ՀՅԴ ՄամուլՍփիւռք

Մարդուժ

«Միայն կռւող ազգը կարողութիւն ունի պատասխանատւութիւն ստանձնելու ի խնդիր աշխարհի խաղաղութեան, եւ այդպիսի ժողովուրդ մը պէտք է իր նիւթական միջոցներն ու մարդուժը կազմակերպէ առաւելագոյն արդիւնաւորութեամբ»:

Տայւանի ղեկավար Չանկ Քայ Շէք (1887-1975)

Ահազանգային հնչեղութիւն ունէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան այս տարւան պատգամը, որ յանձին Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Վեհափառ Արամ Ա-ի՝ 2024 տարին հռչակած է «Մարդուժի պատրաստութեան տարի»։

Պատգամին մէջ մանրամասնօրէն կը բացատրւի, կը տեղեկագրւի եւ կեզրակացւի, թէ հեռու ենք, շա՜տ հեռու՝ այն իրավիճակէն, որ կերազէինք կամ կենթադրէինք, թէ կրնայինք ունենալ։

Յստակ է, թէ շա՜տ բան ճիշտ ձեւով չընթանար։ Եկէ՛ք, իրատես ըլլանք եւ հարց տանք, թէ արդեօք ի՞նչ բան ճիշտ կընթանայ։ Բնագաւառ մը, ոլորտ մը կա՞յ, ուր կրնանք խղճի ամենայն հանգստութեամբ, աչքերիս գոց հաստատել, թէ գործը հեզասահ կընթանայ։

Հոգեբանական խոր վերլուծումներու եւ նիցչէական ու ֆրէօտեան հոգեբանական-հոգեբուժական ախտաճանաչումներու չերթանք։

Մեծով, պզտիկով ազգային լուրջ մտահոգութեան մէջ ինկած ենք։ Թմբի՞ր, մահաքո՞ւն, թէ՞ պարզապէս անտարբերութիւն։

Յստակ է. իւրաքանչիւր հայորդի, իբրեւ ազգային պարտականութիւն, եւ ի շահ հայրենիքին, պէտք է ազգային ու թափանցիկ դաստիարակութեամբ կրթութիւն ստանայ, ճիշտ ուղղութեամբ առաջ ընթանայ, լաւապէս թրծւի, հեռու մնալով ծայրայեղութիւններէ, ըլլան անոնք ազգային, թէ ապազգային, կրօնական, թէ գաղափարական։ Իւրաքանչիւր նոր սերունդի ներարկւած աւիշով է, որ կը կերտւի հայորդիին էութիւնն ու ազգի ապագան։

ԱՄՆ-ի փոխնախագահ եւ ապա նախագահ Լինդըն Ջոնսըն, այդ օրերուն, երբ ստանձնած էր երկրին ղեկը, թօթափելու համար նախագահ Քենեդիի սպանութեան ստեղծած գահավէժ ու վտանգաւոր վիճակը, կոչ ուղղած էր կարեւորելու մարդուժը եւ շեշտած, թէ կարելի չէ առաջ երթալ, բարգաւաճել եւ զարգացում իրականացնել առանց մարդուժի։ Ան շեշտած էր, թէ պէտք է պայքարիլ անտարբերութեան դէմ, եւ այդ պայքարի բանալին՝ նոյնինք պարզ քաղաքացին է, իրազեկ ու դաստիարակւած քաղաքացիներու ամբողջ բանակը:

Այս իրականութիւնը, պահա՛նջը, շատ աւելի խիզախ եւ տպաւորիչ ձեւով կարտայայտւի Չանկ Քայ Շէքի վերոյիշեալ խօսքին մէջ: Ան վիթխարի Չինաստանին դէմ պայքարած է եւ հետեւողական եւ տաժանակիր աշխատանքով կրցած է մարդուժ կերտել: Անշուշտ հոս կարելի չէ անտեսել Արեւմուտքին եւ յատկապէս Միացեալ Նահանգներու տրամադրած օժանդակութիւնն ու ներդրումը (օժանդակութեանց յետին նպատակներն ալ՝ այլ պատմութիւն, որ կը շարունակւի մինչեւ այսօր)։

Վեհափառի պատգամին մէջ, յստակօրէն կը նշւի, թէ մարդուժ գոյութիւն ունի եւ հայորդին թրծւած է, կազմ ու պատրաստ, սակայն հարցը դժբախտաբար իրազեկութեան մէջ է, ու ներառման գործընթացն է, որ կը պակսի։

Հետեւաբար, հրամայական է, որ թէ՛ Հայաստանի, եւ թէ՛ Սփիւռքի զանազան գաղթօջախներուն մէջ, բազուկները գործի լծւին եւ միաւորւին ազգային գերագոյն շահերու հետապնդման գործին մէջ, մէկդի դնելով ամէն տեսակի եւ մակարդակի կողմնակի եւ անգոյն հաշիւներ։

Այսօր, Հայաստանէն (դժբախտաբար կարելի չէ խօսիլ անոր այլապէս անբաժանելի մէկ մասնիկին՝ Արցախի մասին) մինչեւ սփիւռքահայ մեծ ու փոքր օջախներ՝ կը պակսի խորաթափանց մօտեցումը, օգտագործելու ճիշտ անձը՝ ճիշտ դիրքին վրայ, մէկ խօսքով՝ օգտւելու ՄԱՐԴՈՒԺ-էն: Պետական կառոյցներէն, սկսելով երկրի ղեկավարէն մինչեւ նախարարներ, դեսպաններ, Սփիւռքի զանազան օջախներու պատասխանատու պաշտօնի վրայ գտնւող երեւելի անձնաւորութիւններ շատ աւելի ներդաշնակ եւ արդիւնաւոր կացութիւն պիտի ստեղծէին եւ Հայաստանը պիտի չգտնւէր կործանման սեմին։ Պէտք է հաստատենք, թէեւ, որ այլ կառոյցներու եւ կազմակերպութեանց մէջ, պատկերը համեմատաբար աւելի դրական է տեղ-տեղ:

Մանրամասնութիւն մը. մարդուժ՝ ինքնաբերաբար կը նշանակէ մտքի, խելքի՛ ուժ, որուն հանդէպ վանողականութիւն մը կը տիրէ մասնաւորաբար հայրենի իշխանաւորներու շրջանակին մէջ, եւ կարծէք թէ անով կը վարակւին ուրիշներ…

Հուսկ, երբ ճիշտ անձը ճիշտ պաշտօնին կոչւի, եւ այդ՝ ճիշտ պահուն, ինքնաբերաբար ՄԱՐԴՈՒԺ-ն է, որ կը գերազանցէ «մարդուկ»-ը։

«Հայրենիք»-ի խմբագրական,
Բոստոն

Related Articles

Back to top button