Մշակութային

Լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի «Ոստայն 20 – ձայն բարբառոյ յանապատի՞» հատորը

Առցանց լոյս տեսաւ Վրէժ-Արմէնի նոր հատորը՝ «ՈՍՏԱՅՆ 20 – Ձայն բարբառոյ յանապատի՞»։

Այնտեղ ընտրովի ի մի բերւած են հեղինակին ընդհանրապէս (բայց ոչ միայն) հրապարակագրական էջերէն 285 գրութիւններ, որոնք լոյս տեսած են 1960-էն 2024 գլխաւորաբար «Յուսաբեր», «Հայաստան», «Հայրենիք, «Դրօշակ» ու մանաւանդ «Հորիզոն» թերթերուն մէջ։

Գիրքը կը բաղկանայ հինգ մասերէ, որոնք կոչւած են «պատուհան» եւ իրենց կարգին  կազմւած են զանազան բաժիններէ՝ ըստ նշւած նիւթերուն.

– Պատուհան առաջին՝ «Ինքնութիւն, ինքնաքննութիւն», «Լեզու եւ գրականութիւն», «Մամուլ», «Մշակոյթ», «Կրթութիւն».

– Պատուհան երկրորդ՝ «Մայիս 28», «Հայաստան եւ Արցախ», «Հայրենիք-Սփիւռք», «Սփիւռք», «Միասնականութիւն».

– Պատուհան երրորդ՝ «ՀՅԴ – Կազմակերպական», «Երիտասարդութիւն», «ՀՕՄ, ՀՄԸՄ».

– Պատուհան չորրորդ՝ «Ապրիլ 24», «Հայ դատ, պայքար», «Անհատ – Հաւաքականութիւն».

– Պատուհան հինգերորդ՝ «Մարդկային իրաւունքներ եւ արժէքներ»։

«Պատուհանները բանալէ առաջ…» վերնագրւած իր յառաջաբանին մէջ հեղինակը դիտել կու տայ, թէ «Յօդւածները գրեթէ կամայականօրէն բաժնւած են այդ պատուհաններուն միջեւ, քանի որ մտածումի նոյն կարմիր գիծը կանցնի անոնց բոլորին ընդմէջէն՝ շեշտելու համար հայերէնի ու հայերէն սորվելու ճիգի կարեւորութիւնը եւ ազգային ինքնութեան ու մարդկային այլ իրաւանց պահպանման ի խնդիր մնայուն պայքարի անհրաժեշտութիւնը։ Ի հարկէ այդ կարմիր գիծը կարելի է տեսնել ցարդ լոյս տեսած բոլոր նախորդ 19 հատորներուս մէջ ալ»։

Գիրքը ձօնւած է Վրէժ-Արմէնի քննադատներուն, որոնց շնորհիւ, – կըսէ ան, – «ես արթուն եւ լարւած կը պահւիմ…»։

Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ բժ. Արմենակ Եղիայեանին, որուն սուր աչքէն անցած են յատկապէս վերջին տարիներու գրութիւնները, իր կեանքի ընկերոջ՝ Նազիկ Գուլաքեան-Արթինեանին, որ «միշտ առաջին ընթերցողս ու սրբագրիչս կը հանդիսանայ», Սոնա Թիթիզեան-Կէտիկեանին, որ կը շարադրէ չթւայնացած յօդւածները, William Justen de Vasconcellos-ի, որուն լուսանկարը անվճար տրամադրւած է զարդարելու համար գիրքին կողքը, եւ Իշխան Չիֆթճեանին, որ իր Հայերէն blog կայքէջին վրայ սիրայօժար տեղ կը տրամադրէ հեղինակի հատորներուն։

Արդարեւ, ինչպէս ներկայ երկը, բոլոր միւս հատորներն ալ, բացի առաջին երեքէն, կարելի է կարդալ այստեղ՝ https://hayerenblog.wordpress.com / «Գիրքեր» բաժինին մէջ։

Related Articles

Back to top button