Սփիւռք

110-Ամեակի մտածումներ. Հայրենահանւածներու յետնորդներու ինքնութեան եւ իրաւունքի վերականգնում

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

«Միայն պատեհապաշտները տեղ կը հասնին, եւ նկարագիրը դժւար ժամանակներու առաքինութիւնն է»

ԶՕՐԱՎԱՐ ՇԱՐԼ ՏԸ ԿՈԼ

 

«Ֆեթիշ» թւականը անցաւ: Քաղաքական իմաստութիւն է հարց տալ, թէ տեսակարար (spécifique) տարբերութիւն ունի՞ն ցեղասպանութիւնը, հայրենահանումը եւ անհայրենիք մնալու դատապարտութիւնը:

Դար մը զոհերու մասին խօսեցանք, զանոնք յիշեցինք, «սրբադասեցինք»: Մխիթարութեան հանդէսնե՞ր: Աւանդութիւն յարգելու ցուցադրութիւննե՞ր: Անոնք պարզապէս անզօրութեան խոստովանութիւն եղան: Զոհերը եւ հայրենահանւածները մնացին պատմութեան խորքի պաստառի վիճակին մէջ: Անոնք յուշ եղան, բեմի, խօսքի, կամ գիր-գրականութեան յարդարանք: Հիմա ուրացումը դարձած է քաղաքական նորատեսակ փրկութեան լաստ, հասկնալ՝ խաղաղութեան:

Սերունդներ փոխւեցան, պաստառը մնաց նոյնը:

110 անգամ ապրիլ 24: Անմիջական յետնորդները աղմկեցին, յիշեցին  հայրենիք եւ ծննդավայրեր, ուրկէ իրենց նախնիները հեռացած-հեռացւած էին: Այդ աշխարհը մնաց օտարւած, սեւ վարագոյրի ետին: Տէր չեղանք, չկրցանք ըլլալ եւ այսօր ալ տէր չենք նախնիներու ժառանգութեան: Միջազգային դաւադրութիւնը այդպէս վճռեց: Դեռ չեն արգիլած, մենք ալ մենք մեզի չենք արգիլած յիշել: Յիշելը բնական կարգով կառաջնորդէ տիրոջ գիտակցութեան: Բայց յիշողութենէն ետք չեկաւ ազգի ոչ ցուցադրական յանձնառութիւնը:

Կարծէք՝ չանհանգստանալու համար չենք խօսիր հայրենահանւածներու յետնորդներու, անոնց ինքնութեան եւ իրաւունքի մասին: Երբ հողը չկայ, կու գայ չորացումը, կըսենք՝ ապահայացում կամ ձուլում: Այս մասին խօսելու համար պէտք է զանոնք տեսնել, գիտնալ, թէ ո՞ւր են, ի՞նչ են, կա՞ն որպէս շարունակութիւն, ի՞նչ ճանաչում ունին իրենք իրենց համար եւ իրենցմէ դուրս:

Սփիւռք բնորոշման տակ կուտակւած են հայրենահանւածներու յետնորդները, անոնց վրայ գումարւած են՝ ինքնահայրենահանւածները, հայրենիք լքողները, համագումար, անհայրենիքներ, որոնք գաղթականութիններ են եւ կապրին այն ինքնախաբէութեամբ, որ հայրենիք ունէին, ունին, բայց ուրկէ բացակայ են, որ պատկեր է, որուն պաշտպանութեան եւ տիրութեան պայքար մղելէ դադրած են. բախտաւոր պարագային, կը զբաղին՝ բարեսիրութեամբ, յուշ երեկոներով եւ յուշամատեաններով եւ այցելութիններով, օտարի պէս զբօսաշրջիկ կըլլան, թէեւ իրատեսութեամբ պէտք է ընդունիլ, որ նաեւ այդքան է պահանջւածը, եւ իրենք այդքան կրնան ընել, երբ բացակայ են: Քաղաքական եւ պատշաճեցման ճապկումներով նախահայրերէն ժառանգւած-ստացւած հայրենիքը տէր չունի, ո՛չ ներսը եւ ո՛չ դուրսը անոր տէր չենք, ան օրակարգ չէ, կարծէք՝ կացութիւնը ընդունած ենք, որ ան այլեւս չկայ, պիտի չըլլայ, մանաւանդ որ միջազգային համայնքը ընդունած է կացութիւնը՝ որպէս կատարւած իրողութիւն: Այս վերաբերումները  մէկ անուն ունին. ՈՒՐԱՑՈՒՄ: Մնացած է բեկոր մը, որուն շուրջ եւ որուն համար կը վիճինք եւ կը սպառինք:

Աւանդութիւններ կը յարգենք, շաբաթավերջերուն կը խմբւինք, այդ կընենք եւ կը կարծենք, որ հայրենասիրութին եւ քաղաքականութիւն կը խաղանք եւ սփիւռքը հայ պահելու հեւքը կը շարունակենք: Այդքանն ալ կընենք՝ առանց գիտնալու, թէ ո՞ր հիմնական նպատակի իրականացման կը ձգտինք:

Չենք ուզեր տեսնել եւ ընդունիլ, որ  յետնորդները այլեւս ազգային գաղթականութիւններ չեն, քանի որ հայրենիքը հասնումի նաւահանգիստ չէ, քանի որ անոնք խարսխած են  բազմանուն ափեր, իրենց վրանները զարկած են ասդին եւ անդին, հոն, ուր հասած են, եւ այլեւս իրենք զիրենք գաղթական չեն համարեր, նոր  անուններով շապիկներ հագած են: Իրենց կայք հաստատած երկիրներու համակարգին մէջ ընդգրկւած են՝ որպէս արտադրող եւ սպառող, նաեւ՝ ամէն օր քիչ մը աւելի շեշտւող նոր կենցաղով եւ հոգեբարոյական նոր մտահորիզոնով, որոնք ոչ մէկ ձեւով շարունակութիւն են: Լաւագոյն պարագային,  համայնք են: Իսկ համայնքը ազգ չէ, որքան ալ մշակոյթ եւ ենթադրեալ տեսակաւոր ազգային քաղաքականութիւն ուզէ շարունակել: Ո՛չ մէկ տեղ հայրենահանւածներու եւ անոնց յետնորդներու նախահայրերու հայրենիքը եւ հոն վերադարձը օրակարգ չեն: Ո՞ւր կը խօսւի Վանի, Մուշի, Սասունի, Ատանայի, Սիսի, Խարբերդի մասին: Հայոց քաղաքական խօսքէն հանւած են այդ տարածքները եւ քաղաքները, անոնք յիշատակի եւ պատմական ծանօթութեան վերացական հասցէներ են: Հայերը, անոնք ըլլան հայրենահանւածի թէ ինքնահայրենահանւածի սերունդ, ո՞ւր պիտի յանգին, եթէ որպէս իրաւատէր չմնան, հանդէս չգան եւ չպայքարին: Այդ յետնորդներուն համար այն հայրենիքը, ուրկէ հայրենահանւած են իրենց նախորդները,  այսօր իրենց հայրենիքը չէ, իրենք անոր տէր չեն: Բախտաւոր պարագային, հոն հիւր կերթան, կը լուսանկարեն: Ուրեմն ի՞նչ կընեն եւ պէտք է ընեն իրաւ շարունակութիւն եւ տէր ըլլալու համար: Այսպէս մտածել, ըստ այնմ դիրքորոշւիլ եւ գործել, ազգային քաղաքականութիւն կըլլայ, որ հրաժարման առաջնորդող պատշաճեցումներէն անդին կը նայի:

Եթէ կարենայինք գաղթականութեան եւ համայնքային պատշաճեցումները ազգային նպատակ չհամարել եւ յանձնառու կազմակերպութիւն յառաջացնել, միանայինք հայրենիք ազատագրելու եւ ունենալու համար, ամէն օր արթննայինք՝ լսելով յիսուն տարի առաջ Արարատի փէշերուն ապրող սերունդի «ՄԵՐ ՀՈՂԵՐ»-ը կանչը, ՏԱՐԲԵՐ ՄԱՐԴ կըլլայինք, ագեվազներու երկրին մէջ, Լոս, Մարսէյ, Նետերլենտ, Բելգիա հայերէն երգելով՝ հայրենասիրութիւն չէինք խաղար: Պիտի գտնւի՞ն մարդիկ, որոնք ներշնչեն յառաջիկայ տարի Վան, Մուշ, Սասուն, Սիս, Ատանա հասնելու հաւատքը, որպէսզի երազ ունենանք, ոտքի մնանք եւ պատմութեան հեղեղին մէջ չտարւինք՝ որպէս տաշեղ: Հիմա հայրենիք կը լքենք, մէկ գաղթավայրէ միւսը կերթանք՝ հետապնդելով լաւ ապրելու իրաւունքը: Կը մտածեմ, որ եթէ օր մը Ամերիկան կրկին քաղաքացիական պատերազմի մէջ գտնւի, Աւստրալիոյ բնիկները՝ ապորիժենները, ազատագրական պայքար մղելու համար ոտքի ելլեն, ի՞նչ պիտի ընեն հայ հին եւ նոր գաղթականները:

Աներազ ժողովուրդներով բնակւած է պատմութեան գորշ անհունը, ուր յոյս եւ կեանք չեն ծաղկիր:

Ինչո՞ւ դադրած ենք ազգին, որ ի Հայաստան, Ռուսիա, Ամերիկաներ, արաբական աշխարհ, հիմա նաեւ՝ Չինաստան, բեւեռներու մէկէն միւսը, չենք ըսեր, որ մարդ ըլլալու համար հայրենատէր պէտք է ըլլալ՝ չըլլալու համար անհող եւ անինքնութիւն:

Այսօր հայ քաղաքական առատաբան շուկային մէջ ո՛չ ոք կը յիշէ իր ժողովուրդի երակէն եկած եւ ազգի խոր զգացողութիւնը ունեցած հայոց Մկրտիչ Խրիմեան տեսիլք ունեցող կաթողիկոսին պատգամը Թոռնիկին… Կը պատահի՞, որ հանրապետութենէն եւ մոլորակի շուրջ դարձող քաղաքական եւ այլ խօսքերու շուկային մէջ հնչէ Խրիմեանի պատգամը Թոռնիկին, ուղղւած իւրաքանչիւր հայու, որ ՀՈՂԸ ՊԷՏՔ Է ԿԵԱՆՔԻ ԵՒ ՄԱՀՈՒԱՆ ՕՐը… որ ԱՆՀՈՂ ՉՄՆԱՍ:

Եւ լսողներ կա՞ն:

Այդ ՀՈՂԸ նախահայրերու կտակած հայրենիքն է, որ արմատներու անուններ կը խտացնէ:

1915… 2025, 2055, օր մըն ալ՝ 3015… Եւ յետոյ ի՞նչ…

Յարափոփոխ աշխարհին մէջ ի՞նչ ենք եւ ի՞նչ կընենք, որպէսզի վերականգնինք եւ ազգ ու հայրենիք վերականգնենք:

Չեմ  յիշեր, թէ ո՛վ ըսած էր, որ քսաներորդ դարու մեծագոյն գիւտը հիւլէական ռումբը չէր, այլ՝ կազմակերպութիւնը, «oրganisation»-ը…

Եթէ այս ԱՄԵԱԿէն սկսէինք ինքնութեան եւ իրաւունքի պահպանման վրայ խարսխւած ազգային ուժի եւ իրաւունքի նպատակային կազմակերպութիւն յառաջացնել՝ առանց անմիջականի մէջ թաղւելու, մեր լինելիութիւնը դիտէինք գալիք դարու եւ դարերու համար, կը պահէինք ինքնութիւն, կը վերագտնէինք իրաւունք, կը դադրէինք ուրիշներու համրանքը լրացնելէ, կըլլայինք նախահայրերու  ինքնութեամբ՝ անոնց իրաւ ժառանգ:

Եթէ այս «յեղափոխութիւնը» այսօր չսկսինք եւ չընենք, ո՞ւր պիտի աւարտի ազգի եւ հայու պատմութիւնը: Գոհունակութեամբ պիտի սպասենք եւ գոհանա՞նք, որ յաճախ մեր հայրենահանման մեղսակիցներ խօսք շռայլեն եւ մեզ յուզեն՝ ըսելով, որ օրինակելի կերպով մերւած ենք այս կամ այն ցամաքամասի երկիրներէն մէկուն կամ միւսին քաղաքակրթութեան, մշակոյթին, կենցաղին: Այդ  պիտի նշանակէ, որ այլացած ենք, մենք դադրած ենք մենք ըլլալէ:

Ուրիշ ժողովուրդներ իրենք զիրենք հաստատած են եւ կը հաստատեն՝ հետեւելով եւ ընդունելով ինքնութիւն պահող եւ կերտող Ազատագրական պայքարի ուղին: Եթէ զանազան անուններով հայութիւնները չգիտակցին եւ չգործեն ա՛յս ըմբռնումով, ապագան հայութիւն կոչւած ազգին ի՞նչ պիտի վերապահէ: Այսպէս մտածել եւ ըստ այնմ գործել՝ սովորութիւն դարձած հայկական աթոռ-աթոռակի խաղ չէ, որ կը խաղցւի Հայաստանի բեկոր հանրապետութեան եւ բազմացող «Նոր հայրենիք»-ներու սփիւռքի մէջ:

1939-ին պարտւած եւ գրաււած Ֆրանսայի զօրավարներէն մին, հակառակ իր իշխանութիւններուն, ո՛չ ըսաւ օտարի տիրապետութեան: Իր երկիրը զինք մահւան դատապարտեց, բայց ինք միացուց ուժերը՝ առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու,  չյանձնւեցաւ, պայքարեցաւ եւ վերականգնեց իր հայրենիքը: Այդ ընելու համար հայրենիք չլքեց: Եղաւ Դիմադրական Շարժում, որուն անդամները չգացին Թահիթի, Վանքուվըր կամ Հոնոլուլու, երբեմն գնդակահարուեցան: Բայց հայրենիք պահեցին: Հայրենիք չյանձնեցին:

Ինչո՞ւ կը կարծենք, որ երկինքէն մանանայ պիտի տեղայ:

Հայրենահանւածի եւ անհայրենիքի մեր կացութեան ո՛չ ոք մեր փոխարէն լուծում պիտի բերէ: Ճիշտ ուղին իրաւ յանձնառութեամբ «յարատեւ կռիւ»-ն է, որ անցեալին պատգամւած էր: Այսօր ալ պէտք է լսել այդ պատգամը: Իրաւունքի եւ արդարութեան համար կռւիլ՝ էապէս մարդու եւ կեանքի հանդէպ ճշմարիտ յարգանքի պայքար է: Չպայքարիլ՝ կը նշանակէ բարենիշ տալ չարին եւ  ոճիրին, ընդունիլ բոլոր տեսակի ստրկացումները, անոնք ըլլան քաղաքական, կրօնական, դասակարգային թէ ցեղային:

Եւ հրաժարիլ մարդ ըլլալէ եւ ըլլալ սոսկ մարդանման էակի մը մարսողական գործարանը:

Մեր պատմութիւնը մեզի կտակած է քաղաքական մեծ իմաստութիւն, ուրիշ մեծանուններէ առաջ, ըստ որուն, «Մահ ո՛չ իմացեալ մահ է, իսկ մահ իմացեալ՝ անմահութիւն»:

Իմանա՛լ եւ ունենալ լսելու ու գործելու առաքինութիւն, որ հռոմէացիին համար կը նշանակէր հոգեկան ուժ, նոյնիսկ եթէ ամեակները մոռացման մոխիր կը ցանեն:

Akunq.net

Related Articles

Back to top button