Սփիւռք

Արամ Ա. «Արցախի անկախութիւնը սոսկ անցեալ չէ, այլ նաեւ ու մի՛շտ՝ ապագայ»

Ազգեր անցեալին կը նային, անցեալի իրագործումներով կը հպարտանան, անցեալի թերութիւններուն կը գիտակցին, սակայն միշտ ապագան աւելի ամուր հիմերու վրայ կերտելու գիտակցութեամբ, յանձնառութեամբ ու տեսլականով։ Հետեւաբար, անցեալը պէտք չէ դառնայ անցած, այլ՝ վերանորոգ հաւատքով ու նպատակասլաց կամքով ապագային բացւելու ու քալելու ամուր վճռակամութեան վերահաստատման առիթ ու յիշեցում։

Այս հայեցակէտով հարկ է մօտենալ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Ազգերու պատմութեան մէջ պայմանները միշտ փոփոխական են։ Աշխարհաքաղաքական շահերու դասաւորումը՝ միշտ յարափոփոխ։ Պէտք է հեռու մնալ կաղապարւած մտածողութենէ, տեսական յղացքներէ, ինչպէս նաեւ տւեալ ժամանակի շահերու ու մօտեցումներու պարտադրանքներէ։ Հաւատքին միախառնելով յոյսը եւ զայն թրծելով ամուր կամքով, հարկ է քալել դէպի ապագայ։

Այսօր, երբ յետադարձ ակնարկով կը նշենք Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը, առաջին հերթին եկէք յիշենք մեր բոլոր նահատակները, որոնք իրենց արիւնը թափեցին ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման։ Եկէք նաեւ յիշենք Արցախի անկախութեան առաւել ամրապնդման համար գործած ու ծառայած մեր ղեկավարները, որոնք այսօր կը տառապին Բաքւի բանտերուն մէջ։

Արդարեւ, չի բաւեր միայն յիշել, հարկ է զայն վերածել պայքարի՝ ի խնդիր Արցախի անկախութեան վերականգնման, արցախահայութեան վերադարձի իրաւունքներու վերահաստատման եւ Արցախի քաղաքական բանտարկեալներուն շուտափոյթ ազատագրման։

Ըսած ենք, կը կրկնենք եւ մի՛շտ պիտի ըսենք, թէ Արցախի անկախութիւնը պատմութեան փոշիներուն տակ թաղւած չէ։ Ան մեր ազգի օրակարգին վրայ առաջնահերթ տեղ պէտք է գրաւէ՝ որքան ալ փորձենք իրապաշտութեան պիտակին ետին անցեալի էջը նկատենք փակւած։

Վա՛յ այն ազգին, որ ինքզինք կը բանտարկէ ներկայ շահերու նեղ սահմաններուն մէջ՝ ծածկւած իրապաշտութեան քօղին ետին։ Պատմութեան թատերաբեմին վրայ կը մնան այն ազգերը, որոնք իրենց ներկան կը տեսնեն անցեալով ամրագրւած եւ ապագայի տեսլականով հզօրացած ու կը քալեն յառաջ՝ վերանորոգ հաւատքով ու յուսով։

Այսպէ՛ս եղած է մեր ազգը։

Այ՛ս է պատգամը Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան։ Մնանք ականջալուր ու հաւատարիմ մեր պատմութենէն, հին թէ նոր, մեզի փոխանցւած սրբազան պատգամներուն։

2 Սեպտեմբեր 2026

Related Articles

Back to top button