Հայ դպրոցը՝ յոյսի միջավայր
ՇԱՂԻԿ Գ. Խ.
Կը թւի, թէ յոյսի սով կայ ամէնուրեք:
Վերոնշեալ հաստատումը զգացական զեղումի մը հետեւանք չէ, ոչ ալ կը բխի ժողովրդային գործնապաշտ իմաստութենէ մղւած եւ առօրեայ ձեւով կրկնւող, սովորամոլութիւն դարձած յանկերգէ մը միայն: Կարելի է ըսել, որ հաստատումը ունի առաւելաբար առարկայական հիմք. կըսեմ՝ առաւելաբար, որովհետեւ անձնապէս չունիմ այս երեւոյթը բացատրող եւ զայն հանգամանօրէն վերլուծող հետազօտութեան մը արդիւնքները, որոնք չափած են մարդոց մօտ տիրող յոյսի կարգավիճակը կամ յուսադրումի նպաստող նախադրեալները: Սակայն երեւոյթը բաւականին յստակ է, որովհետեւ տարբեր տարիքային խումբերու եւ խաւերու հետ հանդիպումները, մասնագիտական միջամտութիւններն ու զանազան միջոցառումներու ընթացքին արտայայտւած պաշտօնական թէ անպաշտօն կարծիքները այս մէկը կը ցուցանշեն:
Յուսալքումի առաջնորդող պատճառները բազմաթիւ են. հողային կորուստ եւ ազգային արժանապատւութեան խոցում, Հայ Դատի տեսլականին եւ իրաւացի պահանջատէր զգացումի տկարացած վիճակ, մեծ կարիքներու առկայութիւն, սակայն՝ սակաւաթիւ աղբիւրներու գոյութիւն, ինքնութեան ցրւած եւ շատ յաճախ առկախւած կարգավիճակ, հեռանկարային աշխատանքներու թերի ծրագրաւորում եւ երբեմն ամբողջական բացակայութիւն, բարոյական արժեհամակարգի անկում, քաղաքական անլուծելի թւացող տագնապ, տնտեսական բարդ վիճակ, ընկերային նեղ պայմաններ, ազգը համախմբող գաղափարական եւ աշխատանքային մարզերուն մէջ անտարբերութիւն եւ ուժերու ջլատում, հաւաքական հպարտութեան առիթներու պակաս, անհատական իրագործումներու խրթին կացութիւններ եւ հաւաքական կեանքի փայլունութեան նահանջ: Այս բոլորը լիբանանահայուն մօտ կը ստեղծեն անզօրութեան եւ անյուսութեան զգացումներ, որոնք զինք կը մատնեն անորոշութեան եւ կառաջնորդեն տւայտացող ու տառապող հոգեվիճակի մը:
Մարդ անհատի կազմաւորման ընթացքին բոլոր ժամանակաշրջանները ունին իրենց կարեւոր դերն ու տարբեր մարզերուն մէջ ձեռքբերումներու հասցնող պայմանները, սակայն մանկութեան եւ պատանեկութեան շրջանները այս իմաստով ամէնէն որոշիչ եւ դրական փոփոխութիւններու ձգտող պատեհ առիթները կընծայեն: Հո՛ն է, որ դիմագիծ կը ստանան ինքնութեան նպաստող ամէնէն կարեւոր գործօնները՝ մտածողութիւն, հոգեկազմաւորում, արդարադատ եւ քննական մօտեցում, բարոյական ըմբռնումներ, նկարագրային առողջ գիծեր, պատկանելիութեան զգացումի հաւասարակշիռ ու կայացած ներըմբռնում եւ իւրացում: Այս իմաստով, տարիքային այս փուլերուն մանուկին եւ պատանիին ապրած միջավայրը կը դառնայ հիմնական պատասխանատու՝ այս բոլորին բնականոն կազմաւորումին եւ իրագործումին:
Սփիւռքեան պարունակէն ներս, ընտանիքին, եկեղեցիին եւ միութենական կեանքին առընթեր, հայ դպրոցը կը զգենու պատասխանատու, նախաձեռնող եւ յառաջատար կարեւորութիւն: Հայ դպրոցը ուսման եւ դաստիարակութեան յոյժ կարեւոր աշխատանքներուն կողքին, կը տանի պատանիին մօտ ինքնութեան առողջ կազմաւորման, իւրացման, նւաճումին եւ համալրումին կարեւոր գործը:
Անիկա պատեհութիւն կընծայէ անհատին՝ իրագործելու հոգե-ընկերային հաւասարակշռութիւն, ինչ որ նախապայման է թէ՛ անհատական, եւ թէ՛ հաւաքական կեանքի մէջ գործօն եւ արդիւնաւէտ տարր դառնալու գործընթացին: Անիկա կը լծւի նաեւ նպատակադրւած աշխատանքի՝ մանուկ-պատանիին ներկայացնելու ինքնութեան պահպանման բոլոր գործօնները՝ լեզու, մշակոյթ, պատմութիւն, Դատի իրազեկութիւն, գիտական եւ քննական մօտեցում, սկզբունքային առաջնահերթութիւններու դրոյթ եւ աւելին:
Հայ դպրոցը, իր առաքելութեան բնորոշումով եւ մասնագիտական սահմանումով, կոչւած է՝ հետապնդելու եւ իրականացնելու կրթական, դաստիարակչական եւ ակադեմական նպատակակէտեր, մատուցելու անհատական եւ հաւաքական ապահով ու բարեկեցիկ պայմաններու հասանելիութեան միջոցներ, օգնելու մանուկ-պատանիին ըլլալու ուրախ ու երջանիկ, զգալու ապահով ու ընդունւած եւ ունենալու ինքնահամարումի դրական զգացում. միւս կողմէ, մշակոյթի, քաղաքացիական եւ ընկերա-քաղաքական կեանքի առողջ մասնակցութեան ապահովումի համար, կիրարկելու մերումի հաւասարակշռւած քաղաքականութիւն, պահել-պահպանելով ինքնուրոյնը եւ միաժամանակ բացւելով աշխարհին: Այսպէս, անիկա անհատական ու համայնական կեանքերը ձեւաւորելու եւ անոնց անխաթար գոյատեւումին երաշխիքը հանդիսանալու կարեւորագոյն գործօնն է:
Անձնապէս երբեք չեմ հաւատացած, որ յօդւածներով, բեմերէ արտասանւած խօսքերով կամ ծանուցողական միջոցներով հայ դպրոցը կրնայ աշակերտներ հաւաքել իր ապահով եւ դաստիարակիչ երդիքին տակ: Այն ծնողները, որոնք ծանուցումէ կամ խօսքերու համոզիչ թէ պարտադրող բնոյթէն մղւած իրենց զաւակները կառաջնորդեն հայ դպրոց, անոր էութիւնը կազմող արժէքներուն բարիքը չեն ստանար. իսկ դպրոցն ալ չի հարստանար նման պարագայական թիւի մը իր շարքերուն վրայ յաւելումով: Հայ դպրոցի արժէքին ու դերակատարութեան հանդէպ տածւած հաւատքը, անոր բարգաւաճումին նպաստելու միտող ճիգերը պէտք է ըլլան իրական, ներքուստ հաստատւած, ոչ բռնազբօսիկ եւ ձեւական: Հայ դպրոցին պէտք է հաւատալ ոչ միայն ազգային-գաղափարախօսական համոզումներէ թելադրւած, այլ նաեւ՝ մանուկներու եւ պատանիներու կրթութեան, դաստիարակութեան եւ ուսման նպատակակէտերու ամբողջացումին համար, մեկնած մանկավարժական եւ հոգեբանական տեսութիւններէ եւ կիրառական տւեալներէ:
Իւրաքանչիւր աճող երեխայ եւ պատանի պէտք է տեղադրել միջավայրի մը մէջ, որ կը համընկնի իր կազմաւորման տարբեր մարզերու կարիքներուն եւ կը գոհացնէ զանոնք: Ապա, իրերայաջորդ տարիքային բաժանումներով, մանուկներն ու պատանիները պէտք է դաստիարակւին եւ զարգանան իրենց ինքնութիւնը խարսխող եւ հոգեընկերային առողջութիւնը խթանող միջավայրի մէջ: Հայ դպրոցը կը ձգտի կատարելու այս բոլորը՝ աւելի վեր դասելով զանոնք քննութիւններու նիշերէ եւ յայտարարւող ու ծափահարւող յաջողութիւններէ, որոնք մօտ ատենէն ժամանակավրէպ պիտի դառնան եւ յարափոփոխ աշխարհի յարափոփոխ չափանիշներուն հետ «քայլ պահելու» հեւքով կլանւած՝ ամբողջովին պիտի կերպարանափոխւին: Միա՛յն ասոնց վրայ հիմնելով գոյութենական նպատակները եւ ինքնագոհ ինքնագովութեամբ յառաջ երթալը ո՛չ անհատը, ո՛չ ալ հաւաքականութիւնը առջեւ կը տանի:
Հայ դպրոցը հարազատ միջավայրն է հայ մանուկին եւ պատանիին, եւ այդ հարազատութեան արդար իրաւունքն ու բարեբեր նպաստը ոչ ոք իրաւունք ունի խլելու անոնցմէ: Մեր զաւակները հայ դպրոց ուղղելը ո՛չ ստիպողականօրէն արտայայտւող հայասիրութենէ, ո՛չ ալ մետասաներորդ ժամուն փոխանցւած համոզիչ խօսքերու եւ փառաբանական մղումներու ազդեցութեան տակ պէտք է ըլլայ:
Հայ դպրոցը յոյսի՛ միջավայր է՝ բոլոր անյոյս վիճակներուն եւ բացասական իրականութիւններու դէմ իրակա՛ն գործ տանող: Հոն պիտի մարզւին ու զարգանան միտք եւ հոգի, ամբարւին ժամանակակից աշխարհին մէջ թիավարելու անհրաժեշտ գիտելիք եւ գիտութիւն, շաղախւին հաճելի եւ օգտակար հմտութիւններ, կերտւին՝ ազնիւ նկարագիր, ապահով եւ ուրախ հոգեվիճակ, զգացումներու հաւասարակշիռ դրոյթ, կացութիւններն ու իրադրութիւններրը վերլուծելու խելահաս մօտեցում եւ լաւին ձգտելու կամք ու ջանասիրութիւն:
Եւ այս բոլորը՝ յանուն անհատական եւ հաւաքական յոյսին:
«Ազդակ»