Սփիւռք

Լիբանանցի գաղթականներու օժանդակութիւն ցուցաբերելու ծրագրում

Պատգամաւորական գրասենեակին նախաձեռնութեամբ, ուրբաթ՝ սեպտեմբերի 27-ին «Շաղզոյեան» կենտրոնին մէջ գումարւեցաւ հայկական համայնքային, բարեսիրական ու ընկերաբժշկական կառոյցներու եւ կենտրոններու պատասխանատուներու ու ներկայացուցիչներու հանդիպում մը` քննարկելու համար երկրի ներկայ կացութեան մէջ հայահոծ շրջաններուն մէջ կանխազգուշացման եւ նախապատրաստութեան միջոցները:

Պատգամաւոր Բագրատունի ժողովականներուն ներկայացուց Լիբանանի թատերաբեմի վերջին զարգացումները եւ գաղթականներու հոսքի ծաւալումը: Քննութեան առարկայ դարձան հոսքին հետ կապւած ընկերային հարցերն ու ճգնաժամերու հետեւանքով համայնքին դիմագրաւած խնդիրները:

Որոշւեցաւ, որ բարեսիրական կենտրոնները, դարմանատուները եւ համայնքային ծառայութեան բաժանմունքները իրենց կարողութիւնները առաւելագոյնս լարելով օժանդակեն լիբանանցի մեր համաքաղաքացիներուն ընկերային ու բժշկական կարիքներուն եւ կատարեն անհրաժեշտ նախաձեռնութիւններ:

Պատգամաւորական գրասենեակին հրաւէրով կայացած այս հանդիպումին ներկայ էին Ազգային վարչութեան փոխատենապետ եւ ընկերային բաժանմունքի պատասխանատու, նախկին նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան, Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի ընկերային ծառայող Անի Գալուստ, ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Թալին Ուրիշեան, ԼՕԽ-ի «Ա. Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կենտրոնի տնօրէնուհի Նազելի Աւագեան, «Ջինիշեան» հաստատութեան տնօրէն Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգսեան, «Կարագէօզեան» հաստատութենէն Գրիգոր Այնէլեան եւ Ռաքէլ Քէչէճեան, հայ կաթողիկէ համայնքի ներկայացուցիչ Թալին Թերզեան:

Arfd.am

Related Articles

Back to top button