Մշակութային

Հայոց պատմութիւնը ցուցակներով

Հին Կտակարանի մարգարէներու յիշատակութիւնները Հայաստանի մասին

Աստուածաշունչի՝ Հին Կտակարանի մէջ ՄԱՐԳԱՐԷՈՒԹԻՒՆ գիրքի մէջ կան 16 մարգարէներու անուններ, թւենք անոնք հետեւողկանութեամբ:

1- Եսայեայ, 2- Երեմեայ, 3- Եզեկիէլ, 4- Դանիէլ, 5- Ովսեայ, 6- Յովելեայ, 7- Ամովսայ, 8- Աբդիու, 9- Յովնանու, 10-Միքիայ, 11- Նաւումայ, 12- Ամբակումայ, 13- Սոփոնեայ, 14- Անգեայ, 15- Զաքարեայ, 16- Մաղաքեայ:

Այս մարգարէներէն առաջին երեքը, Եսայեայ, Երեմեայ եւ Եզեկիէլ միայն ունին յիշատակութիւններ Հայաստանի մասին, ինչպէս որ յիշւած է հետեւեալ ցուցակին մէջ:

Ցուցակին մէջ յիշւած է, որ թւականին, պատմական ինչ առիթով եւ ուր յիշւած է Հայաստանի մասին:

 

Արշակունեաց պատմաշրջան 

Սասանեաններու պատմական թշնամութեան

գաղտնիքը Արշակունեաց Հայաստանին

Սասանեաններու տիրանալով Տիզբոնի գահին 226 թ., երբ վերջ տրւեցաւ Պարսկաստանի մէջ Արշակունեաց իշխանութեան, փոխւեցաւ Հայաստանի դիրքը Հռոմի հանդէպ, ուր կը շարունակւէր Արշակունեաց թագաւորութիւնը Հայաստանի մէջ: Հռոմը դարձաւ Հայաստանին դաշնակից եւ զինակից բարեկամը. կերպով մը ետ դարձաւ Մեծն Տիգրանի Ք.Ա. 66 թ. ռազմաքաղաքական վիճակը:

Այս ռազմագիտական մեծ փոփոխութիւնը շատ տրամաբանական էր երկու կողմերուն համար, որովհետեւ անոնց թշնամին մէկ էր՝ Սասանեան կայսրութիւնը: Սասանեանները Հռոմը կը սպառնային, երազելով հին Աքէմենեան Պարսկաստանի փառքը, եւ այդ իրականացնելու համար կուզէին գրաւել Հայաստանը. զայն գրաւելով կը դարձնէին Սասանեան նահանգ, ուրկէ պիտի վարէին իրենց ռազմական գործողութիւնները Հռոմի դէմ. նմանապէս Հայաստանը գրաւելով վերջնականօրէն կործանիչ հարւածը հասցնել Պարթեւներուն, ու անոնց վերջնականօրէն հեռացնել պատմութեան բեմէն, ինչպէս որ յաջողեցան անոնց հեռացնել Միջագետքի պատմութենէն՝ երբ գրաւեցին Տիզբոնը:

Թէ որքանով անհրաժեշտ էր այդ Սասանեաններուն, «Արտաշիր (Սասանեան) Հայաստանէն հրաժարիլ չէր կրնար, անոր կռիւը Հայաստանի համար էր. որքան Հայաստան պահէր իր գոյութիւնը որպէս անկախ պետութիւն եւ մրցակից Արշակունիներու իշխանութեան տակ՝ այնքան անկարելի պիտի ըլլար գլուխ բերել Արեւելքի նւաճումը եւ յաջող կռիւներ մղել Հռոմի դէմ: Հայոց լեռնաշխարհին տիրելը գալիք ընդարձակ գործողութիւններու յաջողութեան երաշխիք էր: Հայաստանի մէջ ամուր հաստատւելով եւ Արշակունիները ոչնչացնելով միայն կարելի էր մնալ Միջագետքի, Սիւրիոյ, Փոքր Ասիոյ մէջ եւ հասնիլ Միջերկրական»: Այս բոլորը Հայաստանին եւ Հռոմին տեղադրեցին մէկ դիրքի վրայ «Թշնամիիս թշնամին բարեկամս է» քաղաքական տրամաբանութիւնը ի զօրու եղաւ:

 

ՆՈՐ ՇՐՋԱՆ – ԲԱՑԱՍԱԿԱՆ ԷՋԵՐ

Հայոց Լենկ Թեմուրներէն

Կտուց անապատի ձեռագիրներու ճակատագիրը 1843 թ.

Խրիմեան Հայրիկ, երբ Կ. Պոլսոյ Հայոց պատրիարքն էր, յանձնարարեց Երեմիա Տեւկանցին՝ ճամբորդել Էրզրում, Կարս, Վասպուրական եւ գրել իր տպաւորութիւնները, տեղեկացնելով սոցիալական, տնտեսական եւ քաղաքական վիճակը այդ տարածքներու հայութեան:

Երեմիա Տեւկանց 1872-1873 թ., կը շրջի երեք տարածքներուն մէջ, մանրամասնօրէն կը գրէ այդ տարածքներու հայութեան մասին, որոնք կը նկարագրեն ամէն ինչ ցեղասպանութենէն 41 տարի առաջ: Վանայ լիճի Կտուց եւ Լիմ կղզիներուն անապատները (վանքերը) եղած են մեծ թիւով ձեռագիրներու ստեղծման կենտրոններ: Պատմամշակութային մեծ արժէք ներկայացնող կուտակւած այս ձեռագիրներուն պահպանումը շատ մեծ պատասխանատւութիւն էր, եւ կը պահանջէր նիւթական եւ մարդկային մեծ ճիգ եւ զոհաբերութիւն: Թշնամիներուն եւ աւազակներուն կողմէ զանոնք պաշտպանելէն զատ, միշտ չէ որ թանկագին ձեռագիրները կարելի եղած է ապահով պահպանել տարբեր պատճառներով…:

Այդ ցաւալի օրինակներէն մէկն է Երեմիա Տեւկանցի 1873 թ. ապրիլի 21-ին, գրած հետաքրքիր տեղեկութիւնները, երբ ան այցելած է Կտուց անապատ, թէ ինչպէս անհոգութեան պատճառով բաւական ձեռագիրներ փչացած են, «Ասկէ 30 տարի առաջ վերոյիշեալ լուսարար Գրիգոր վարդապետ, որ այժմ դեռ կենդանի է, ութսուն ամենիւք գոլով 400 հատոր հին ձեռագիր գրեանք գերեզմանի մէջ թաղեր է, ես անձամբ իրմէ հարցուցի այս մասին, նա պատասխանեց, թէ գրեանք անխնամ մնալով ձիւնի եւ անձրեւի ներքեւ թուղթեր իրարու թափւած էին, հարցուցի, թէ ինչ ձեռագիր էին, խեղճ ողորմելին դժբախտաբար անուններ չէր գիտեր բնաւ»:

Երեմիա Տեւկանց պատահածը կը նմանցնէ, ինչ որ տեղի ունեցաւ 14-րդ դարուն՝ մոնղոլ Լենկ Թեմուրի արշաւանքներուն ժամանակ, «Ահա քեզ երկրորդ Լենկ Թեմուր, բայց կարծեմ թէ տգէտ, անհոգ եւ անընթերցասէր վանականներէն աւելի շատ գրեանք վնասւած են, քան թէ Լենկ Թեմուրի ձեռօք, զի ճիշտ այսպիսի պատար մի եւս Լիմ անապատի եւ Սեւանայ անապատի մէջ տեղի ունեցած է: Լիմ անապատ 40 տարի առաջ սակաւի չափ հին ձեռագրեր դարձեալ հողի ներքեւ թաղած են»:

Այս շատ կարեւոր վկայութիւն մըն է, թէ բոլոր վանականները սրտցաւ չէին հայ գիրի ու գրականութեան հանդէպ…:

Կը վերահրատարկենք ՊԱՏՄԱՔԱՂ թիւ 3 -էն նիւթ մը, որուն մասին ձեզմէ արձագանգներ ստացած ենք:

 

ՆԱԽԱՔՐԻՍՏՈՆԵԱԿԱՆ ՊԱՏՄԱՇՐՋԱՆ

Մենուա եւ Մեծն Տիգրան

Ուրարտուի արքա Մենուա (810-786 Ք.Ա.) մեծ նւաճումներ կատարեց ռազմական յաջող արշաւանքներով բոլոր ուղղութիւններով: Մենուայի ջանքերով Ուրարտուն վերածւեցաւ գերպետութեան, որուն ազդեցութիւնը հասաւ մինչեւ Կիլիկիոյ Միջերկրականի ափերը, ինչպէս նաեւ Տրապիզոնի Սեւ ծովի ափերը:

Մենուայի ստեղծած կայսրութիւնը տեւեց մօտաւորապէս 80 տարի, իր եւ իր յաջորդներ՝ Արգիշտի Ա, Սարտուր Բ եւ Ռուսա Ա-ի գահակալութեան տարիներուն: Երբ Մենուա մահացաւ 780 Ք.Ա. Ուրարտուն որպէս կայսրութիւն իր ընդարձակութեամբ եւ բնակչութեամբ հաւասար էր իր մրցակից հզօր Ասորեստանին:

Հայոց պատմութեան մէջ, վեց դար ետք՝ Տիգրան Բ (95-55 Ք.Ա.) նոյնպէս ստեղծեց գերպետութիւն մը, որ իր ծաւալով աւելի ընդարձակ էր Մենուայի ստեղծած կայսրութենէն, բայց աւելի կարճ կեանք ունեցաւ, հազիւ 22 տարի:

Այսօր Տիգրան անունը շատ գործածական է, ինչ որ ուրախալի է. սակայն Մենուա անունին հազւագիւտ կը հանդիպինք, որպէս առնական անուն ներկայ սերունդին մէջ. այս բացասական կը նկատենք ու կոչ կընենք այդ անունը գործածելու…:

Կազմեց ՊԵՏՐՈՍ ԹՈՎՄԱՍԵԱՆԸ

Աղբիւր՝ «ՊԱՏՄԱՔԱՂ», թիւ՝ 55, 15 սեպտեմբերի 2024 թ.

Related Articles

Back to top button