Տեղի ունեցաւ Մոնթեբելլոյի ցեղասպանութեան յուշարձանը պատմական կոթողներու ցանկին վրայ ներառելու պաշտօնական արարողութիւնը

«ԱԼԻՔ» – Ինչպէս նախապէս հաղորդած էինք՝ Կալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումը նամակ մը յղած էր Նահանգային պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին՝ խնդրելով, որ Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակին նւիրւած Մոնթեբելլոյի յուշարձանը ներառւի Կալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ։
Նամակին մէջ շեշտւած էր, որ հայկական եկեղեցւոյ գմբեթը յիշեցնող եւ արդիական ոճով կառուցւած յուշարձանը 1968-էն ի վեր դարձած է Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերը ոգեկոչելու վայր մը՝ աւելցնելով, որ անիկա հանրային տարածքի մը վրայ կառուցւած՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առաջին յուշարձանը կը հանդիսանայ։
Յանձնաժողովը ընդունեց դիմումը եւ յուշարձանը պաշտօնապէս Կալիֆորնիոյ նահանգային կոթողներու ցանկին վրայ դրւեցաւ ուրբաթ, 21 փետրւարի յետմիջօրէին տեղի ունեցած արարողութեան մը ընթացքին:
Արարողութեան ներկայ էին առաջնորդներ Գեղամ արք. Խաչերեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, ինչպէս նաեւ Բարսեղ եպս. Բաղդասարեան եւ նահանգային ու քաղաքային մակարդակի այլ պաշտօնատարներ։ Ներկայ էին նաեւ «Մեսրոպեան» ազգային վարժարանէն Նիք եւ Տիլըն Խաչիկեանները, որոնք վերջերս, նահանգային մակարդակի վրայ, բասկետբոլի նոր մրցանիշներ հաստատեցին։
Արարողութիւնը սկսաւ հոգեւորականներուն միացեալ աղօթքով եւ դրօշակի արարողութեամբ, իսկ արարողութեան ընթացքին, Կալիֆորնիոյ Հայկական օրէնսդրական համախմբումէն ծերակուտական Պապ Արչուլեթա յայտարարեց, թէ որոշումը գործնականացումն է այն համոզումին, թէ յուշարձանը կայ եւ պիտի մնայ։
Իր կարգին, յուշարձանի յանձնախումբէն Մուրատ Մինասեան շեշտեց, թէ այս արարողութիւնը տեղի կունենայ շնորհիւ յուշարձանին գաղափարը յղացած եւ իրականացուցած անձերու տեսլականին եւ ընթերցեց անունները յուշարձանին հիմնադրութեան յանձնախմբին անդամներուն, որոնք էին հետեւեալները՝ Յակոբ Աբդուլեան, Հրանդ Աղբաբեան, Գրիգոր Այւազեան, Յակոբ եւ Մերիլին Արշակունիներ, Վարդան Ֆունտուքեան, Հարմիկ Յակոբեան, դոկտ․ Ռիչարդ Յովհաննիսեան, Օշին Քեշիշեան, Ջորջ Մանտոսեան, Յակոբ Մանճիկեան, Միքայէլ Մինասեան, Վազգէն Մինասեան, Պապ Մովէլ, Վարուժան Մովսէսեան, Յակոբ Նազարեան, Միսակ Սեւաչէրեան եւ Ջիւան Թաբիբեան։