Այնճարի հիմնադրութեան 85-ամեակի առիթով. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը հովւապետական այցելութիւն է կատարել Այնճարի հայկական աւան
«ԱԼԻՔ» – Լիբանանաի Այնճար աւանի հիմնադրութեան 85-ամեակի առիթով, սեպտեմբերի 15-ին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա կաթողիկոսը հովւապետական այցելութիւն է կատարել Այնճար: Այս մասին տեղեկանում ենք Կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւնից:
«Տարւան վերջին տաղաւար (մեծ, աւագ) տօնը մեր Տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի սուրբ խաչին վերացումին տօնն է (Վերացման Սուրբ Խաչ)։ Այս տօնին կը յիշատակւի Լիբանանի մէջ հաստատւած Այնճար աւանին հիմնադրութեան տօնը, որովհետեւ Սուրբ Խաչին շնորհիւ այնճարցիք փրկւեցան թուրքին եաթաղանէն։
Արդարեւ, 2024 տարին կը զուգադիպի Մուսա լեռան հերոսամարտի 109-րդ եւ Այնճարի հիմնադրութեան 85- ամեակներուն, որոնց տօնակատարութեանց շրջագծին մէջ տեղի ունեցան բազմաթիւ մշակութային ձեռնարկներ՝ շեշտելով Այնճարին հայկականութիւնը եւ աւանը առաւել եւս հայկականացնելու ու անոր բարքերն ու աւանդութիւնները պահելու ու պահպանելու այնճարցիին վճռակամութիւնը։ Այս առիթով, կիրակի, սեպտեմբերի 15-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Սրբազնագոյն Հայրապետը կատարեց շնորհաբաշխ Հովւապետական այցելութիւն մը Այնճարի հայկական աւան. տեղւոյն Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի մատուցման արարողութեան, իր Հայրապետական պատգամը յղեց հաւատացեալ ժողովուրդեան եւ կատարեց մատաղի օրհնութիւնը։ Օրւան պատարագիչն էր Բեքայի հոգեւոր տեսուչ Տ. Անանիա ծ. վրդ. Գուճանեան։
Այնճարի մուտքին Վեհափառ Հայրապետը դիմաւորւեցաւ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Տ. Շահէ արք. Փանոսեանի, քաղաքապետ Վարդգէս Խոշեանի, Ազգային իշխանութեան անդամներուն, Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան անձնակազմին, հոգեւոր հայրերու եւ լիբանանահայ համայնքի կազմակերպութիւններու, կառոյցներու ու մարմիններու ներկայացուցիչներուն կողմէ։ Շնորհաբաշխ հովւապետական այցելութեան ընթացքին Նորին Սուրբ Օծութեան շքախումբին մաս կը կազմէին կաթողիկոսարանի Քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժանմունքի վարիչ Տ. Ստեփանոս ծ. վրդ. Փաշայեան, Դպրեվանքի տեսուչ Տ. Պարոյր վրդ. Շէրնէզեան, կաթողիկոսարանի Տեղեկատւական բաժանմունքի տնօրէն Տ. Յովակիմ վրդ. Բանճարճեան, գաւազանակիր Տ. Սարգիս վրդ. Աբրահամեան եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի համաատենապետ Ստեփան Տէր-Պետրոսեան։
Այնճարի մուտքին աւանդական աղի ու հացի օրհնութենէն ետք, Հայրապետական թափօրը ուղղւեցաւ եկեղեցի, ուր Արամ Ա կաթողիկոս օրւան պատգամը փոխանցեց հաւատացեալներուն։
Առաջին հերթին բարի գալստեան խօսք արտասանեց թեմի առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Ողջունելէ ետք Հայրապետին ներկայութիւնը Լիբանանի հայոց թեմէն ներս եւ ի մասնաւորի Այնճարի մէջ, ան վստահեցուց, որ այս այցելութիւնը առիթ պիտի ըլլայ նոր ոգեւորութիւն ներշնչելու Մուսա Լեռան շառաւիղներուն, որոնք հաղորդակից մնալով իրենց հայրերու կերտած փառքին՝ կը շարունկեն կորովով արմատ ու ճիւղ արձակել հայու քրտինքով նւիրականացած այս հողին վրայ։ Շարունակելով իր խօսքը՝ Շահէ արքեպիսկոպոս յայտնեց, որ Այնճարը իր ծոցին մէջ կը հաւաքէ մեր ժողովուրդի զաւակները, որպէսզի սերունդները ճանչնան իրենց հայրերուն մեծագործութիւնը եւ անոնց օրինակին հետեւելով՝ ազգի վերելքին ու ամրութեան համար անձնւիրաբար ընծայեն իրենց կարելիութիւնները։ Աւարտին, Սրբազան Հայրը աղօթք բարձրացուց առ Աստւած, որ բեղուն ու ծաղկուն պահէ Հայրապետին կեանքն ու աշխատանքը, որպէսզի իրմով շարունակենք տեսնել աւելի լայն հորիզոններ ու քաջութիւն գտնել մեր կեանքին համար, եւ հրաւիրեց Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր Հայրապետական պատգամը ուղղելու մեր ժողովուրդին»,- ասւում է կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։