Դիմադրութեան Սէյէդը մեկնեց այն ժամանակ, երբ Լիբանանը նրա իմաստութեան եւ համբերութեան կարիքը ունէր
Հաղորդագրութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի
Կը ցաւակցինք Հըզպալլայի մէջ իսլամական Դիմադրութեան մեր եղբայրներուն՝ ղեկավարութիւն, կուսակցականներ եւ համակիրներ, անարգ թշնամիի ձեռամբ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրօլլահի նահատակութեան առիթով:
Ահա Դիմադրութեան Սէյէդը կը մեկնի միանալու իր նահատակ ընկերներուն՝ պատմութեան մէջ իր անւան կողքին փորագրելով դիմադրութեան եւ դիմակայման նոր իմաստ մը: Հողի ազատագրութեան եւ դատին զօրակցութեան երեսուն տարիներ, որոնք ամբողջ աշխարհին դասեր տւին ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարի եւ իրաւունքներու յարգման ու հողին համար սարսափի հաւասարակշռութիւն ստեղծելու: Ան ցոյց տւաւ ոճրային դիմագիծը թշնամիի մը, որ կոտնակոխէ միջազգային բոլոր օրէնքները եւ մարդկային իրաւունքները, այնպիսի աշխարհի մը մէջ, որ մտած է անորոշութեան մէջ՝ անսանձ ոճրագործներուն եւ անոնց լուռ դաշնակիցներուն միջեւ:
Դիմադրութեան Սէյէդը մեկնեցաւ այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ Լիբանան անոր իմաստութեան եւ համբերութեան կարիքը ունի: Հայրենիքը մտած է ներքին սադրանքի հրահրման փուլ: Ան քաջ կը գիտակցէր ներքին հաւասարակշռութիւններուն եւ այս բոլոր տարիներուն ընթացքին ան քալեց սադրանքներով ականապատւած դաշտերու մէջ: Յաջորդ փուլը դժւար պիտի ըլլայ հայրենիքին համար, եւ մենք բոլորս պէտք է պատասխանատւութիւն ստանձնենք՝ պահպանելու համար ժողովուրդը եւ հողը:
Աստւած նահատակներուն հոգիները թող լուսաւորէ եւ պահպանէ Լիբանանը:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵՆՏՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ