Հ.Յ.Դ. Հայ դատի կենտրոնական խորհրդի յայտարարութիւնը
Մտահոգութեամբ կը հետեւինք Իսրայէլի ոստիկանութեան կողմէ Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ պատրիարքութեան իրաւունքներու ոտնահարման քայլերուն՝ Հին Երուսաղէմի հայկական թաղամասին մէջ։ Իսրայէլի ոստիկանութիւնը այդ քայլերով կ՚աջակցի զինեալ վերաբնակներու եւ խաբէութեամբ ստորագրուած եւ խնդրահարոյց պայմանագրի դիմացի կողմի աշխատակիցներու բռնութիւններուն՝ խախտելով միջազգային եւ տեղական համապատասխան օրէնքները։
Արդէն յայտարարած ենք, որ «հարցին կարգաւորումը պէտք է կատարուի բացառաբար տեղական եւ միջազգային օրէնքներու հիման վրայ՝ առանց ուժ կիրառելու կամ ուժ կիրառելու սպառնալիքի»։ Պէտք է դադրին բռնութիւնները եւ Իսրայէլի ոստիկանութեան մեղսակցութիւնը անոնց։ Իսրայէլի կառավարութիւնը յստակ կեցուածքով եւ քայլերով պէտք է յարգէ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքութեան եւ հայ համայնքին իրաւունքները։
Երուսաղէմի մէջ հայկական իրաւունքներու հարցը կը վերաբերի համայն հայութեան, հետեւաբար՝ այդ իրաւունքները ոտնահարելու որեւէ փորձ՝ ենթակայ է համայն հայութեան համարժէք վերաբերմունքին։
Հ.Յ.Դ. Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդը կը շարունակէ իր բոլոր հնարաւորութիւններով եւ գործակցաբար Հայ Դատի համաշխարհային ցանցին հետ զօրավիգ կանգնիլ Երուսաղէմի հայ համայնքին եւ Հայոց պատրիարքութեան՝ պաշտպանելու իրենց հազարամեայ իրաւունքները։
Հ.Յ.Դ. ՀԱՅ ԴԱՏԻ
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
8 Ապրիլ 2024