ՍփիւռքՔաղաքական

Բագրատունի այցելեց վարչապետի պաշտօնակատար Միքաթիի

ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հոկտ. 17-ին հանդիպում ունեցաւ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Տեսակցութեան ընթացքին Յակոբ Բագրատունի արժեւորեց ներկայ դժւարին պայմաններուն մէջ վարչապետ Միքաթիի տարած աշխատանքները թէ՛ ներլիբանանեան, եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան շեշտեց նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անյետաձգելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտի առաջնորդւող գաղթականական զանգւածային երեւոյթի պարտադրած օժանդակութիւններու Լիբանան առաքման հրամայականը:

Վարչապետ Միքաթի իր հերթին ներկայացուց իր ճիգերը միջազգային ընտանիքին մօտ Լիբանանին զօրակցութիւն ապահովելու առումով եւ Իսրայէլի ոճրային ու ցեղասպանական ոճիրներուն դիմաց անտարբերութեան պատը քանդելու նպատակով Բէյրութի կողմէ տարւող քաղաքականութիւնը:

Հանդիպման աւարտին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շղթայազերծւած պատերազմին, միջազգային ընտանիքի լռութեան, համաշխարհային անտարբերութեան եւ Իսրայէլի կողմէ իրերայաջորդ ու մագլցում արձանագրող ոճիրներուն լոյսին տակ, մեր առաջնահերթութիւնը միշտ երկիրն ու ժողովուրդն են` ներկայ փուլին մէկդի ձգելով տարբեր կարծիքները կամ տարակարծութիւնները, եւ այն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք ձեռքի տալ` մեղմացնելու համար տառապանքը, եւ հասնիլ երկրի մը, հայրենիքի մը, որ արժանապատւութեամբ ու հպարտութեամբ կապրի:

«Մեկնելով ասկէ, վարչապետի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Բըրրիի հետ Լիբանանին հոգալու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութենէն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն սկսող լուծումներ գտնելու անոր ջանքերը գնահատելու համար էր:

«Վարչապետի պաշտօնակատարը շարունակ Լիբանանէն ներս թէ դուրս կը գործէ, սակայն անոր դիմաց արտասահմանէն որեւէ հետաքրքրութիւն չենք տեսներ: Բայց եւ այնպէս, կը յուսանք, որ վարչապետի պաշտօնակատարի ջանքերը ներկայ փապուղիին մէջ որոշ լոյսի մը կը հասնին:

«Հոկտեմբերի 17-ին  գումարւած հոգեւոր վեհաժողովէն ետք, պէտք է բոլորս մեր խիղճը քննենք, վերատեսութեան ենթարկենք մեր հաշիւները, մտածենք Լիբանանի ապագային մասին եւ բոլորս զինադադար, բանակի տեղակայում ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն պահանջենք»,- աւելցուց Բագրատունի:

«Ազդակ»

Related Articles

Back to top button