աննկուն մարդկանց կը կարօտի։ Եւ անոնք պէտք է ապրին եւ ոչ թէ մեռնին պահանջի բոցը անմար պահելու համար։ Եղեռնին յաջորդող տարիներուն պահանջատիրութիւնը լիիրաւ հայ ապրելու պահանջն ու վճռակամութիւնն էր։

Եւ այդ ժամանակի պահանջատէրերը շատ լաւ գիտէին իրենց դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ իրենցմէ սպասւած պահանջատիրութիւնը։

Այսօր արդեօք կարելի՞ է նոյն բանը ըսել։ Պահանջատիրութիւնը միայն խօսք չէ եւ ոչ ալ միայն ուրիշէն պահանջելը։

Այս հիմնական արժէքները եւ կենսական արժեչափերը պահելը եւ դաստիարակելը հայ դպրոցին եւ հայկական օջախին ճիտին պարտքն է։ Անշուշտ եթէ կը հաւատանք, որ անոնց դերը պարզապէս գոյութեան քաշքրտուք չէ։

ԹՈՎՄԱՍ ԿՈՐԿԻՍԵԱՆ

Related Articles

Back to top button