Հայաստան - ԱրցախՄիջազգայինՔաղաքական

Ակնարկ. Հայաստանի գերիշխանութեան բրիտանական ընկալումը

Բրիտանիոյ պաշտպանութեան փոխնախարարին յայտարարութիւնը Բրիւսէլէն, Գերմանիայէն եւ Ֆրանսայէն հնչած յայտարարութիւններու շարքին մէջ է՛ եւ չէ՛: Շարքին մէջ է այն առումով, որ Միացեալ Նահանգներու մղումով հաւաքական Արեւմուտքի մաս իբրեւ երկիր համազօրակցութեան երեւոյթի շարժիչ գործօնը հակառուսականութիւնը կը դաւանի: Այլ խօսքով, Հարաւային Կովկասէն ռուսական գործօնի դուրս մղումը հաւաքական առաջադրանք է Վաշինգտոնի, Բրիւսէլի եւ հաւաքական Արեւմուտքի մաս երկիրներուն համար: Փորձենք տարբաղադրել յայտարարութիւնը եւ տեսնել, թէ ճիշտ ո՞ւր կը կայանայ անոր իւրայատկութիւնը կամ այս պարագային շարքին մէջ ըլլալով հանդերձ շարքէն դուրս նաեւ յատուկ ուշադրութիւն կենտրոնացնելու պատճառը:

Այսպէս. Բրիտանիան ՀԱՊԿ-ի մէջ հայաստանեան անդամակցութիւնը սառեցնելու որոշումը կընդունի իբրեւ Հայաստանի գերիշխան իրաւունքի իրականացում: Բրիտանիան պատրաստ է նաեւ համագործակցելու եւրատլանտեան դաշնակիցներու հետ` Հայաստանին Ռուսիոյ պատասխան գործողութիւններու սպառնալիքներուն դէմ աջակցութիւն ցուցաբերելու համար:

Պարզ է, որ կը քաջալերւի սառեցման որոշումը, զայն որակելով Երեւանի ինքնիշխան իրաւունքը: Գերիշխանութեան մասին խօսելով Բրիտանիոյ պաշտպանական համակարգի ներկայացուցիչը կը մոռնայ, որ Բաքուն ներխուժած է Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխան տարածքներ: Այդ մասին որեւէ գնահատական չէր կատարած օրին, չի կատարեր նաեւ այսօր:

Այլ ուղղութեամբ սակայն, կը խոստանայ ռազմական հակազդեցութիւն ունենալ, եթէ Մոսկւան դիմէ պատասխան քայլերու:

Շարունակելով տրամաբանութիւնը, Բրիտանիան ՆԱՏՕ-ի ուժերուն հետ միասին, ըստ այս յայտարարութեան, անպատասխան չի ձգեր Մոսկւայի կողմէ Հայաստանի գերիշխանութեան դէմ առնւած որեւէ քայլ:

Շատ պարզ է այստեղ հակասութիւնը: Բրիտանիան նախանձախնդիր չէ պաշտպանելու Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութիւնը, այլապէս գերիշխան տարածքներու դէմ ադրբեջանական ներխուժումին մասին պէտք է արձագանգէր եւ աւելին, ըստ այս յայտարարութեան, դիմէր պատասխան գործողութեան, պաշտպանելու համար Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը:

Աւելի պարզ կը դառնայ, որ այս յայտարարութեան մղիչ առանցքային բաժինը ռուսական գործօնի դուրս մղումն է: Հայաստանը ռուսական ազդեցութեան տիրոյթէն դուրս բերելն է եւ ոչ թէ գերիշխանութեան պաշտպանութիւնը:

Բրիւսէլի, Բեռլինի թէ Ֆրանսայի զօրակցութիւնները չէին շօշափած ՆԱՏՕ-ի ուժերով Հայաստանի հարցով Մոսկւային պատասխան տալու հարցը: Ընդհանուր ակնարկներ զօրակցելու կամ պաշտպանելու առումով արձանագրած էին, սակայն այսքան ուղղակի եւ շեշտակի հայաստանեան դաշտին վրայ փրոքսի պատերազմ վարելու մասին նշում չէին կատարած:

Ահա այս հանգամանքներով է, որ Բրիտանիոյ ներկայացուցիչին յայտարարութիւնը համաարեւմտեան շարքին մէկ օղակը ըլլալով հանդերձ դուրս կու գայ այդ շղթայէն:

Հայաստանեան խաղաթուղթով Ռուսիոյ սպառնալը զուտ բրիտանական քայլ կրնայ չդիտարկւիլ: Արեւմուտքը ՆԱՏՕ-ի ուժերով Ռուսիոյ հակազդելու ուղերձ կը յղէ Բրիտանիոյ փոխնախարարին ճամբով:

Նման ուղերձով Երեւանը կը մղէ ՀԱՊԿ-ի անդամակցութիւնը սառեցւած պահելու, Մոսկւայի հարցադրումը չընկալելու իբրեւ վերջնագիր եւ լռելեայն մղելու հայկական կողմը, որ փուլ առ փուլ երթայ աստիճանական մագլցումի:

Հրահրումի այս ուղերձները իբրեւ թէ ապահովագրւած են ՆԱՏՕ-ի ուժերով: Քաղաքականօրէն պարզամտութիւն պիտի ըլլար համոզւիլը, որ ՆԱՏՕ-ն պատրաստ է պաշտպանելու Հայաստանը:

Քաղաքական տրամաբանութեան զուգահեռներով, Մունխէնի հանդիպումին եւ Փարիզէն ու հիմնականօրէն Լոնդոնէն հնչող այս յայտարարութիւններուն կը զուգադիպին Երեւանէն կատարւող համարձակ յայտարարութիւնները` սառեցումէն անդին, «Զւարթնոց»-էն ռուսերու հեռացման պահանջով յատկանշւող:

Բրիտանական յայտարարութիւնները եթէ կտրուկ դատապարտէին ադրբեջանական զօրքերու ներխուժումը Հայաստան, հայկական գիւղերու յանձնումի Բաքւի պահանջները կամ Հայաստանի Սահմանադրութեան կամ օրէնսդրութեան փոփոխութեան վերաբերեալ Ադրբեջանի պաշտօնական ներկայացուցիչներու բարձրաձայնումները, ապա այն ատեն համոզիչ կը դառնար, որ անոնց առաջադրանքը Հայաստանի գերիշխանութեան պաշտպանութիւնն է: Սակայն երբ խնամքով անուշադրութեան կը մատնւին Ադրբեջանի աղաղակող ոտնահարումները եւ բոլոր սլաքները կուղղւին Ռուսիոյ դաշնութեան, ապա աւելի քան պարզ կը դառնայ հայաստանեան խաղաթուղթի շահարկումը:

Չմոռնանք, որ ադրբեջանական ուժանիւթի արտահանման կարեւորագոյն գործընկեր է Բրիտանիան: Իսկ այս հանգամանքը աւելի կը կշռէ, քան Հայաստանի գերիշխանութիւնը Բրիտանիոյ համար: Ինչպէս անցեալին ադրբեջանական նաւթը՝ հայկական արիւնէն: Առաջին հերթին Բրիտանիոյ համար:

«Ա.»
«Ազդակ»

Առնչւող Յօդւածներ

Back to top button