Հայաստան - ԱրցախՔաղաքական

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա-ն ուղերձ է յղել՝ Անկախութեան տօնի առիթով

«Այսօր 21 Սեպտեմբեր Հայաստանի անկախութեան օրն է։

Անկախութիւնը աստւածատուր պարգեւ է. զայն պէտք է պահել հաւատարմութեամբ։ Անկախութիւնը նաեւ մարդկային իրաւանց հիմնական սկզբունքներէն մէկն է. զայն հարկ է յարգել։

Անկախութեան ամուր պահպանումը ու անոր սկզբունքներուն, արժէքներուն ու հրամայականներուն նկատմամբ հաւատարմութիւնը կ՚ենթադրէ հաւատք, կամք ու պայքար։

Ա՛յս գիտակցութեամբ հայ ժողովուրդը կերտեց ու պահպանեց իր անկախութիւնը. եւ երբ պատմութեան պայմաններուն պարտադրանքով կորսնցուց՝ զայն վերահաստատելու տեսլականը վերածեց ամէնօրեայ պայքարի։

Արդարեւ, հայրենիքին հզօրացման ու զարգացման եւ մեր ժողովուրդին անսասանութեան ու յաւերժութեան աղբիւրը անկախութիւնն է։

Հայաստանի անկախութեան նշումը պատգամ մըն է ուղղւած իւրաքանչիւր հայուն՝ հաւատարիմ ըլլալու անկախութեան որպէս սրբազան արժէք»։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Related Articles

Back to top button