Մշակութային

ՀԱՅՈՑ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ ՑՈՒՑԱԿՆԵՐՈՎ

ՀԱՅՈՑ ՆԱՀԱՊԵՏՆԵՐԸ

Հետեւեալ գծացուցակին մէջ կարելի է տեսնել բոլոր նահապետները սկսեալ Նոյէն մինջեւ Հրաչեայ, ըստ պատմահայր Մովսէս Խորենացիին:

Պատմական հին աղբիւրներու եւ ուսումնասիրութիւններուն մէջ Հայ ազգի մասին կը հանդիպինք Թորգոմի տուն, Թորգոմեան…:

Ըստ Աստւածաշունչի Թորգոմը Նոյի թոռան թոռն էր.

Նոյի սերունդն են (Նոյ-Հաբեթ-Գոմիր-Թիրաս-Թորգոմ), որոնք նշւած են գծացուցակի սկիզբին:

Ըստ Մովսէս Խորենացիի Հայկը Թորգոմի զաւակն էր:

Այսպէս, Հայկ նահապետով Հայ ազգը կապւեցաւ Նոյի սերունդին:

Ուրեմն, Հայոց անւանումը «Թորգոմեան» ծագած է Հայկ նահապետի հայր՝ Նոյ նահապետի ծոռ Թորգոմէն:

Գծացուցակին մէջ նշւած են, մեր պատմութենէն կարեւոր յատուկ անուններ, որոնք ըստ մեր պատմահօր՝ Մովսէս Խորենացիին յառաջացած են Հայկ նահապետին յաջորդող նահապետներէն. այդ յատուկ անունները նշւած են չակերտներու մէջ:

Կանանչ գոյնով նշւած են Հայկ նահապետի սերունդէն Հայ ազգի նահապետները Հայկէն մինչեւ Հրաչեայ:

Կարմիր գոյնով նշւած է Արամ նահապետի անունը, որ ըստ պատմահօր իր անունէն յառաջացած է մեր հայրենիքի Արմենիա անունը:

Ընդհանուրը Հայկէն մինջեւ Հրաչեայ յիշւած են 39 նահապետներու անուններ:

Պատմահայրը յիշած է թէ որոշ նահապետներ ժամանակակից եղած են Աստւածաշունչեան դէմքերու. այսպէս-Արան ժամանակակից եղած է հայր Իսահակին: Փառնակը ժամանակակից եղած է Մովսէս մարգարէին: Պերճը ժամանակակից եղած է Դաւիթ թագաւորին:

ԱՆՑԵԱԼԻՆ ԱՅՍ ՕՐ

Մժէժ Գնունիի Հայկական գունդը (Արմենական գունդը)

14 Սեպտեմբեր 629 թ.

1396 Տարի առաջ այս օր

Բիւզանդիոնի Հերակըլ կայսրը (610-641) ռազմական գործողութիւնները փոխադրեց Վերին Միջագետք, ուր տեղի ունեցաւ կարեւոր ճակատամարտը պարսկական եւ բիւզանդական բանակներուն միջեւ Նինւէի քաղաքի մօտ՝ 627 թւականին: Բիւզանդական բանակը վճռական յաղթանակ կունենայ եւ կը շարժւի Տիզբոնի վրայ:

Հայազգի բիւզանդիոնի Հերակըլ կայսրի կողքին այս ռազմական գործողութիւններուն կը մասնակցէր Մժէժ Գնունի իշխանը հայկական գունդով մը. այս գունդի գործունէութեան մասին մէջբերենք հետեւեալը Ջօն Դագլսէն, «Հերակըլի գունդերէն մէկը կը կոչւէր Արմենական՝ բաղկացած էր հայ զինւորներէն, որոնք կը ծառայէին կայսրին՝ բիւզանդական դրօշի տակ: Հայկական գունդը կատարեց վճռական նպաստ մը բիւզանդական ռազմական կազմակերպութեան եւ օգնեց Հերակըլին հալածելու պարսիկներուն Հայաստանէն եւ Փոքր Ասիայէն: Բիւզանդական զօրքերը գրաւեցին Հայաստանը եւ Հերակըլ Արմենական Գունդի գլխին անցած շարժւեցաւ դէպի պարսկական մայրաքաղաքը: Ան հեշտութեամբ գրաւեց քաղաքը, եւ հալածելէ ետք պարսիկ Խոսրով թագաւորին քաղաքէն դուրս, կործանեց Զրատաշդի կրակի տաճառը որպէս վրէժխնդրութիւն Երուսաղէմի կործանմանը պարսիկներու ձեռքով»: Այսպէս Հերակըլ կայսրի հետ գործող հայկական (Արմենական) գունդը մեծ դեր ունեցաւ Սասանեան Տիզբոն մայրաքաղաքը գրաւելու մէջ. եւ Տէրունական Խաչի ազատագրման ու վերադարձման Երուսաղէմ, որ տեղի ունեցաւ 14 սեպտեմբեր 629 թ.:

Այդ թւականը Հայ Եկեղեցին յայտարարեց տօնական օր, որ կոչւեցաւ Խաչվերաց կամ Սուրբ Խաչ: Հերակըլ կայսրը գլխաւորեց ազատագրւած Տէրունական Խաչի փոխադրութիւնը Տիզբոնէն դէպի Երուսաղէմ՝ անցնելով Հայաստանի վրայով: Այդ բոլորի հետեւանքով Խաչվերացը իւրայատուկ տեղ կը գրաւէ Հայ ազգի մօտ: Կարօ Պետրոսեան այդ կը բացատրէ, «Հայաստանի տարածքներէն այդ երանաւէտ ճամբորդութիւնն է ահա որ տուն տւած է անմոռանալի յիշատակներու: Հայ ժողովուրդը իր կատարած նիւթական եւ ֆիզիկական զոհաբերութեանց փոխարէն օրհնաբեր կը նկատէ Խաչափայտի սրբութիւնը հայրենի հողերուն եւ դաշտերուն վրայէն անցնելու պատեհութիւնը:

Այդ է պատճառը հաւանաբար որ մեծահանդէս թափօրին հետ ստեղծւած յուշերն ու պատումները սերունդէ սերունդ հայ ժողովուրդին մէջ մնացին կենդանի աւանդ եւ հպարտանք:

Դարձեալ այդ է պատճառը որ հայ ժողովուրդը Խաչին հետ առնչւող բոլոր տօներէն աւելի՝ մասնաւոր շեշտ դրաւ ա՛յս տօնին վրայ եւ զայն դարձուց հինգ տաղաւարներէն մին. որովհետեւ, անկախ դէպքին կրօնական արժեւորումէն, անոր մէջ ան դրած էր նաեւ բաժին մը իր արիւնէն»:

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ

Րաֆֆիի այցելութիւնը Վարագավանք

Յայտնի գրող Րաֆֆի (Յակոբ Մելիք Յակոբեան 1835-1888), որ նկատւած է Հայ Յեղափոխութեան մարգարէն, 1857–1858-ին պտտեցաւ Օսմանեան կայսրութեան հայկական գաւառներուն մէջ. եւ եղաւ Վասպուրականի մէջ:

Ան 1857 թ. հազիւ թէ 22 տարեկան էր, երբ եկաւ Վարագավանք. ապրեցաւ Մկրտիչ Խրիմեանի մօտ. եւ ժամանակի մը համար Ժառանգաւորաց դպրոցին մէջ ուսուցչութիւն ըրաւ:

Րաֆֆին վերջնականապէս թողնելով առեւտրական գործերը, նւիրւեցաւ գրական գործունէութեան: Նախ սկսաւ աշխատակցիլ Մկրտիչ Խրիմեանին հետ, որուն լաւ ծանօթ էր. Խրիմեանի հրատարակած «Արծւի Վասպուրական» ամսագրին, մէջ 1858 թ. տպագրւեցան Րաֆֆիի քանի մը բանաստեղծութիւնները: Ապա Րաֆֆի մասնակցեցաւ «Հիւսիսափայլ»-ին, «Մշակ»-ին եւ այլ հայկական թերթերուն:

Երբ Վասպուրականի մէջ էր, այդտեղ Րաֆֆին գրեց իր նշանաւոր բանաստեղծութիւններէն մէկը-

«Ձա՛յն տուր, ով ծովակ, ինչո՞ւ լռում ես,

Ողբակից լինել չկամի՞ս դժբախտիս,

Շարժեցէք, զեփիւռք, ալիքը վետ-վետ,

Խառնէք արտասուքս այս ջրերի հետ»:

Րաֆֆի լաւ գիտակցելով Մկրտիչ Խրիմեանի գործունէութեան հեռանկարներուն, անոր նւիրւած բանաստեղծութեան մէջ շատ պատշաճ բնորոշած է Խրիմեանի գործունէութիւնը-

«Եւ նրա ազնիւ ճգանց փոխարէն Տգէտը փշեայ պսակ է հիւսում. Իսկ նա լի յոյսով իւր սերմն է ցանում Եւ ապագայում հունձքի սպասում»:

ԴԱՐԵՐՈՒ ԸՆԹԱՑՔԻՆ

Վանայ լիճի Ցիպան կղզին

Աշխարհացոյցը կը ներկայանայ հայոց պատմութեան միջնադարեան աշխարհագրական շատ կարեւոր ուսումնասիրութիւն մը. բացառիկ աղբիւր մը Մեծ Հայքի մասին: Վանայ լիճը Աշխարհացոյցի պատրաստման ժամանակ 5-7-րդ դարերուն ունէր եօթ կղզի. իր կողքին ներկայի Լիմ, Աղթամար, Կտուց եւ Առտէր կղզիներուն, կային նաեւ երեք այլ կղզիներ, Արծկէօ (Արծկէ), Ցիպան (Ծիպան) եւ Տոքեան: Ծիպան կղզին՝ Կտուցէն հիւսիս-արեւմուտք. եւ Արծկէօ կղզին՝ Ծիպանէն արեւմուտք: Ծիպան, Արծկէ եւ Տոքեան կղզիները Վանայ լիճի ջուրի բարձրութեան պատճառով ընկղմած են լիճի ջուրերուն մէջ:

Վանայ լիճի արեւմտեան մասը ամենախորն է՝ մօտաւորապէս 400մ., եւ կերկարի հիւսիսէն մինչեւ Պիթլիս եւ հիւսիս-արեւմուտքէն մինչեւ Ախլաթ: Վան-Աղթամար մասը աստիճանաբար կը խորանայ ունենալով առաւելագոյն խորութիւն 250 մ.: Լիճի հիւսիսային մասը մակերեսային է: Ցիպան կղզիին կողմի խորութիւնը հազիւ թէ 50-100մ. է: Հետեւաբար, Վանայ լիճի ջուրի մակարդակի բարձրացումը դարերու ընթացքին կլած է Ցիպան կղզին եւ փոքրացուցած է Աղթամար կղզիի տարածքը, եւ Լիմ ու Կտուց ներկայի կղզիները, դարեր առաջ եղած են թերակղզիներ, եւ ջուրի բարձրացումով վերածւած են կղզիներու:

Ցիպանը կը գտնւէր Արծկէ քաղաքին դիմաց, Կտուց կղզիէն հիւսիս արեւմուտք. իսկ Արծկէօն Ցիպանէն դէպի արեւմուտք:

Ըստ Աշխարհացոյցի Մեծ Հայքը ունի տասնհինգ փոքր աշխարհներ, որոնք են՝ Բարձր Հայք, Ծոփաց աշխարհ, Աղձնիք, Տավրուբերան (Տարօն), Մոկք, Կորճայք, Պարսկահայք, Վասպուրական, Սիւնիք, Արցախ, Փայտակարան, Ուտիք, Գուգարք, Տայք եւ Արարատ: Մեզ կը հետաքրքրէ չորրորդ աշխարհը Տավրուբերան (Տարօն), որ ունի տասնվեց գաւառ, որոնցմէ է Բզնունիք գաւառը, «որ իր հոմանուն ծովում ունի երեք կղզի՝ Արծկէ, Ծիպան եւ Տոքյան»:

Ցիպան կղզիին վրայ կառուցւած է Ս. Ստեփանոսի վանքը, «Այս կղզիին վրայ շինւած էր Ս. Ստեփանոսի վանքը, որ Դաստակ ալ կոչւած էր, որովհետեւ հոն պահւած էր Ս. Նախավկայի դաստակը»:

Ջահանշահ Կարա-կոյունլուներու նշանաւոր սուլթանն էր, որ իշխեց (1437-1467). ան 1457 թ. արշաւեց Բաղդադի վրայ ուր իր իշխանութեան դէմ ապստամբած էր իր եղբօր որդին. յիշեալ յիշատակութիւնը որ գրւած է Ցպնեվանքի մէջ այդ կը յիշատակէ,

«Դէպի Բաղդադ Ջահանշահի արշաւանքի մասին տեղեկութիւն է հաղորդում 1457 թ. Ցիպան վանքում գրւած մի յիշատակարան»:

Այս թւականէն ետք տեղեկութիւններ չկան Ցպնեվանքի մասին. Ցիպան կղզին կուլ գացած էր Վանայ լիճի ջուրերու բարձրացման հետեւանքով:

Related Articles

Back to top button