ՀՅԴ Մամուլ

Յուսադրիչ 2026-ի մը մարմաջով

Արդէն իսկ քառորդ դարաշրջան մը աւարտած է։ 2025-ին հրաժեշտ կու տանք։

Առ հասարակ, հայորդին կը սիրէ ամեակներ նշել, ըլլան անոնք ծնունդ, թէ մահ, մեկնարկ, թէ աւարտ կամ յաղթանակ, թէ պարտութիւն։

Տարւան մէջ, չկայ օր մը, որ ամեակի մը չկապւի։ Վիճակագրութեամբ մասնագիտացած հիմնարկներ, որոնք սունկի նման կը բուսնին Հիւսիսային Պողոտայէն հեռու կամ մերձակայ, սակայն միշ՛տ ալ Երեւանի մէջ, կրնան գործի լծւիլ եւ մանրամասնել, թէ այս նշւած յիշատակելի ամեակներուն, որքա՞ն համեմատութիւնը ուրախալի է կամ հակառակը՝ տխրելի։

Չերկարենք այս երկրորդական նիւթը եւ կենտրոնանանք անցնող տարւան անցուդարձերու նիւթով։ Հաւանաբար, լաւագոյն նշումը պիտի ըլլար բոլորովին մոռնալ ու չյիշել այս տարին, սակայն պատշաճ պիտի չըլլայ ուրանալ եւ չտեղեկանալ, թէ ինչ ահաւոր տարի մը բոլորեց հայորդին։

Թէ ինչպէ՞ս ընկալել Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատգամը, որ ուղղւած էր ողջ հայութեան՝ 2025-ը հռչակելով աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի: Հայորդիին համար, տարբեր իմաստ ունի աւանդութիւնը, ընթացիկ հասկացութէնէն շա՛տ աւելի խոր եւ կենսական: Սակայն, երբ ակնթարթ մը նշենք, թէ վարչապետ Փաշինեան շրջան առ շրջան պտտեցաւ իր կողակիցին եւ ուսապարկերուն հետ, քարոզելու համար կրթութեան հետ, ոչ մէկ աղերս ունեցող «Նորաձեւ Կրթութիւն», կարելի է այն եզրակացութեան յանգիլ, թէ էլեկտրոնային, առցանց եւ համակարգչային այնպիսի կատարելագործութիւններ կը կատարւին, որ դժւար կըլլայ քայլ պահել եւ անշուշտ՝ պահպանել մարդակերտումի նպաստող աւանդութիւնները, իսկ ներկայ իշխանութիւններու գործելաձեւով՝ նոյնիսկ դիւրին կըլլայ աղաւաղել այդ մէկը:

Է՜հ…շատ բան փոխւած է այս քառորդ դարաշրջանէն ետք։ Դեռ 2018-ի «Թաւշեայ յեղափոխութեան» թարմ օրերուն, «Յաղթանակի դար» եզրոյթով նշւեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան եւ Մայիսեան հերոսամարտերու 100-ամեակին նւիրւած տօնակատարութիւնը, իսկ այսօր հողատարածք է, որ կորսնցուցած ենք, եւ դեռ ալ պիտի կորսնցնենք։

Նոյնիսկ, Արարատը՝ մեր ազգի յաւերժութեա՛ն մէկ խորհրդանիշը եղաւ ոտնակոխ, երբ փաշինեանական խունթայի որոշումով 1 նոյեմբերէն սկսեալ, Հայաստան մուտքի եւ ելքի սահմանահատման կնիքին վրայէն վերցւեցան Մասիսներուն պատկերը, այն «զզւելի» երազային մտահոգութեամբ, որ այդպիսի կնիքներ յարձակողական պատգամներ կրնան թւիլ «բարի դրացիութիւն» եւ «խաղաղութեան խաչմերուկ» մուրացողներուն համար, որոնք նոյնքան բարեացակամութեամբ դռները լայնօրէն բացին Թուրքիոյ պետական օդանաւային ընկերութեան՝ «Թըրքիշ Էրլայնզ»-ին, որ մեկնարկէ ուղիղ թռիչքներ կատարել դէպի Երեւան։

Իսկ Երեւանցիին քիթին տակ կանգնած Ծիծեռնակաբերդն անգամ, վերանորոգման պատրւակով փակւած կը մնայ։ Թէ ի՞նչ ճակատագիր կը սպասէ, այդ սրբութիւն, դառն յուշ եւ յիշատակ առթող այդ կոթողական սուրբ կառոյցին…

Ծիծեռնակաբերդէն ոչ շատ հեռու, Էջմիածինն ալ եղաւ «ազգընտիր» վարչապետին թիրախը։ Ըստ երեւոյթին ՔՊ-ական «աղանդ»-ին համար Հայոց եկեղեցին կրօնական յամառատու եւ հաշւետու հաստատութիւն մը պէտք է, որ ըլլայ, սահմանափակ ազգային կառոյցով եւ քաղաքական դերակատարութեամբ։ Իր յատուկ «սահմանադրութիւն»-ը ունի հայաստանեաց եկեղեցին՝ կանոնագիրքը, որ մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կը սահմանէ գործունէութեան ձեւն ու օրէնքը։ ՀՀ սահմանադրութեան մասին, այս մէկն ալ կուզէ փոփոխութեան ենթարկել ՔՊ-ապետ վարչապետը։

Դեռ վերջերս, Բաքւի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի 80-ամեակին նւիրւած ձեռնարկի մը առթիւ, բռնապետ Ալիեւը յոխորտանքով շեշտած էր, թէ բազմաթիւ այլ վայրերու կողքին, Ադրբեջանի արեւմտեան սահմանին մօտակայ դարձած Սեւանայ լիճն ալ, ըստ իր «հաւաստի աղբիւրներ»-ուն, կը կրէ ծագումով Կէօյչա անունը։

Անշուշտ, Ալիեւ իր ախորժակը սրելու մարմաջը արտայայտեց, «պատմական» 8 օգոստոսի շոգ օրէն ամիսներ ետք, երբ Նոպելեան մրցանակին տիրանալու երազներով տոգորւած, Ա.Մ.Ն.-ի նախագահ Թրամփ ժամացոյցի դէմ մրցում մը կը կատարէր «պատերազմներ աւարտելու» շարքին Հայաստանն ու Ադրբեջանը կարծել հաշտեցնելով։ Հոս է, որ ծնունդ առաւ TRIPP-ը («Թրամփի ուղի` յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման»), Սիւնիքի հարաւէն՝ Ադրբեջանն ու Նախիջեւանը իրարու միացնող ճամբայ մը բանալու մտայղացումը Հայաստանի սահմանէն ներս, որ մինչեւ օրս Ալիեւի համար կը նշւի իբրեւ «Զանգեզուրի միջանցք»։

Եւ դեռ աւելին, գործի լծւած է ազերի քարոզչական մեքենան Բրիւսելէն մինչեւ Վատիկան։ Ոչ-կառավարական հիմնարկներ սիրաշահելով եւ նիւթապէս պարարտացնելով, Բաքու գործի լծւած է, այդ յերիւրածոյ Հայաստանի մէջ ապրող ազերիներու վերադարձը ապահովել եւ նոյնիսկ վնասուց յատուցում պահանջել։ Իսկ Վատիկանի մէջ, հոկտեմբեր 19-ի նահատակ Իգնատիոս արք. Մալոյեանի սրբադասում, ոչ մէկ խոչնդոտ ստեղծեց Ադրբեջանի դեսպանութեան, որ գործի լծւած է, իր կարգին բազմիցս ներկայացնելու արդիականացած Ադրբեջանի մէջ գործող քրիստոնէութիւնը, անշուշտ շարունակ լայնօրէն նիւթական օժանդակութիւն տրամադրելով։

Հապա ի՞նչ ըսել Բաքւի դատարաններուն մէջ կատարւած խեղկատակութեան մասին։

Միջազգային դատավարական ամենաթոյզն օրէնքներն անգամ չեն կիրարկւիր Արցախէն բռնի ուժով ձերբակալւած, առեւանգւա՛ծ եւ Բաքու փոխադրւած հայ քաղաքական եւ զինւորական անձնաւորութիւններու եւ պարզ քաղաքայիններու հանդէպ։ Վճիռները (մեծամասնութեամբ ցմահ) արձակւած են վստահաբար նախքան դատավարութեան «թատերգութիւնը»։

Հայաստանի մէջ ալ, պատկերը երբեք փայլուն չէ։ Ներքին ապահովութեան ուժերը՝ Հայաստանի օրինապահ մարմիններ չեն, այլ Հայաստանի ոստիկանական պետութեան ծառայողներ։ Բազմիցս պատահեցան կոշտ ու կոպիտ միջամտութիւններ, յատկապէս 12 յունիսին, երբ ոստիկանութիւնը յարձակում գործեց խաղաղ ցոյցի ելած քաղաքայիններու վրայ, գործածելով վտանգաւոր նռնակները, որոնք կարճ ատեն մը մոլորութեան կը մատնեն ենթարկւողը՝ ազդելով անոր լսողական, տեսողական եւ նոյնիսկ մտային կարողութիւններուն վրայ։

Արդե՞օք բան մը պիտի փոխւի յունիս 2026-ի ընտրութիւններուն։

Միջազգային ոլորտէն ներս, Պոլսոյ քաղաքապետ եւ Էրդողանի գլխաւոր ընդդիմադիր Էքրէմ Իմամօղլուի ձերբակալումը հսկայական ալեկոծումի տարաւ Թուրքիան: Միայն Պոլսոյ մէջ չեն խռովութիւնները, այլ անոնք բուռն կերպով շարունակւեցան նա՛եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ ալ. բողոքի ալիքը տարածւեցաւ դէպի մայրաքաղաք Անկարա, Իզմիր, Տրապիզոն, Քոնիա, Ադանա…։ Սակայն Էրդողան կը շարունակէ մնալ ղեկի վրայ։

Գազայի պատերազմը աւարտած յայտարարելը, հաւանաբար մեծ ու տարրական սխալ է։ Զինադադար մըն է պատահածը, ուր նոր դարաշրջանի ջարդարար Նաթենիահու մը կը շարունակէ ղեկավարել հետզհետէ մեկուսացւող Իսրայէլ մը։

Անկիւնադարձային էր ծայրայեղ ձախակողմեան Մամտանիի շռնդալից յաղթանակը, Նիւ Եօրքի քաղաքապետութեան ընտրութիւններուն։ Բըրնի Սանտըրզի հետեւորդներէն՝ Մամտանի նոր էջ մը բացաւ Ա.Մ.Ն.-ի քաղաքական ոլորտէն ներս փաստելով, թէ ամէն բան կարելի է այս դրամատիրական քաղաքին մէջ։ Յաղթանակ մը… արդե՞օք նաեւ ի յիշատակ տարւան ծանր կորուստներէն՝ Ուրուգւայի Մուխիքային։

Հուսկ, տարիները կը թաւալին եւ աշխարհ կուղղւի դէպի գերկատարելագործում: Հետեւողականօրէն յառաջդիմութիւն կարձանագրւի կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ:

Պահպանենք եւ պաշտպանենք մեր աւանդները։ Այս մօտեցումով ալ, կոչւած ենք մեզի հասած էջերուն վրայ աւելցնելու նորեր:

Յուլիսէն ի վեր, մեր թերթը կը գործէ առցանց դրութեամբ, իր կայքէջով եւ է-նամակային առաքումներով։ Խոստացած էինք, որ թուղթն ու մելանը վերջնականապէս պիտի չմոռնանք, այլ եռամսեայ դրութեամբ լոյս պիտի ընծայենք գունազարդ բացառիկ թիւեր։ Ահաւասիկ, քանի մը օրէն պիտի ստանաք ամանորեայ մեր թիւը։

Բարի ընթերցում, շնորհաւոր Նոր Տարի եւ Սուրբ Ծնունդ։

Յ. Գ.- Յառաջիկայ օրերուն, այս բացառիկ թիւին յօդւածները լոյս պիտի ընծայւին կայքէջին մէջ, նաեւ pdf տարբերակը։

«Հայրենիք» – Բոստոն

Խմբագրական

Related Articles

Back to top button