Սփիւռք

Տեղեկանք Քեսապի մասին

Քեսապի ապահովական կացութիւնը հանդարտ է, բայց զգալի է որոշակի անորոշութեան մթնոլորտ։ Գիւղական գործի եղանակ չըլլալով եւ ձմեռ ըլլալով՝ ժողովուրդին մեծամասնութիւնը օրւան մեծ մասը կանցնէ տունէն ներս։ Դպրոցները կը մնան փակ։

Դէպի Լաթաքիա եւ հակառակ ուղղութեամբ երթեւեկութիւնը թոյլ է։

Գրեթէ բոլոր ընտանիքները ապրուստի հոգ ունին այս կամ այն չափով։ Այս տարւան պտղաբերքը գոհացուցիչ չէր, որով շատ ընտանիքներ արդէն քիչ եկամուտ ունեցած էին։ Մագլցողական սղաճը վիճակը աւելիով վատթարացուցած էր, իսկ վերջին իրադարձութիւններու բերումով մարդիկ սկսած են ալ աւելի խնայողութիւն ընել՝ գալիք օրերու հաշիւը ընելով։ Մարդիկ գրեթէ առանց բացառութեամբ ձմեռնային որոշ պաշար ունին՝ իրենց սեփական պարտէզներու բերքէն պատրաստւած։

Խանութներու մէջ ապրանք կայ, սակայն ոչ նախկին առատութեամբ։

Երկու անգամ ժողովուրդին հաց բաշխւեցաւ երկրի ներկայ կառավարիչներուն կողմէ։

Միութենական կեանքը սառած վիճակ կը պարզէ։

Կան Հալէպէն Քեսապ կայք հաստատած ընտանիքներ։ Ս. Աստւածածնայ Թաղական խորհուրդի քով արձանագրւած են ինը ընտանիք։

Չարձանագրւողներ ալ կան։ Բոլորն ալ հոս ունին սեփական տուն, կամ իջեւանած են հարազատներու մօտ, եւ որոնք մտադիր են առաջին առիթով վերադառնալ Հալէպ։

«Գանձասար»

Related Articles

Back to top button