Հայաստան - ԱրցախՍփիւռքՔաղաքական

Արամ Ա Վեհափառի նախագահութեամբ քննարկւել է արցախահայութեան իրաւունքների վերականգնման հարցը

«ԱԼԻՔ» – Արամ Ա Վեփափառ Հայրապետի նախագահութեամբ տեղի է ունեցել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի հերթական առցանց նիստը: Այս մասին յայտնում են կաթողիկոսութեան մամուլի ծառայութիւնից։

«Օրակարգին ներառւած էին Միջին Արեւելքի եւ Հարաւային Կովկասի վերջին իրադարձութիւնները, Գազայի պատերազմը, անոր զուգահեռ Լիբանանի դիմագրաւած պատերազմի վտանգն ու այդ բոլորի ազդեցութիւնը միջին արեւելեան հայ համայնքներուն վրայ։ Յատուկ կէտով քննարկումներ կենտրոնացան COP29-ի ընդառաջ միջազգային ատեաններու ու մասնակցող պետութիւններու մօտ տարւող աշխատանքներուն եւ յատկապէս Բաքւի բանտերուն մէջ պահւող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ու պատանդներուն ազատ արձակման նպատակով տարւող աշխատանքներուն վրայ։

Վեհափառ Հայրապետը պարզեց Վատիկանի եւ ապա Ժնեւի մէջ իր ունեցած հանդիպումներուն մասին տեղեկութիւններ։ Հանդիպումները առիթ եղած են արծարծելու բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջները։ Նորին Սրբութիւնը նաեւ իրազեկեց հարթակի անդամները Իրանի եւ Կանադայի դեսպաններուն այցելութիւններուն մասին եւ անոնց ընթացքին քննարկւած թէ՛ Հարաւային Կովկասի, եւ թէ՛ Միջին Արեւելքի վերաբերող խնդիրները։ Այս առումներով Արամ Ա կաթողիկոս մասնակիցներուն յայտնեց հայ-ադրբեջանական հակամարտութեան եւ յատկապէս բանտարկեալներու ուղղութեամբ Վատիկանի մէջ տիրող իրավիճակին մասին։

Ժողովականները արձանագրեցին, որ այս տարւան յունւարին Անթիլիասի մէջ կայացած թէ՛ հարթակի առկայ նիստին, եւ թէ՛ Ապրիլին «Արցախի մէջ Ադրբեջանի կիրարկած ցեղասպանութիւնը» թեմայով գիտաժողովին բանաձեււած էին աշխատանքային ուղենիշեր։ Այս նիստերուն «Կիլիկիա վերլուծական հարթակ»-ի անդամներուն կողքին կը մասնակցէին միջազգային քրէական դատարանի հիմնադիր դատախազ Լուիս Մորէնօ Օքամփօ, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախկին նախարար եւ արցախահայութեան իրաւաւունքները հետապնդող յանձնաժողովի աշխատանքները համակարգող Վարդան Օսկանեան եւ Ընկերվար միջազգայնականի փոխ նախագահ Մարիօ Նալբանդեան։

Յունւարի եւ ապրիլի հանդիպման նիստերու ընթացքին բանաձեււած առաջադրային կէտերը կարծարծւին Վեհափառ Հայրապետին հետ՝ տարբեր պետութիւններու դիաւանգիտական ներկայացուցիչներու հանդիպումներուն եւ Արցախի հայութեան իրաւունքներու վերականգնման համահայկական աշխատանքներու ընթացքին։ Հետապնդւած հարցեր են Արցախի մէջ Բաքւի իրականացուցած ցեղասպանական քաղաքականութիւնը, Արցախի ժողովուրդի հաւաքական վերադարձի իրաւունքը, վերադարձը միջազգային անվտանգութեան գործիքակազմով երեաշխաւորելը, COP29-ի ընդառաջ Ադրբեջանի գործադրած տարբեր բնոյթի յանցագործութիւնները իրազեկելը, Արցախի առեւանգւած ղեկավարութեան, գերիներու, պատանդներու ազատ արձակումը պահանջելը եւ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութեան պահպանման միջազգային կառոյցներու մօտ աշխատանքը։

Նշենք, որ հերթական առցանց հանդիպման օրակարգի վերջին կէտով հաստատւեցաւ յունւար եւ ապրիլ 2024-ին յաջորդաբար Անթիլիասի մէջ տեղի ունեցած հարթակի լիագումար եւ «Արցախի մէջ Ադրբեջանի ցեղասպանական քաղաքականութիւնը» թեմայով գիտաժողովի նիստերուն ներկայացւած զեկուցումներու հրատարակութեան խմբագրական կազմը։ Հաւաքածոյին կը ներառւին վերը նշւած կէետրուն մասին պատմագիտական, իրաւագիտական, կրօնամշակութաբանական եւ քաղաքագիտական առանցքներով ներկայացւած զեկուցումները»։

Related Articles

Back to top button