Սփիւռք

Հայ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները խորհրդակցական առցանց նիստ գումարեցին Վեհափառ Հայրապետին հետ

Հոկտեմբերի 16-ի երեկոյեան, Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը առցանց խորհրդակցական նիստը մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ գործող հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Նիստին մասնակցեցան ՍԴՀԿ-էն` Վանիկ Տաքէսեան, ՀՅԴ-էն` Յակոբ Բագրատունի եւ ՌԱԿ-էն` դոկտ. Աւետիս Տաքէսեան: Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսութեան համահայկական խորհրդաժողովները համակարգող Շահան Գանտահարեան:

Նիստին հիմնական օրակարգը կը վերաբերէր Լիբանանի մէջ տիրող ճգնաժամային կացութեան: Յայտնենք, որ հովւապետական այցելութեամբ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան թեմ գտնւող Վեհափառ Հայրապետը խոր մտահոգութեամբ եւ ամենօրեայ դրութեամբ կը հետեւի լիբանանեան իրադարձութիւններուն:

Քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները Վեհափառին զեկուցեցին տարւող քաղաքական, կազմակերպական եւ բարեսիրական աշխատանքներուն մասին: Զեկուցումներուն ներառւած էին պետական հանդիպումները, Պքերքէի մէջ կայացած հոգեւոր պետերու վեհաժողովին արծարծւած հարցերը, հայահոծ թաղամասերու թէ Այնճարի մէջ գաղթականներու կացութիւնն ու անոնց նկատմամբ տարւող օժանդակութեան աշխատանքները:

Այնուհետեւ քննարկումի կարգով արծարծւեցան տարածաշրջանային կացութիւնը, պատերազմական գործողութիւնները, անոնց ծանր հետեւանքները, միջազգային ընտանիքին վերաբերումը, ՄԱԿ-ի թիւ 1701 որոշումի գործադրութեան ներկայ պայմանները, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն դէմ Իսրայէլի կատարած յարձակումները եւ այս բոլորին մէջ ու մինչ այժմ զինադուլի անհաւանականութիւնը:

Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց հայ քաղաքական կուսակցութիւններու յաճախակի հանդիպումներուն եւ միացեալ խորհրդակցութիւններուն համար, շեշտեց լիբանանահայութեան միասնականութեան պահպանման անհրաժեշտութիւնը եւ յատուկ կերպով անդրադարձաւ նաեւ իբրեւ լիբանանահայեր` իրենց համաքաղաքացի գաղթականներուն օժանդակութիւն հասցնելու անհրաժեշտութեան:

«Ցեղասպանութենէն վերապրած եւ լիբանանեան ասպնջականութեան արժանացած լիբանանահայութիւնը գիտէ՛ այսօր ցեղասպանական արարքներու ենթարկւող իր համաքաղաքացիներուն ձեռք երկարելէ, հաստատեց Վեհափառը եւ գնահատեց լիբանանահայ քաղաքական մարմիններուն այս ուղղութեամբ տարած աշխատանքը:

Վեհափառը խօսեցաւ նաեւ Իսրայէլի սանձազերծած յարձակումներուն դիմաց Միացեալ Նահանգներու մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակին եւ այս առումով Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական դէմքերու հետ իր արծարծած հարցերուն մասին:

Նիստի աւարտին Վեհափառ Հայրապետը թելադրեց շարունակել քաղաքական կուսակցութիւններու աշխատանքային համատեղ նիստերու գումարումը` յորդորելով, որ նման խորհրդակցական նիստեր յառաջիկային եւս կայացւին:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button