Հայ հոգեւոր պետերն ու քաղաքական կուսակցութիւնների ներկայացուցիչները շեշտել են համակարգւած աշխատանքներիշարունակութեան հրամայականը
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետին հրաւէրով, Հայ հոգեւոր պետերու եւ Լիբանանի հայ քաղաքական կուսակցութիւններու մարմիններու, ինչպէս նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիկոյ կաթողիկսութեան Ազգային Կենտրոնական վարչութեան Քաղաքական ժողովի դիւանի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ, խորհրդակցական նիստ գումարուեցաւ ուրբաթ, 22 նոյեմբերի 2024-ին, Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ։
Խորհրդակցութեան հիմնական թեման Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակն էր եւ անկէ բխած հետեւանքներու դիմագրաւման հաւանական միջոցները։
Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետը բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ընդգծեց, որ հոգեւոր պետերու միջեւ խորհրդակցութիւններն ու անկէ բխած յայտարարութիւնները հետեւողական բնոյթ ունին եւ կարծարծեն համայն հայութեան վերաբերող խնդիրներ։ Այս առումով ան յատուկ կերպով լուսարձակի տակ առաւ երեք հոգեւոր պետերու միացեալ յայտարարութիւնը, որ COP29-ի առիթով Արցախի ժողովուրդի իրաւունքներու վերականգնման, անոր հաւաքական վերադարձի հրամայականին եւ Բաքւի մէջ պահուող հայ գերիներու ազատ արձակման պահանջքին սկզբունքային կէտերը ներառած էր։ Վեհափառ Հայրապետը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ամսական հերթականութեամբ կը գումարեն խորհրդակցական հանդիպումներ՝ համայնքի խնդիրները միասնաբար քննարկելով։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պետ Ն.Ա.Տ. Ռաֆաէլ-Պետրոս ԻԱ. Հոգեւոր Տէրը անդրադարձաւ Վատիկանի մէջ հայկական գործօնին, Հայաստանի եւ ընդհանրապէս Լիբանանին ու քրիստոնեայ համայնքներուն վերաբերող աշխատանքներուն՝ շեշտելով Վատիկանի եկեղեցական շրջանակներուն եւ եւրոպական ու ասիակական ցամաքամասերուն մէջ հայ երեք հոգեւոր պետերուն միացեալ յայտարարութեան գտած լայն հնչեղութիւնը։ Հոգեւոր Տէրը կարեւոր նկատեց կրթական մարզին կազմակերպման եւ օժանդակութեան հարցը՝ Լիբանանի մէջ տիրող պայմաններու լոյսին տակ։
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի նախագահ Վերապատուելի դոկտ․ Փօլ Հայտոսթեան զուգահեռ գծեց Արցախի եւ Լիբանանի նկատմամբ եկեղեցական շրջանակներուն ու միջազգային խորհրդաժողովներուն ցուցաբերած հետաքրքրութեան տարողութիւններուն միջեւ եւ կենտրոնացաւ Միջին Արեւելքի քրիստոնեայ ազգաբնակչութիւններուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող մօտեցումներուն վրայ։
Այնուհետեւ, յետխորհրդակցութիւններու ու քննարկումներու, ժողովականները շեշտեցին.
-Անհրաժեշտ է նոյն հետեւողականութեամբ եւ հերթականութեամբ շարունակել միասնական համակարգւած աշխատանքը՝ քննարկելու համար Լիբանանի հայ համայնքին դիմակայած անվտանգային, ընկերային ու տնտեսական դժւարութիւնները յաղթահարելու միջոցները։
-Հետզհետէ ահագնացող գաղթականական ալիքին դիմաց բարեսիրական կազմակերպութիւններու ճամբով շարունակել օժանդակութեան աշխատանքները։ Այս առումով ողջունելի է միջբարեսիրական խորհրդակցութիւններն ու անոնց տարած աշխատանքները հայահոծ թաղամասերու շրջակայքը հաստատւած գաղթականութեան կարիքներուն օժանդակելու։
-Առաջնահերթութիւն նկատել լիբանանահայ համայնքի կրթական ու միութենական կառոյցները՝ զանոնք նկատելով համասփիւռքեան առումով մարդուժի արտադրութեան կարեւորագոյն կենտրոնները։
-Խորհրդակցութեան հանդիպումի մանակիցները անյետաձգելի նկատելէ ետք զինադուլի հաստատումն ու նախագահի շուտափոյթ ընտրութիւնը, 22 նոյեմբերին առիթով ողջունեցին Լիբանանի անկախութեան տօնը՝ շեշտելով Լիբանանի տարածքային ամբողջականութեան ու գերիշխանութեան պահպանման եւ այդ առաջադրանքներուն համար ներքին համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մամլոյ ծառայութիւն