ՀարցազրոյցՄշակութային

Հարցազրոյց Յարութիւն Պերպերեանի հետ

Յարութիւն Պերպերեան. «Պէտք է վերահաստատւի անկախութեան առաջին տարիներու ոգին, ուր ճիշտ է քաղական տարբեր պատկերացումներ կամ կարծիքներ կային, սակայն գործելու կամքը, Արցախին տէր կանգնելու եւ միասնաբար հայրենիք կերտելու ձգտումն ու տեսլականը ուժեղ էին»

Ըստ Ձեզ՝ ո՞վ էք Դուք:

Քիչ մը անակնկալ հարցում է այս մէկը եւ դժւար է ինքզինք սահմանել: Ես ինքզինքս գլխաւորաբար բանաստեղծ կը նկատեմ եւ բնականաբար հայ գրողը հետաքրքրող բոլոր զբաղումներէն անցած եմ՝ իբրեւ տասը տարի «Բագին» ամսագրի խմբագիր, աւելի ուշ՝ «Բագին»-ի եւ «Հորիզոն գրական»-ի խմբագրութեան անդամ, աւելի քան երեսուն տարի հայերէն լեզւի ու գրականութեան ուսուցիչ եւ այլն: Գրական կարեւոր յօդւածներ ու գրախօսականներ ստորագրած եմ եւ աշխատակցած եմ հայ մամուլին: Հետեւաբար ինքզինքս պարզապէս գրչի մարդ կը նկատեմ:

Ովքե՞ր են այսօր սփիւռքահայ գրողները, նկատի ունեմ երեւոյթը եւ ուրւագիծը եւ տեսլականը:

Այսօր, դժբախտաբար, լուրջ սփիւռքահայ գրողներու թիւը հետզհետէ կը պակսի, մասնաւորաբար՝ արեւմտահայ, վերջ ի վերջոյ արեւմտահայերէնը, Իրանէն կամ Պարսկաստանէն դուրս, եօթանասուն տարի եղած է Սփիւռքի լեզուն: Մօտէն ծանօթ եղած եմ Յակոբ Կարապենցին ու իր գրականութեան, ծանօթ եմ նաեւ Վարանդի բանաստեղծութեան: Սակայն հիմնական մտահոգութիւնս արդի արեւմտահայ գրականութիւնն է, ինչպէրս՝ Ն. Սարաֆեանի, Վահէ Օշականի, Զահրատի, Խրախունիի,  Գր. Պըլտեանի, Վեհանոյշ Թեքեանի, Յ. Քիւրքճեանի, Մ. Նշանեանի, Մարուշի գործերը: Բարեբախտաբար յիշած վերջին անուններս ողջ են, սակայն բոլորն ալ 65-էն կամ 70-էն վեր: Վերջին տարիներուն, դժբախտաբար մահացան Սարգիս Կիրակոսեանն ու Խոսրով Ասոյեանը: Կրնամ ըսել, որ ասոնց մեծ մասին ստեղծագործութեան առանցքը հայ կեանքն է, կենդանի լեզւի շարունակականութիւնը, համաշխարհային գրականութենէն ետ չմնալու ձգտումը եւ սփիւռքեան իրավիճակի գիտակցութիւնը:

Գրականութիւն, քաղաքականութիւն, արւեստ այս երեք երեւոյթների Ձեր ըմբռնո՞ւմը:

Գրականութիւնը կապւած է ազատութեան, անկախ մտածողութեան եւ արւեստի նոր հորիզոններ բանալու գաղափարին հետ: Ճիշտ է, որ ռոմանտիզմ-վիպապաշտութենէն սկսեալ մինչեւ իրապաշտութիւն, խորհրդապաշտութիւն, գերիրապաշտութիւն, գոյապաշտութիւն կամ գոյութենապաշտութիւն եւայլն գրական հոսանքներ կամ դպրոցներ եղած են՝ նոր մտածողութիւն բերելով, սակայն միշտ ալ անհատին բերած ստեղծագործական նորութիւնն ու անոր կշիռը կենսական են: Գրողի ազատութիւնը շեշտեցի, քանի որ յաճախ քաղաքականութիւնը սահմանափակումներ ու գրաքննութիւն կը դնէ գրականութեան վրայ: Տեսանք թէ Խորհրդային Հայաստանի օրերուն, «Սոցիալիստական իրապաշտութիւն» կոչւած բռնաշապիկը յաճախ ինչ աղէտ գործեց արւեստի մարզերուն վրայ:

Ինչպէ՞ս էք վերաբերւում քննադատութեանը:

Ներկայի քննադատութեան յղացքը իսկապէս տարբեր է եւ աւելի խոր ու ընդարձակ սահմաններու մէջ կը մօտենայ արւեստի գործի մը: Աւանդական քննադատութեան կողքին՝ Պարթի, Տերիտայի եւ այլոց գործերը աւելի «ընթերցում»-ներու, վերամեկնաբանումներու կը տանին այս աշխատանքը, յաճախ «կը քակեն» եւ կը վերակառուցեն զայն: Ասոր լաւագոյն օրինակը հայ իրականութեան մէջ Գրիգոր Պըլտեանի կոթողական «Տրամ», «Մարտ» եւ «Տարմ» գործերն են: Անշուշտ ֆրանսահայ գրականութեան նւիրւած իր երկրորդ դոկտորականը այլ կարեւոր իրագործում է: Ինչ որ կը տեսնէք, խօսքս պարզ գրախօսականներու մասին չէ: Այսօր գրաքննադատութիւնը հեղինակի մը գործերը կրնայ տեսնել խոստովանական,  կնոջական կամ այլ հարցերու ծիրին մէջ նաեւ:

Որո՞նք են նորութեան, ճշտի՛, ազատութեան Ձեր ըմբռնումը:

Կարծեմ նախորդ հարցումներու պատասխաններս կանդրադառնան այս հարցերուն, իսկ ճիշտի գաղափարը իսկապէս յարաբերական ըմբռնում է:

Ճշտէք՝ ո՞րն է գաղափարականի քաղաքականութիւնը:

Կարեւորը այս առումով ստանձնումի կամ յանձնառութեան հարցն է: Գրողը կրնայ իր գաղափարական համոզումները ունենալ, սակայն այս մէկը պէտք չէ շփոթել իր գրականութեան եւ գրական կեցւածքներուն հետ:

Գրականութիւնը այսօր ինչին է ծառայո՞ւմ:

Հարցումը ինքն իր մէջ կենթադրէ, որ գրականութիւնը ընկերային դեր մը պէտք է ունենայ, ինչ որ յաճախ շատ վտանգաւոր տեղ կամ ամլացումի կառաջնորդէ զայն: Ինչպէս նախապէս շեշտեցի, գրականութիւնը ազատութեան եւ անկախ մտածելակերպի կը ձգտի, եւ անգամ մը յիշեցի, թէ «Սոցիալիստական իրապաշտութեան» պարտադրանքին տակ, տեսանք թէ գրականութեան ընկերային կամ պետական դեր մը տալու, ծառայացնելու մօտեցումը ինչ վտանգաւոր կացութիւն ստեղծեց:

Ինչի՞ համար են ստեղծւած խօսքերը:

Այս մէկը նախորդ հարցումին ամբողջացումը կը կազմէ: Գիրը, խօսքի մակարդակի վրայ, արւեստի իրականութիւն մը կը կազմէ: Վարուժանի, Չարենցի կամ Սիամանթոյի գործերը հայ իրականութեան ամբողջ ժամանակաշրջանի մը տագնապները, իրականութիւնը եւ ձգտումները կը ներկայացնեն, իրենց անձնական, թէ մեր հաւաքական փորձառութիւններէն մեկնած: Նոյն ծիրին մէջ կրնանք նկատել նաեւ Տէրեանի «Երկիր Նայիրի»-ն:

Ինչպիսի՞ արժէքներ եւ յոյզեր են պակասում այսօր հայ հասարակութեան հոգեւոր դաշտում՝ սէ՞րը, հայրենասիրութի՞ւնը, հաւա՞տը:

Հայ հասարակութեան մէջ գլխաւորաբար ինչ որ կը պակսի այսօր լրջութիւնն է, տրամաբանելու գիտակից կեցւածքը, հանդուրժողականութիւնը, իսկական ժողովրդավարութեան վրայ հիմնւած փոխադարձ յարգանքը: Դժբախտաբար, Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ սպառողական ընկերութեան նիւթապաշտ արժէքները աւելի տիրական դարձած են:

Կարծում եմ այսօր հայ հասարակութիւնը սպասողական դրութեան մէջ է: Կարծես թէ մենք չենք ընկալել, որ կեանքը՝ հէնց ինքը գործողութիւնն է:

Այսօր հայ իրականութիւնը այնքան անորոշ տւեալներ ունի, որ իսկապէս դժւար է ապագայի գծով յստակ պատկերացում ունենալ: Նախ՝ քաղաքականապէս, Հայաստանի թէ շրջանային զարգացումներուն կապւած, այնքան մեր ուժերէն դուրս ազդակներ կան, որոնց զարգացման հոլովոյթը մեր հակակշիռէն դուրս ըլլալով հանդերձ՝ մեր վրայ կազդեն, իսկ երկրորդ՝ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ հայրենիքի գծով մեր տեսլականը այնքան տարբեր է, որ գրեթէ անկարելի է մէկ ուղղութեամբ մեր ուժերը համախմբել:

Ձեզ համար կեանքում, ապրելով…, մշտապէս ինչն է դարձել ընտրութեան առարկան, հարցադրումը: Ընտրութիւնը ինչի՞ մէջ է:

Ինծի նման շատ մը սփիւռքահայեր, որոնց ծնողները հայրենիք կորսնցուցած էին, իսկ իրենք՝ նաեւ ծննդավայր, եւ արեւելեան հայկական գաղութներէն Արեւմուտք հաստատւեցան՝ հիմնական առաջնահերթութիւնը հայկական ինքնութեան պահպանումն էր, սակայն առանց շրջապատի ընկերային կամ մշակութային կեանքէն փակւելու, ապա այս իմաստով զաւակներուն ազգային դաստիարակութիւնը, նոյն ատեն պահելով կապը Հայաստանի թէ ծննդավայրի հետ: Կանադա հաստատւելով՝ կը կտրւէի «Բագին»-ի խմբագրութեան աշխատանքէս, որ իբրեւ ասպարէզ ընդունած էի, սակայն կանցնէի հայերէնի ուսուցման աշխատանքին, որովհետեւ իբրեւ բանաստեղծ, ինծի համար կենսական էր ամէն օր հայերէն լսել, հայերէնի մտածողութիւնս չխանգարել եւ կարենալ ստեղծագործել: Նման ընտրութիւններ իսկապէս կարեւոր են եւ մեր կեանքի պատկերացումը ցոյց կու տան:

Ո՞վ է ժամանակից գրականութեան առաջին դէմքը, ինչպէ՞ս է այնտեղ արտացոլւում նրա «Ես»-ը  հաւաքականութեան կտրւածքով, որոնք են այդ կերպարի առանձնայատկութիւնները:

Կը կարծեմ, որ նկատի ունիք հայ գրականութիւնը՝ իր հայաստանեան եւ սփիւռքեան թեւերով: Կը կարծեմ, որ սխալ է անպայման մէկ դէմքի վրայ կենտրոնանալ, հակառակ անոր, որ Չարենցը եղած է իր շրջանի տիրական դէմքը քերթողութեան մէջ, իսկ Բակունցը՝ արձակի, իսկ աւելի ուշ՝ նւազ չափով՝ Պարոյր Սեւակը: Միւս կողմէ՝ Վարուժանը, Սիամանթօն, Վահան Թեքէեանն ու Մեծարենցը, արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը ծաղկեցնող զիրար ամբողջացնող անհատականութիւններ էին: Շրջան մը Հր. Մատթէոսեանն էր հայաստանեան արձակի հիմնական դէմքը, սակայն իր կողքին չենք կրնար չյիշել յա՛տկապէս Զօրայր Խալափեանը կամ Պերճ Զէյթունցեանը: Սփիւռքի մէջ՝ երկար ատեն իր վէպով ու գրադական աշխատանքով՝ Յակոբ Օշականը եղած է տիրական դէմքը, իսկ ներկայիս՝ իր իննը վէպերով, բանաստեղծական հատորներով եւ ընթերցումներով եւ ուսումնասիրութիւններով՝ Գրիգոր Պըլտեանը:

Ձեր գրում ինչպէ՞ս էք հաւասարակշռում ճշմարտութիւնը եւ երեւակայութիւնը:

Բանաստեղծութեան մէջ՝ իրականութիւնը մեր ապրած փորձառութիւններն են, աշխարհաընկալումները, իսկ երեւակայութիւնը այդ փորձառութիւններուն համազօր պատկերացումները գտնելն է տարբեր ձեւերով, զանոնք վերածելու բառի, պատկերի, արւեստի:

Գիտէք, ծանր է վիճակը, բայց այդ ծանրութիւնը փակուղի չէ, ամէն ինչ յաղթահարելի կը լինի եթէ մենք…

Այո, պէտք է գիտակցինք, որ իսկապէս ծանր է իրավիճակը Հայոց աշխարհում: Գաղթերէ, բռնի հեռացումներէ, ջարդերէ եւ մասնաւորաբար Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք՝ մեր պատմական հայրենիքին տասնորդը մնացած է մեզի եւ կը փորձւի անոր մէկ կարեւոր մասն ալ խլել մեզմէ: Զիս խորապէս տագնապեցնողը Հայաստանի մէջ տիրող ներկայ իշխանութեան պարտւողական կեցւածքն է, իսկ ժողովուրդի մէկ հատւածին անտարբեր, իր սեփական հանգիստը փնտրելու վարմունքը: Հոս քաղաքական վերլուծումներ կատարել չեմ ուզեր, ատիկա լրիւ տարբեր նիւթ է: Կը կարծեմ, որ պէտք է վերահաստատւի անկախութեան առաջին տարիներու ոգին, ուր ճիշտ է քաղաքական տարբեր պատկերացումներ կամ կարծիքներ կային, սակայն գործելու կամքը, Արցախին տէր կանգնելու եւ միասնաբար հայրենիք կերտելու ձգտումն ու տեսլականը ուժեղ էին:

Շնորհակալութիւն:

 

Զրոյցը՝ ՍԻՒՆԷ ՖԱՐՄԱՆԵԱՆԻ

Related Articles

Back to top button