Արամ Ա. Նման ազգակործան քաղաքականութիւնը մեզի համար անընդունելի է, նոյնիսկ՝ դատապարտելի
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոսին պատգամը՝ ուղղւած Սփիւռքի զօրաշարժի նւիրւած խորհրդաժողովին (Ապրիլ 11-12, 2026, Փարիզ)

Հայրապետական օրհնութեամբ ու քրիստոնէական ջերմ սիրով կողջունենք ներկայ համագումարին մասնակիցները: Կապրինք տագնապալից ժամանակներու մէջ: Հայաստանը ու Սփիւռքը եւ ընդհանրապէս մեր ժողովուրդը դիմագրաւող տագնապներուն ու մարտահրաւէրներուն իրատես ու համապարփակ քննարկումներու նւիրւած ներկայ նախաձեռնութիւնը կը նկատենք այժմէական ու հրամայական:
Մեր խօսքը կուզենք սկսիլ հարցադրումով մը, որ մեկնակէտը ու մղիչ ուժը հարկ է որ դառնայ համագումարի մօտեցումներուն ու արժեւորումներուն ՝ «Ո՞ւր է այսօր Սփիւռքը՝ յարաբերաբար ինքն իրեն, Հայաստանին եւ մեր ազգին ընդհանրական տագնապներուն ու իդէալներուն»: Իրապաշտ ինքնահայեցողութիւնը ու առարկայական ինքնաքննութիւնը, հեռու զգացական ու միակողմանի դատումներէ, էական են մեր դիմագրաւած խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն ճիշտ ախտաճանաչումը կատարելու եւ համապատասխան ուղեգիծ մը ճշտելու համար:
Անուրանալի իրողութիւն է, որ Ցեղասպանութենէն յետոյ մեր ժողովուրդի ցրւած ու անօթեւան զաւակները կազմակերպ համայնքներու վերածելու եւ եկեղեցւոյ, դպրոցի, ակումբի ու մշակոյթի ճամբով եւ ծով զոհողութեամբ հայու ինքնութիւնը պահելու եւ մեր պահանջատիրութիւնը հետապնդելու գծով, եկեղեցին, կուսակցութիւններն ու միութիւնները ճշտորոշիչ դեր կատարեցին:
Այսօր տարբեր պատկեր կը պարզէ Սփիւռքը: Ան տարբեր մարտահրաւէրներու դիմաց է համաշխարհայնացած աշխարհի մը մէջ, ուր արժէքները նահանջի մէջ են ու ազգային ինքնութիւնները կորուստի ենթակայ: Հետեւաբար, Սփիւռքի ինքնաքննական արժեւորումը ու մեր կառոյցներուն նպատակի ու գործունէութեան վերատեսութիւնը ու վերակենսաւորումը կը նկատենք անյետաձգելի: Այլեւս չենք կրնար կարծրատիպերով, մաշած մտածելակերպերով ու հինցած գործելակերպերով մեր հաւաքական կեանքը կազմակերպել, երիտասարդութիւնը մեր շուրջը պահել, նոր սերունդներուն ազգային շունչ փոխանցել ու ազգային իդէալներով շաղախել, երբ մեր մօտեցումները համահունչ չեն ներկայ պայմաններուն ու պահանջներուն: Այս մտահոգութենէն մեկնած 2023 եւ 2024 տարիները Մենք հռչակեցինք Սփիւռքի վերակազմակերպման տարիներ: Այս գործընթացքը հարկ է շարունակւի՝ մէկ կողմէն կառչած մնալով մեր արմատներուն, եւ միւս կողմէն՝ նոր աշխարհահայեացքներու ու հորիզոններու բանալով մեր կեանքը:
Սփիւռքը երբեք իր իւրայատուկ օրակարգը չէ ունեցած, բացի Ապրիլ 24-ի եւ ճակատագրական պահերուն համայնքային պատասխանատուներուն միջեւ կատարւած հաւաքական խորհրդակցութիւններէն ու միացեալ յայտարարութիւններէն: Համասփիւռքեան օրակարգի մը ձեւաւորումը ու մտածողութեան մշակումը, պահելով հանդերձ իրենց իւրայատկութիւնը, կը նկատենք անհրաժեշտ, որոնք պէտք է անանջատելի ու լրացուցիչ մասը դառնան համահայկական օրակարգի ու մտածողութեան:
Հայաստանի վերանկախացումէն յետոյ, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը նպատակասլաց չեղաւ երբեք: Ան չունեցաւ ամուր խորք ու հէնք, յստակ մեթոտ ու նպատակ։ Փաստօրէն, ան մնաց բարեսիրական, պիզնէսային ու թուրիստական (գործարարական եւ զբօսաշրջային) ոլորտներուն մէջ ու չդարձաւ յատկապէս՝ մշակութային, քաղաքական ու տնտեսական մարզերէն ներս ծրագրւած ու համապարփակ գործակցութիւն ստեղծող նախաձեռնութիւն: Հայաստանը չկրցաւ ճիշտ կերպով օգտագործել Սփիւռքի ներուժը ու անոր քաղաքական կարեւոր գործօն ըլլալու իրողութիւնը: Միւս կողմէն, Սփիւռքը հսկայ ներդրում կատարեց Արցախին եւ Հայաստանին: Սակայն, հայրենաշինութեան բերած իր գործօն մասնակցութիւնը արժանի գնահատանքի չարժանացաւ պետութեան կողմէ:
Իսկ վերջին տարիներուն, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւնը ահաւոր վայրէջքի մէջ է: Պատճա՞ռը՝ Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած քաղաքականութիւնն է՝ ներքին թէ արտաքին ճակատներուն վրայ, որ անվարան կարելի է բնորոշել որպէս ապազգային, անհեռատես ու վտանգալից: Այսօր, փաստօրէն հայ ժողովուրդի արժեհամակարգը սկսած է խախտիլ՝ նոյնինքն զայն պաշտպանելու կոչւած պետութեան կողմէ:
Արդարեւ, ինչպէս կարելի է լուռ ու անտարբեր մնալ երբ իշխանութեան կողմէ հետեւողական ճիգ կը թափւի՝ Ցեղասպանութիւնը անցեալի փոշիներուն տակ թաղելու, Արարատը Արագածով փոխարինելու, Արցախը անցեալի մէջ պահելու ու եկեղեցին սոսկ պետական կառոյց նկատելու, երբ, այսպէս կոչւած յանուն «իրական Հայաստանի» կը շարունակւի ազգային ու կրօնական խորհրդանիշերն ու արժէքները անտեսելու ու նոյնիսկ արհամարհելու քաղաքականութիւնը: Բազմազան վտանգներով յղի այս երեւոյթին դիմաց, Սփիւռքի յուսախաբութիւնը ու անտարբերութիւնը սկսած է դառնալ տիրական:
Ներկայ իշխանութիւնը նաեւ կանտեսէ Սփիւռքը: Օրինակները բազմազան են ու այլազան: Եւ աւելին, ան կը փորձէ բաժանարար գիծեր ստեղծել ու բեւեռացումներ յառաջացնել Սփիւռքէն ներս՝ յիշեցնելով Սովետական Միութեան ժամանակները: Նման ազգակործան քաղաքականութիւն մեզի համար անընդունելի է ինչպէս յաճախ շեշտած ենք:
Եզրակացնելով Մեր պատգամը, կուզենք յատուկ կարեւորութեամբ ընդգծել հետեւեալ կէտերը.
1) Յետցեղասպանութեան եւ ապա յետՀայաստանի անկախութեան յառաջացած սփիւռքներու ներդաշնակումը առաջնահերթ հրամայական է: Արագ մաշումի ենթակայ Սփիւռքի ազգային ինքնութեան վերանորոգումը՝ համայնքային կառոյցներու այժմէականացումով ու հոգեւոր, մշակութային ու ազգային արժէքներու կենսագործումով, աւելի քան անյետաձգելի է: Այս գծով առանցքային է դերը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան:
2) Ինքնակեդրոն ու ինքնանպատակ Սփիւռքի մը վախճանը կրնայ երկար չտեւել: Սփիւռքի կեանքը հարկ է դառնայ հայաստանանպատակ, սակայն ո՛չ հայաստանակեդրոն: Սփիւռքը պէտք է ունենայ իր ազատ ու իւրայատուկ մտածողութիւնը: Ոչ Հայաստանը պէտք է փորձէ միջամտել Սփիւռքի ներքին կեանքին, ոչ ալ Սփիւռքը՝ Հայաստանին:
3) Համազգային, պետական եւ համասփիւռքեան օրակարգերը պէտք չէ իրարու հետ շփոթել, ինչպէս նաեւ իրարու հակադրել: Անհրաժեշտ է պահել իւրաքանչիւրին իւրայատկութիւնը: Անոնք իրենց առաջնահերթութիւններով ու շեշտաւորումներով հարկ է տարբեր ըլլան. սակայն խորքային ու վախճանական իմաստով զիրար ամբողջացնող, յատկապէս համազգային բնոյթ ունեցող խնդիրներու շուրջ:
4) Համասփիւռքեան օրակարգի մը մշակումը գէթ այս հանգրւանին, կրնայ դժւարութեան հանդիպիլ՝ նկատի ունենալով սփիւռքեան կառոյցներու ունեցած տարբեր դիրքորոշումները Հայաստանի իշխանութեան որդեգրած քաղաքական ուղղութեան նկատմամբ: Սակայն, կը խորհինք թէ անհրաժեշտ է ժամանակաւոր բնոյթ ունեցող դժւարութիւնները շրջանցել եւ համասփիւռքեան օրակարգի մը հիմը դնել: Նման արդիւնաշատ փորձեր վերջին տարիներուն կատարւեցան Անթիլիասի կողմէ:
5) Համազգային խնդիրներու շուրջ Սփիւռքը ըսլիք եւ ընելիք պէտք է ունենայ: Ուժեղ Հայաստանի կերտումը՝ ուժեղ պետութեամբ, ուժեղ բանակով ու տնտեսութեամբ, ինչպէս նաեւ մեր ազգին միութեան ու ամբողջականութեան ամուր պահպանումը, ռազմավարական խորունկ նշանակութիւն ունի եւ հետեւաբար, համազգային օրակարգի էական մասը կը կազմէ:
6) Անհրաժեշտ է՝ աշխարհաքաղաքական նոր զարգացումներու լոյսին տակ, ազգային պահանջատիրութեան, ներառեալ Արցախի, մեր ռազմավարական ու մարտավարական մօտեցումները ու շեշտաւորումները վերատեսութեան ենթարկել: Այս գծով Էական է դերը Սփիւռքին թելադրէ, որ ան համադրւած ըլլայ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան հետ:
Յաջողութիւն՝ համագումարի աշխատանքներուն:



