ՀամայնքՍփիւռք

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի անունով, առաջնորդ Սրբազան Հայրը Կիլիկեան Ասպետի շքանշան յանձնեց իրանահայ ազգային գործիչ եւ բարերար Ալֆրէդ Հաւանին

Ուրբաթ, յունւարի 16-ի յետմիջօրէին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ՝ Տ. Գեղամ Ս. արք. Խաչերեան, ազգային առաջնորդարանի մէջ Կիլիկեան Ասպետի շքանշան յանձնեց այժմ լոսանջելէսաբնակ Տիար Ալֆրէդ Հաւանի, որ իրանահայութեան վերջին աւելի քան վաթսուն տարիներու  եկեղեցական, ազգային, կրթական, շինարարական, միութենական եւ մարզական կեանքէն ներս ունեցած է յանձնառու դերակատարութիւն, ի մասնաւորի Նոր Ջուղայի եւ Մաշհադի մէջ իր ստանձնած պատասխանատու եւ ղեկավար պաշտօններով, կատարած բարերարութիւններով եւ իրագործած եկեղեցաշէն ու հանրօգուտ ծրագրերով: 

Նշենք, որ Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ՝ Տ. Սեպուհ արք. Սարգսեանի խնդրանքին հիմամբ, Կիլիկիոյ Ս. Աթոռի Գահակալ՝ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Կաթողիկոս Կիլիկեան Ասպետ շքանշան շնորհած էր Տիար Հաւանի, որ զայն ստացաւ ազգային առաջնորդարանի մէջ, ձեռամբ Գեղամ արքեպիսկոպոսի, ներկայութեամբ խումբ մը հարազատներու: 

Յանձնումի պահուն, առաջնորդ Սրբազան Հայրը ընթերցեց կոնդակը եւ յանուն Արամ Ա Կաթողիկոսի, պարգեւատրեալին կուրծքը զարդարեց շքանշանով: Հուսկ, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը, յանուն Վեհափառ Հայրապետի շնորհաւորեց պարգեւատրեալ Ալֆրէդ Հաւանն ու անոր ընկերակցող հարազատները, գնահատեց շքանշանակիրին եկեղեցաշէն եւ ազգանւէր վաստակն ու գործունէութիւնը, ապա իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց ներկաներուն: 

Յայտնենք, որ իրանահայ ազգային-հասարակական գործիչ եւ բարերար Ալֆրէդ Հաւան ծնած է Իրանի Հանրապետութեան Համադան քաղաքում, 1934-ին: Եօթը տարեկանին ընտանեօք փոխադրւելէ ետք Նոր Ջուղա, ան մինչեւ հասուն տարիքը մաս կը կազմէ շրջանի ազգային կեանքի բոլոր բնագաւառներու զարգացման գործին: Կրթութեամբ եւ մասնագիտութեամբ ըլլալով շինարար, ան նաեւ քաղաքացիական իր ծառայութիւնը մատուցած է իր ծննդավայր երկրին՝ իբրեւ բնակարանաշինութեան նշանաւոր ընկերութեան մը պատասխանատու պաշտօնեայ, իսկ աւելի ուշ, հիմնած է իր անձնական ընկերութիւնը՝ ԹԵՔՆՕ ՓԱՐՍ անունով, որուն աշխատանքի վայրը առաւելաբար եղած է Մաշհադ քաղաքը, ուր Հաւանի գործին բերումով հաստատւած է ընտանեօք եւ բնակարանաշինութեան քաղաքային ծրագրեր իրականացնելու կողքին նաեւ վարած է ազգային գործունէութիւն, իր մասնագիտական եւ ազգային-հայրենասիրական ու ժողովրդանւէր ծառայութիւնը մատուցելով Մաշհադի հայկական կեանքի ղեկավարման կարեւոր գործին: 

Ալֆրէդ Հաւան ամուսնացած է Ծաղկուշ Լուքասեանի հետ եւ բախտաւորւած՝ երեք զաւակներով ու հինգ թոռներով: Երկու տարի առաջ, ան տեղափոխւած է Միացեալ Նահանգներ եւ  հաստատւած՝ Լոս Անջելէսում:

Related Articles

Back to top button