ՀՕՄ-ն ու Համազգայինը կը տօնախմբեն Սոնա Զէյթլեանի 70-ամեայ ծառայութեան յոբելեանը
Դաստիարակ, ազգագրագէտ, պատմաբան, մրցանակակիր հեղինակ, ՀՕՄ-ի անդամ, հայ կանանց պատմութեան եւ իրաւունքներու ջատագով Սոնա Զէյթլեան (ծնեալ Սիմոնեան) պատուուեցաւ իր 70 տարիներու ծառայութեան համար, Հայ Օգնութեան Միութեան եւ Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութիւններուն կողմէ։ Ձեռնարկը կազմակերպուած էր ՀՕՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, Կիրակի Ապրիլ 7, 2024ին, Գրիգոր եւ Մարիամ Գարամանուկեան Երիտասարդական Կեդրոնի սրահին մէջ, Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա։ Հարիւրաւոր ներկաներ եկած էին Արեւելեան Ամերիկայէն, Գանատայէն, Եգիպտոսէն, Լիբանանէն, եւ աւելի մօտակայ շրջաններէ, ինչպէս Տէյվիս, Սան Տիէկօ, Լոս Անճելես եւ Օրէնճ Քաունթի։ Ձեռնարկը ոչ միայն քով-քովի բերաւ ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի ընտանիքները, այլ նաեւ առիթ տուաւ որ յոբելեարի ընտանեկան պարագաները իրենց յուշերը բաժնեն ներկաներուն հետ, պայծառամիտ անձնաւորութեան մը մասին որ առանձինը կարողացաւ պահպանել հայ կիներու բանաւոր պատմութիւնները եւ արձանագրել կիներու դերը հայ պատմութեան ընթացքին։
Բացման խօսքը փոխանցեց ՀՕՄ-ի Արեւմտեան ԱՄՆ-ի Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան, որ վեր առաւ Սոնա Զէյթլեանի տիպարը, 70 տարիներու ազգի ծառայութիւնը իբրեւ օրինակելի, իմաստուն, համբերատար ու նուիրուած անձնաւորութեան մը։ Շնորհաւորական նամակ մը կարդաց Փարիզէն, Ֆրանսահայ հեղինակ Գրիգոր Պըլտեանէն։ Ապա, ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեանի հետ ներկայացուց գնահատագիրներ Կլէնտէյլ քաղաքի նորընտիր քաղաքապետ Էլէն Ասատրեանէն եւ Քալիֆորնիոյ 30-րդ ընտրաշրջանի քոնկրէսական Ատամ Շիֆէն։
ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Յովնան Արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Նժդեհ Քհնյ. Քէշիշեան ընթերցեց Սրբազանին շնորհաւորական նամակը, յիշեցնելով թէ յոբելեարը 2015 թուին արժանացած էր ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. -ի Հայրապետական Կոնդակին։
Սոնա Մատարեան, որ անդամ է ՀՕՄ-ի Վարժարաններու Խնամակալ Մարմնի, յոբելեարը ներկայացուց իբր ուսուցիչ, հետազօտ, հեղինակ եւ պատմաբան, որ գրի առած է Այնճարաբնակ վերապրող Մուսալեռցիներու բանաւոր պատմութիւնը, հրատարակած է «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ» հատորը։ Ընկերուհին աւելցուց թէ Զէյթլեան ռահվիրան եղած է հայ կանանց ուսումնասիրութիւններու, ոչ միայն անոնց պատմութեան, այլ նաեւ անոնց դերը քաղաքական եւ առողջապահական ասպարէզներէ ներս։ Ան ներկայացուց Զէյթլեանը իբրեւ ընտանիքին նուիրուած մայրը, անանձնական կեանքով ապրելով մասնաւորաբար ամուսնոյն Սարգիսի, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, կորուստէն յետոյ։
Մրցանակակիր ճարտարապետն, բանաստեղծ եւ հրապարակագիր Հրազդան Զէյթլեան դիտել տուաւ թէ իր մօրը կեանքի գործը եղաւ եւ է հայ կնոջ ինքնուրոյն, հպարտ տիպարի ուսումնասիրութիւնը: Ան հանգամանօրէն ներկայացուց անոր յատկանիշները հետեւեալ կէտերով.- Ան նպատակային պատմաբանութիւն կատարեց հայ կնոջ ղեկավար դերին, բան մը որ իրմէ առաջ չէր կատարուած: Ան կիներու ուսուﬓասիրութեան մարզի հիմնադիր ռահվիրան է, կիները ներկայացնելով իբր յառաջդիմութեան ու փոփոխութեան գործակալներ։ Ան արձանագրած է հայ կնոջ նպաստը՝ սեռերու հաւասարութեան եւ կենտերային արդարութեան միջազգային հաստատման մէջ։ Ան մատչելի ազգագրութիւն կը գործադրէր երբ «Մուսա Լերան Ժողովրդական Հեքիաթներ» ընդարձակ ազգագրական աշխատանքը գիտական ուսումնասիրութիւնէ մը անդին նաեւ հեքիաթները մատչելի դարձնել էր ընթերցողներու լայն շրջանակի մը։ Սփիւռքի գաղութներու ինքնակազմակերպումի տեսակէտով «Հայութեան Ներդրումը Եգիպտոսի Միջնադարեան եւ Արդի Պատմութեան մէջ» ուսումնասիրութիւնը հայ գաղութներու ինքնակազմակերպումի գաղափարն էր՝ ի նպաստ գաղութի հայեցի նկարագրի վերապրումին:
Երեկոյի հանդիսավարուհին էր Սուզանա Դաւիթեան եւ ծրագրին մաս կը կազմէր մեներգող Հայկուհի Պապախանեանը, որ ներկայացուց 2 աշուղական երգեր։ ՀՕՄ-ի Սիփան Մասնաճիւղի Սալբի Հացպանեան Շաբաթօրեայ Վարժարանէն խումբ մը աշակերտներ ներկայացուցին Զէյթլեանի մանկական շարքէն «Երախտագէտ Կենդանիները» կենդանի պատկերը, որ հիմնուած էր Մուսա Լեռան բանահիւսութեան վրայ։ Ապա, տեսաերիզի վրայ ելոյթ ունեցաւ Քալիֆորնիոյ Ըրվայն համալսարանի հայագիտական կեդրոնէն Փրոֆ. Դալար Շահինեան, որ յայտնեց թէ Զէյթլեանի առանցքային գիրքերն ու ուսումնասիրութիւնները անկիւնադարձային նախակարապետի դեր ունեցան հայ կանանց մասին ուսումնասիրութիւններու ասպարէզէն ներս։ Ան նաեւ շնորհաւորեց Զէյթլեանի աննկուն կամքով կիներու ուսումնասիրութիւներ կատարողներու առջեւ եղող խոչնդոտներու շրջանցման։
Ապա խօսք առաւ թոռը՝ Վիկկօ Զէյթլեան, որ երկրորդական վարժարանի աւարտական դասարանի ֆութպոլիստ է, եւ բացատրեց թէ ինչպէս իր կարծիքը զարգացաւ իր սիրելի մեծ մօր մասին։ Նախ իր աւագ եղբայրը՝ Գայլը, սկսած էր մասնակցելու ընտանեկան զրոյցներուն։ Եղբօրը համալսարան մեկնելէն ետք, իր կարգը եկած էր։ Ան հաստատեց որ ներշնչուած է եւ բարելաւած է իր մտածելակերպը մեծ մօր իմաստութենէն տոկուն դիմադրականութենէն ներշնչուելով։
Փրոֆ. Հեղնար Զէյթլեան Ուաթընփա, մրցանակակիր հեղինակ որ արուեստի պատմութիւն կը դասաւանդէ Քալիֆոնիոյ Տէյվիս համալսարանէն ներս, պատմեց թէ մանկութեան ընթացքին գաղափար չ՚ունէր իր մօր երկրորդ կեանքին մասին իբրեւ հետազօտող։ Ան կը նկատէր թէ մայրը յարատեւ ուսումնասիրութիւններու վրայ կ՚աշխատէր խոհանոցի սեղանին կամ գրասեղանին վրայ։ Անոր աշխատանքները կ՚ընդգրկէին մանկապատանեկան ընթերցողներու յատուկ գիրքեր, նիւթ ունենալով հայկական առասպելական դէմքեր ինչպիսին են Հայկ Նահապետն ու Արա Գեղեցիկը։ Երբ ան այդ գիրքերը կրնար կարդալ, մայրը իր կարծիքը հարցուցած էր թէ որքանով կ՚առնչուէին նիւթերը իր տարեկիցներու հետ։ Ինք պատմուածքներուն մասին հարցումներ ունեցած էր շատ կարեւոր զգալով ինքզինքը։ Հեղնար յայտնեց որ «Հայ Կնոջ Դերը Հայ Յեղափոխական Շարժման Մէջ» հատորը տպագրուած էր 1968-ին, իր ծնունդէն առաջ։ Շատ աւելի ուշ անդրադարձած էր հատորի կարեւորութեան մասին։ Գիրքի նիւթերու պրպտումներու ընթացքին նոյնիսկ ղեկավար պաշտօնի վրայ եղող մարդիկ իր մօր փորձած էին տարհամոզել որ չի հետապնդէ կիներու մասին իր ուսումնասիրութիւնները։ Հակառակ անոր որ մատչելի նիւթերու աղբիւրներ չկային, իր մայրը մշակեց ինքնուրոյն հետազօտութեան եւ գրելու իր յատուկ ոճը։
Զաքար Քէշիշեան, Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը բացատրեց թէ հերոսները միայն անոնք չեն որ կը զոհուին ռազմաճակատի վրայ կռուելով եւ նահատակուելով, բայց հերոսը նաեւ այն է որ ամբողջ կեանք մը կը նուիրէ այն հաւաքականութեան որուն անբաժանելի մէկ մասն է։ Քէշիշեան յայտնեց որ Սոնա Զէյթլեան այդ հերոսներէն է, նոյն այն հերոսներէն որոնց պատմութիւնը գրած է։ Համազգայինը իր միակ շքանշանով պատուեց Սոնա Զէյթլեանին։ Զաքար Քէշիշեան հրաւիրեց Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութեան Արեւմտեան ԱՄՆի անդամ Դոկտ. Տիգրան Պապիկեան որ վկայագիրը կարդայ հայ գրականութեան ներդրումին նկատմամբ, ապա երկուքը մօտեցան յոբելեարին եւ շքանշանը զետեղեցին կուրծքին։
ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան իր սրտի խօսքով դիտել տուաւ թէ ՀՕՄ-ի կամաւոր բանակի կամաւորներու համար կրկնապատիկ հպարտութիւն եւ պարծանք կը պատճառէ պարգեւատրել Սոնա Զէյթլեանի նման իւրայատուկ անձնաւորութիւն մը՝ բառին ամբողջ առումով հերոսուհի մը որուն նմանները հազուագիւտ կու գան մեր ժողովուրդի պատմութեան մէջ։ Ընկերուհին նշեց թէ Զէյթլեան եղած է տիպար ու ակնառու ՀՕՄ-ուհի եւ երկար տարիներու անխոնջ ծառայութիւն բերած է ՀՕՄ-ի շարքերէն ներս, իսկ հայ կնոջ բարձր արժանիքները, քաջութիւնը, վճռակամութիւնն ու հայրենասիրութիւնը յաւերժացնելու աշխատանքին մէջ իր գրական, վաւերագրական եւ ուսումնասիրական ստեղծագործութիւններուն մէջէն կը հաստատէ հայ մօր եւ մեծ մօր դերը ազգային աւանդներու պահպանման ու փոխանցման մէջ։ Ընկերուհին դրուատեց յոբելեարին կեանքի կոչած անթիւ հերոսուհիներու անյայտ պատմութիւնները, իբրեւ յաւէտ հնչող ղողանջներ ու փարոսներ որոնք կը լուսաւորեն ապագայ սերունդներու ճանապարհները։ Ան դիտել տուաւ որ յոբելեարը իր գիրքերուն մէջ ներկայացուցած հերոս հայ կիներու իսկական տիպար օրինակն է ու մաղթեց որ անոր կտակած իւրաքանչիւր գիր եւ գիրք, խօսք ու պատգամ շարունակեն ոգեշնչել եւ ուժ հանդիսանալ քաջաբար դիմագրաւելու մեր առջեւ ծառացած ներկայ ու ապագայ մարտահրաւէրները։
Ապա Մելքոնեան խնդրեց ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան գանձապահ Անի Քէշիշեանէն եւ խորհրդական Ժարմէն Միրզախանեանէն որ միասնաբար յանձնեն ՀՕՄ-ի գնահատագիրն ու ՀՕՄ-ի խորհրդանիշով յուշանուէրը։
Վերջապէս ժամանակը հասաւ որ Սոնա Զէյթլեանն ալ իր սրտի խօսքը փոխանցէ։ Ան սրտանց շնորհակալութիւնները յայտնեց ՀՕՄ-ի եւ Համազգայինի Կեդրոնական Վարչութիւններուն, ՀՕՄ-ի Շրջանային Վարչութեան, կազմակերպիչ ընկերուհիներուն, Եգիպտոսէն, Քալիֆորնիայի Տէյվիսի շրջանէն եկած եւ այլ շրջաններէն ներկայ եղող ընտանիքի անդամներուն, ինչպէս նաեւ յայտագրին մասնակիցներուն, գործակիցներուն եւ ներկաներուն։ Նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց որոնք իրենց գնահատանքը գրաւոր արտայայտեցին, որոնց կարգին Եգիպտոսի եւ Լիբանանի նախկին աշակերտներն ու անոնցմէ ոմանց զաւակները։ Յոբելեարը դիտել տուաւ թէ իր կեանքի բոլոր հանգրուաններուն Գահիրէէն Այնճար, Պէյրութէն Հիւսիսային եւ Հարաւային Ամերիկա ինչպէս նաեւ Գանատայի հայաշատ կեդրոնները, փորձած է օգտակար ըլլալ շրջապատին ծառայելով հայ կնոջ վերելքին մեր նորագոյն պատմութեան մէջ շատ կարեւոր դերին, յեղափոխական շարժումէն սկսեալ մինչեւ հերոսամարտերը եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը։ Ընկերուհին վերյիշեց թէ Այնճարի մէջ առաջին անգամ ըլլալով իրենց ծննդավայրէն տեղահանուած Մուսալեռցիներուն բերնէ բերան փոխանցուող պատմութիւնները գրի առած էր, որոնք իրենց փառքերը եւ հաւատալիքները կը ներկայացնէին, նպատակ ունենալով օտարութեան մէջ հասակ նետող սերունդներուն հաղորդակից դարձնել իրենց նախնիներուն ժառանգութեան, ամրապնդելով անոնց ազգային ինքնութիւնը, ազգային հպարտութիւն ներշնչելով։ Ան նշեց թէ գրաւոր աշխատանքներու կողքին գործակցած է կանացի կազմակերպութիւններու, դասախօսութիւններով յանուն մեր մշակոյթի ընկերային եւ ընտանեկան հարցերու քննարկման, ինչպէս նաեւ հայրենիքի եւ սփիւռքի մէջ կանանց գործունէութեան եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան։
Զէյթլեան դիտել տուաւ թէ 60-ական թուականներուն սկսած մենաւոր աշխատանքը ծաւալած է, կանանց հարցերու ուսումնասիրութեան ծրագիրներ եւ դասընթացքներ հիմնուած են, եւ կանանց դերակատարութիւնը ուշագրաւ է զանազան մարզերուն մէջ։ Ընկերուհին իր համոզումը յայտնեց թէ միասնական կամքով մեր շրջապատին օգտակար ըլլալու աշխատանքը կը շարունակուի յանուն միշտ հայ կնոջ շարունակական վերելքին եւ ազգային բարիքին։
Ձեռնարկի աւարտին, ներկաներու ոգեւորութիւնը զգալի էր, որոնք խուռներամ հաւաքուեցան յոբելեարին շուրջ զինք շնորհաւորելու եւ իրենց ժպիտներով ու ծաղկեփունջերով ողողելու շատ սիրելի ու յարգելի հայուհիին։
Հայ Օգնութեան միութեան Կենտրոնական գրասենեակ