Հալէպահայութեան համար
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ
Հալէպահայութիւնը հերթական անգամ կապրի ճգնաժամային օրեր: Շրջանի կացութիւնը յղի է անկանխատեսելի զարգացումներով եւ ուղղակի ազդեցութեան տակն է շրջանային զարգացումներուն, որուն դերակատարները Միջին Արեւելքի մէջ կը հետապնդեն բաւական յաւակնոտ քարտէզային փոփոխութեան ծրագիրներ: Այս իրադրութեանց ընդհանուր հոլովոյթին մէջ տակաւին կանուխ է ամբողջական պատկերացում կազմել գալիքի մասին եւ յատկապէս կարելի չէ կանխատեսել թէ ի՞նչ արդիւնքի կրնայ յանգիլ յատկապէս Սիրիոյ կացութիւնը: Ապագայի այս անորոշութիւնը ամէնամտահոգիչն է:
Հետեւաբար, վերադառնալով հայկական օրակարգին, հիմնականը այս հանգրւանին հալէպահայութեան եւ ընդհանրապէս սիրիահայութեան անվտանգութիւնն է եւ անոր գոյերթի շարունակութիւնը: Այս դիտանկիւնէն անշուշտ համայնքի ղեկավարութիւնն է, որ կրնայ ճիշտ ուղղութիւն տալ այս գործօնին, ինչպէս որ այս ծանր պարտականութիւնը արժանավայել կերպով կատարեց Սիրիոյ տագնապի ամբողջ ընթացքին, միաժամանակ ամրագրելով վճռակամութեան եւ տոկունութեան կարեւոր փաստ մը եւ արժանացաւ հայաշխարհի զօրակցութեան: Վերջին շրջանին համայնքի հաւաքական կեանքի ապրած աշխուժութիւնը բաւարար ցուցանիշ է այս հաստատումին:
Այսօր, թեմի առաջնորդ Մակար Սրբազանի կոչը կը մնայ հիմնական ուղենիշ եւ այդ կոչի մէջ տեղ գտած վերնագիրներուն մէջ պէտք է դիտարկել հալէպահայութեան այսօրւան իրավիճակը եւ անկէ բխող ակնկալելիքները: Հետեւաբար, հեռւէն կատարւող մեկնաբանութիւնները, ոչ մէկ ձեւով այս հանգրւանին կը նպաստեն տագնապի լուծման, որովհետեւ իրադարձութիւններուն մօտէն հետեւողը եւ հողին վրայ գտնւողը կրնայ գործնական ու իրապաշտ որոշումներով համայնքին տիրութիւն կատարել: Ինչպէս անցնող տարիներուն, ներկայիս նաեւ հայաշխարհը իր զօրակցութեան պատրաստակամութեամբ՝ անհրաժեշտ է, որ վառ պահէ համայնքի մօտ նոյն այդ հաստատակամութիւնը եւ դժւարութիւններու յաղթայարման ու շրջանցման առաքելութիւնը:
Մաղթենք, որ այս սեւ ամպն ալ արագ վերանայ հալէպահայութեան երկնակամարէն եւ ան շարունակէ իր պատմական դերակատարութիւնը: